Քեսաբի հարցով բողոքի ակցիա՝ Ֆրանսիայում Թուրքիայի դեսպանատան առջեւ

BFCA-LogoԱնցնող օրերուն, Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հայկական Քեսապ աւանին դէմ շղթայազերծուած յարձակումը` այսպէս կոչուած ընդդիմադիր ժիհատական ուժերուն կողմէ, ուղղակիօրէն հովանաւորուած եւ օժանդակուած Թուրքիոյ կողմէ, դատապարտումի եւ ընդվզումի մեծ ալիք բարձրացուց հայաշխարհին մէջ` Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներ:

Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը, Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Նոր Սերունդը իրենց կարգին անմիջապէս դիմեցին տարբեր նախաձեռնութիւններու:

Անկախաբար ֆրանսական մամուլին, քաղաքական կուսակցութեանց, հասարակական, ակադեմական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղուած հաղորդագրութիւններու, գրաւոր պահանջ ներկայացուեցաւ Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի իւրաքանչիւր անդամի` պահանջելով միջազգային ճնշում բանեցնել, որպէսզի անյապաղ դադրեցուի հակահայ այս քանդիչ ու արիւնալի յարձակումը, ինչպէս նաեւ Քեսապէն հեռացուի ահաբեկչական այս խունթան:

Այս առիթով նաեւ, յառաջիկայ Երկուշաբթի 31 Մարտին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին տեղի կ’ունենայ բողոքի ժողովրդային հաւաք` թրքական դեսպանատան առջեւ, կազմակերպութեամμ Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի:

Յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն եւ քայլերուն մասին կը տեղեկացնենք պարբերաբար:

Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ Փարիզ

Տպել Տպել