Քեսապի Տագնապը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անմիջական Ուշադրութեան Առարկայ

logoԱնցնող օրերուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մտահոգութեամբ հետեւեցաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինուորական դէպքերու սաստկացման եւ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ արձանագրուած թրքական նորագոյն ոտնձգութիւններուն, որոնց համար սուղ գին վճարեց հայաբնակ Քեսապ աւանը իր շրջակայ գիւղերով:

Քեսապի շուրջ ծաւալած զինուորական գործողութիւններու առաջին ժամերէն իսկ Կեդրոնական կոմիտէն մնայուն կապի մէջ եղաւ Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ Հալէպի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ` իրազեկ դառնալու համար դէպքերու զարգացման ընթացքին եւ Քեսապի հայութեան սպառնացող վտանգներուն:

Միաժամանակ, Կեդրոնական կոմիտէն քաղաքական բարձրագոյն մակարդակի յարաբերութիւններ հաստատեց ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս Քեսապի մեր ժողովուրդին անվտանգութեան ապահովման համար:

Կեդրոնական կոմիտէն մօտէն քննեց իր բնօրրանէն հեռացուած Քեսապի հայութեան կարիքները եւ, Սուրիոյ պատասխանատու մարմիններուն հետ գործակցաբար, ձեռնարկեց կարգ մը քայլերու` տագնապահար մեր ժողովուրդին կարիքները բաւարարելու համար: Այս իմաստով, Կեդրոնական կոմիտէն արտակարգ նիստի հրաւիրեց սուրիահայութեան օժանդակութեան իր մարմինը եւ անոր կատարեց անհրաժեշտ թելադրանքներն ու ցուցմունքները` Քեսապի հայութեան գործնական աջակցութեան ցուցաբերման համար:

Կեդրոնական կոմիտէն աչալրջութեամբ հետեւեցաւ նաեւ Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին լիբանանեան թէ հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած արձագանգներուն եւ մտահոգութեամբ արձանագրեց կարգ մը տեղեկատուութիւններու անճիշդ եւ խեղաթիւրեալ ըլլալու երեւոյթը: Այս առիթով, Կեդրոնական կոմիտէն շեշտեց դէպքերուն մեկնաբանական առողջ եւ զուսպ մօտեցում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել