Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00էն 2:00, անսալով ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի կոչին, լիբանանահայութիւնը Լիբանանի ամբողջ տարածքին դիմեց գործադուլի եւ դասադուլի` առ ի զօրակցութիւն քեսապահայութեան եւ առ ի բողոք Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու Քեսապ թափանցումին, որ տեղահան ըրաւ ամբողջ քեսապահայութիւնը:
Լիբանանահայութիւնը այս ձեւով միացաւ աշխարհի տարածքին, Երեւանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա եւ Աւստրալիա, կազմակերպուող բողոքի ցոյցերուն, ուր պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ահաբեկիչ տարրերու զինումին, ֆինանսաւորման եւ թափանցման գործողութիւններու կազմակերպման աշխատանքները նախաձեռնելու մէջ:
Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միացեալ կեցուածքը այս առումով կ՛արժանանայ համապատասխան ուշադրութեան: Երբ հարցը կը վերաբերի հայկական շրջանի մը տեղահանութեան, մանաւանդ երբ այդ գործողութիւններու ետին կը կանգնի թշնամին, լիբանանահայութեան ազգային քաղաքական ղեկավարութիւնը կ՛որդեգրէ միացեալ կեցուածք եւ կը դիմէ միացեալ քայլերու:
Եւ եթէ գործադուլն ու դասադուլը ներգաղութային մակարդակէն անդին գրաւեցին նաեւ լիբանանեան լրատուամիջոցներու եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը, ապա անոնց հետեւող բողոքագիրի տարածումը` տարբեր պետութիւններու 62 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, բողոքի նախաձեռնութեան ապահովեց քարոզչական-յարաբերական բնոյթ: Արդարեւ, հայ ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը տենդագին նուիրուելով այս աշխատանքին, Քեսապի հարցին էութիւնը բացատրող եւ թրքական դերակատարութիւնը շեշտող բողոքագիրներ հասցուց օտարերկրեայ դեսպանատուներուն:
Լիբանանահայութեան օրինակելի քարոզչաքաղաքական այս կեցուածքը սուրիահայութեան եւ յատկապէս այս օրերուն քեսապահայութեան օժանդակութեան եւ զօրակցութեան ընդհանուր աշխատանքին մաս կազմող կարեւոր շղթայ է, որ անպայման կ՛ունենայ իր հետեւանքը հարցի հետապնդման եւ անոր միջազգայնացման` աշխարհի տարածքին տարուող ճիգերուն մէջ:
Լիբանանահայութիւնը Փակ Պահեց
Վաճառատուները, Գործատեղիները
Եւ Վարժարանները

Ընդառաջելով հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու կոչին եւ առ ի զօրակցութիւն քեսապահայութեան, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-էն 2:00, լիբանանահայութիւնը իր բոլոր հատուածներով, յարանուանութիւններով ու միութիւններով գործադրեց համատարած գործադուլ:
Բողոքելով Թուրքիոյ աջակցութեամբ արմատական զինեալներու Քեսապի վրայ կատարած յարձակումին դէմ, լիբանանահայերը հայահոծ շրջաններուն մէջ փակ պահեցին իրենց վաճառատուներն ու գործատեղիները: Լիբանանահայ վարժարանները եւս միացան գործադուլին: Կարգ մը վարժարաններու մէջ աշակերտներ` իրենց ուսուցիչներուն օժանդակութեամբ բարձրացուցին Քեսապի զօրակցութեան պաստառներ: Այս վարժարաններու մէջ աշակերտներուն ներկայացուեցան զեկուցումներ` Քեսապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին:
Հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ կիրակի օր լիբանանահայութեան ուղղուած կոչին մէջ ի միջի այլոց կը նշուէր. «Անմարդկային այս սադրանքին նկատմամբ դատապարտումի եւ բողոքի ալիքը օրէ օր կը ծաւալի եւ քեսապահայութեան նկատմամբ դրսեւորուած զօրակցութիւնը կը ստանայ համահայկական տարողութիւն: Հայութիւնը կը փորձէ հաւաքական եւ միասնակամ ճիգերով դիմակալել հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն կերտած այս հայկական շրջանին մեծ մարտահրաւէրը եւ անսալ քեսապահայութեան կարիքներուն ու քարոզչական եւ դիւանագիտական լայնածիր աշխատանքով ճիգ չխնայել երաշխաւորելու բնակչութեան բնօրրան վերադարձը»:
Երէկ լիբանանահայութիւնը այս կոչին անսալով միացաւ Քեսապի հետ զօրակցութեան եւ բողոքի համահայկական ալիքին:
Բողոքագիրներու Յանձնում`
Դեսպանատուներուն
Երեքշաբթի, 1 ապրիլ 2014-ին լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան որոշումով տեղի ունեցաւ գործադուլ, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ 2:00, լիբանանահայութեան զօրակցութիւնը յայտնելու ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ մասնաւորաբար քեսապահայութեան եւ դատապարտելու Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Քեսապի վրայ տեղի ունեցող յարձակումին ու անոր հայաթափման մէջ:
Գործադուլին զուգահեռ, կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններուն` ՍԴՀԿ Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ ՌԱԿ «Մկրտիչ Փորթուգալեան» ակումբին, տեղի ունեցաւ բողոքագիրներու յանձնում` Լիբանանի մէջ գործող 62 դեսպանատուներու: Արդարեւ, միութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւններ այցելեցին դեսպանատուները եւ յանձնեցին նամակներ, ուր կ՛ըսուի. «Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր, սուրիացի ժողովուրդը կ՛ապրի մարդկային ողբերգութիւն մը: Վերջերս, Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ Քեսապ աւանին հայութիւնը տեղահանութեան ենթարկուեցաւ, երբ թրքական աջակցութիւն վայելող զինեալ խմբաւորումներ յարձակում գործեցին շրջանին վրայ: Այսպէս, 100 տարուան ընթացքին երրորդ անգամն է, որ քեսապահայութիւնը պարտադիր տեղահանութեան կ՛ենթարկուի թրքական քաղաքականութիւններու պատճառով: Մենք Թուրքիան պատասխանատու կը նկատենք որեւէ սպառնալիքի, որ կը վտանգէ քեսապահայութեան գոյութիւնն ու անոր ժառանգութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին, որպէսզի ճնշէ Թուրքիոյ վրայ, բացայայտէ անոր դերակատարութիւնը եւ ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն` ապահովելու համար հայութեան անվտանգ վերադարձը Քեսապ»:
aztagdaily.com







