«Ազդակ» ի Խմբագրական. Ճգնաժամային Տեղեկատուութիւն

ազդակՀալէպէն ու Դամասկոսէն մինչեւ Խրիմ, անցնելով Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն վերադառնալու համար Քեսապ, ապահովական ցնցումներն ու անոնց զուգակցուած քաղաքական իրադարձութիւնները մեկնաբանելը հայկական լրատուական ոսպնեակներուն համար յաւելեալ ճիգ, կեդրոնացում, մաքրազտման մեքենականութիւն եւ արհեստավարժ համապատասխան աշխատանք կը պահանջէ:

Ոչ միայն այն պարզ պատճառով, որ այս թէժ կէտերը առնչուած են նաեւ հայկական գործօնին հետ. կամ ալ այն բնական մղումի բացատրութեամբ, որ այնտեղ կան հայկական համայնքներ:

Քաղաքագիտական անառարկելի տեսութիւն է, որ պատերազմներուն կ՛ընկերակցի տեղեկատուականը եւ յատուկ ծառայութիւններ լրատուականներուն ետին կանգնած կը ղեկավարեն այդ ոլորտի պատերազմը: Այս տեսութիւնը միայն պատերազմներու պարագային չէ, ընդհանուր հասկացողութիւն է. պարզապէս թէժացումը բնականաբար կ՛արձանագրուի լարուած իրավիճակներու կամ ռազմական ընդհարումներու ընթացքին:

Հայկական կողմին համար ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը անպայման նկատի պիտի ունենայ բազմագործօնային հանգամանքներ: Նախ այն անշուշտ, որ պիտի սահմանազատէ քարոզչականը լրատուականէն: Անկախ մամուլ հասկացողութիւնը այսօր հեքիաթային բնութագիր ունի, եւ որեւէ լրատուամիջոց իր առջեւ գերխնդիր չէ դրած միայն ճշմարիտը զուտ առարկայականը ընթերցող լսարանին հասանելի դարձնելու հրամայականը: Ասիկա բացառապէս տեսութիւն է, որ որեւէ առարկայացում չի գտներ որեւէ միջավայրի մէջ: Խնդիրը ուրեմն հնարաւոր առարկայականութիւնը պահելու հմտութեան մէջ կը կայանայ: Քարոզչական հզօր մեքենաներու արտադրանքներուն ուղղուածութիւնը հասկնալու, քարոզչական թիրախը ըմբռնելու եւ ըստ այնմ լուրի վերարտադրման չափը ճշդելու եւ տալու: Յաճախ այնքան համատարած տարողութիւն կը ստանայ այդ արտադրանքի լրագրական շուկայացումը, որ դժուար կը թուի շուկայի ճշդած օրինաչափութենէն հեռու մնալու փորձութիւնը: Այսպէս է, որ Սուրիոյ դէպքերուն լուսաբանման խաղի կանոնները, յաճախ ճշդուած Արեւմուտքէն, երբեմն Ռուսիայէն, կը գրաւեն տեղեկատուական տարածքները:

Կը պատահի այս թոհուբոհին մէջ , որ լրատուական կողմնակի թիրախի կը վերածուի հայութիւնը: Ընդհանրապէս խուճապային իրավիճակներու մատնելու նպատակը հետապնդող ապատեղեկատուութիւնները տարբեր աղբիւրներ ունին: Երբեմն անորոշ կայքեր կը մէջբերուին, այլ պարագաներու յղում կը կատարուի տուեալ լրատուամիջոցի, որուն սկզբնաղբիւրն ու պատկանելիութիւնը անյստակ կ՛ըլլան` ոլորապտոյտի մէջ ձգելով լուրին վաւերականութիւնը ստուգել փորձող մամուլի որեւէ ներկայացուցիչ: Մինչ այդ, սակայն, լուրը կը կրկնօրինակուի, կը պատճէնահանուի, երբեմն ալ կը համեմուի ցանկալի մեկնաբանութիւններով եւ շրջանառութիւնը կը բազմապատկուի: Բացառուած չէ այս պարագաներուն, որ շրջանառութեան մէջ դնող ու անմիջապէս անյայտացող լրատուամիջոցը մեր հակառակորդներուն ուղղակի կամ անուղղակի ներշնչումը ունեցած ըլլայ:

Նման օրինակները բազմաթիւ են: Ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը յատկապէս հայկական լրատուամիջոցներուն համար արագ ու զգայացունց ըլլալու մղումներով պէտք չէ յատկանշուի: Այստեղ կայ իրավիճակին տէր կանգնելու, խուճապային տրամադրութիւններու ստեղծման առաջքը առնելու, զուսպ ու հաւասարակշիռ մօտեցումի վարքագիծը որդեգրելու եւ մանաւանդ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն անվտանգութիւնը գերադասելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայկական ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը ինքնակազմակերպուելու, աշխատակարգ ճշդելու անմիջական անհրաժեշտութեան առջեւ է: Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ Խրիմէն մինչեւ Քեսապ եւ տակաւին այլ հայաշատ միջավայրեր հայկական գործօնի հետ առնչուած լրատուութիւններ ներկայացնելու եւ մեկնաբանելու նուրբ խնդիր ունի հայ տեղեկատուադաշտը տակաւին երկար ժամանակ: Մինչ այդ հայութեան կապուած որեւէ լուրի վաւերականութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը ստուգելու համար բացառապէս պէտք է յենիլ տեղւոյն հայկական պաշտօնական լրահոսի փոխանցած տեղեկատուութեան վրայ` այնտեղ նկատելու համար ճշդուած շեշտադրումները, տարողութիւններն ու չափերը: Ամպագոռգոռութենէ, զգացականութենէ եւ մանաւանդ քարոզչական առաւելներ շահելու փորձութիւններէ հեռու մնալը այս պարագային ոչ միայն լրագրական օրինաչափութիւն է, այլ նաեւ անվտանգութեան հետ կապուած լրջագոյն խնդիր:

aztagdaily.com

Տպել Տպել