Ընկ. Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան Կիպրոսի մէջ՝ Ընկերվարական Կուսակցութեան հրաւէրով

ՆԻԿՈՍԻԱ, («Արձագանգ» / ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան) – Կիպրոսի ընկերվարական ԷՏԷԿ կուսակցութեան հրաւէրով երկօրեայ այցելութեամբ Կիպրոս կը գտնուի Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահներէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մարիօ Նալպանտեանը:

Տոքթ. Վասոս Լիսարիտիսի  հետ (աջին)

Տոքթ. Վասոս Լիսարիտիսի հետ (աջին)

Մարտ 31-ի առաւօտեան ընկ. Մարիօ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ հիւրընկալ ԷՏԷԿ կուսակցութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքագէտներու աւագ սերունդի կարկառուն ներկայացուցիչ Տոքթ. Վասոս Լիսարիտիսի հետ, որ խանդավառութեամբ յիշած է 1999-ին ՀՅԴ-ի հրաւէրով Հայաստան իր այցելութիւնը:

Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարար Եոաննիս Կասուլիտիսի հետ (աջին)

Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարար Եոաննիս Կասուլիտիսի հետ (աջին)

Նոյն օրը ընկ. Մարիօ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարար Եոաննիս Կասուլիտիսի հետ, ուր քննուեցան Հայաստանն ու Կիպրոսը յուզող զանազան հարցեր: Նախարար Կասուլիտիս դարձեալ հաստատեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակը եւ յոյս յայտնեց, թէ անոնք հետզհետէ կը դառնան աւելի արդիւնաւոր: Տարածաշրջանային հարցերու կարգին քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ պարագան, երբ ընկ. Մարիօ Նալպանտեան նախարարի ուշադրութեան յանձնեց ծայրայեղականներու յարձակումներուն թիրախ դարձած Քեսապի պարագան, ուր թրքական պետութեան մեղսակցութիւնը ակնյայտ է:

Կիպրոսի խորհրդարանի եւ ԵՏԷԿ կուսակցութեան նախագահ Եաննակիս Օմիրուի հետ (ձախին)

Կիպրոսի խորհրդարանի եւ ԵՏԷԿ կուսակցութեան նախագահ Եաննակիս Օմիրուի հետ (ձախին)

Ընկ. Մարիօ Նալպանտեան ապա ընդունուեցաւ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան եւ ԵՏԷԿ կուսակցութեան նախագահ Եաննակիս Օմիրուի կողմէ: Հանդիման ընթացքին քնուեցան Կիպրոս-Հայաստան խորհրդարանական կապերը, որոնք բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին: Խորհրդարանի նախագահը տեղեկութիւններ տուաւ կիպրական հարցի լուծման բանակցութիւններու ներկայ փուլին մասին, միեւնոյն ատեն յայտնելով իր մտահոգութիւնները որոշ զարգացումներու նկատմամբ: Երկուստէք շեշտուեցաւ նաեւ ԷՏԷԿ-ՀՅԴ միջ-կուսակցական յարաբերութիւններուն նոր թափ տալու եւ համագործակցութեան ծրագիրներու իրագործման անհրաժեշտութիւնը:

Կէսօրէ ետք ընկ. Մարիօ Նալպանտեան տեսակցութիւն ունեցաւ ԷՏԷԿ-ի կնոջական բաժնի պատասխանատուներուն հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի կազմին հետ, ուր քննարկուեցան երկու երկիրները յուզող տարածաշրջանային զանազան հարցեր եւ միջազգային քաղաքական զարգացումներ:

Այսօր՝ Ապրիլ 1-ին, ընկ. Մարիօ Նալպանտեան պիտի շարունակէ իր հանդիպումները: Երեկոյեան, այցելութեան պաշտօնական բաժնի աւարտին, ընկերը պիտի հիւրընկալուի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ, ուր ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի հրաւէրով տեղի պիտի ունենայ համայնքային հաւաք, առիթ ընծայելով որ ընկ. Մարիօ տեղեկութիւններ փոխանցէ հայաշխարհի անցուդարձերուն ու յատկապէս Քեսապի մասին ու պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն:

Տպել Տպել