Գէմպրիճի մէջ կայացած Քեսապի զօրակցական հաւաքին գոյացաւ 22 հազար տոլար

CambridgeՄարտ 30-ին, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճգնաժամի մէջ յայտնուած Քեսապի հայութեան ի նպաստ զօրակցական հաւաք։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայց. Առաքելական Ս. Նշան եկեղեցւոյ, Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին կողմէ։

Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր Սուրիահայութեան օժանդակութեան Օժանդակութեան Գանատայի Կեդրոնական Յանձնախումբի ատենապետ Ժան Հալաճեան, որ զեկուցեց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։

Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեան Լաթաքիայէն ուղիղ եթերով ներկայացուց Քեսապի ներկայ կացութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին Քեսապի աջակցութեան ուղղուած նուիրահաւաքի գումարը հասաւ աւելի քան $22 000։ Նուիրահաւաքի աշխատանքները պիտի շարունակուին Գէմպրիճի մէջ։

horizonweekly.ca

31/03/2014

Տպել Տպել