Խորհրդարանի Նախագահին Կազմած Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

shaxzoyanԵրէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կազմած պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար երեսփոխաններ Եասին Ժապերէ, Միշել Մուսայէ եւ Ալի Օսէյրանէ, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին դիմաւորուեցաւ ընկերներ Յակոբ Խաչերեանի եւ Սեպուհ Յովնանեանի կողմէ:

Այցելութիւնը կ՛իյնայ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, որոնց ընթացքին կը քննարկուի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել