«Ազատ Օր»ի Խմբագրական – Ապրի՛լ Արցախով

3Ստեփանակերտի մէջ, Մարտի վերջաւորութեան, կայացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը, որ Արցախի մայրաքաղաքին մէջ համախմբեց ՀՅԴ բոլոր շըրջաններու Կեդրոնական Կոմիտէներու, Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։

Ժողովին քննարկուած կարեւոր օրակարգերէն անկախ, կանգ պիտի առնենք առաջին անգամ ըլլալով Արցախի մէջ ժողովի գումարման հարցին, որ ինքնին կը կարեւորէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղն ու դերը՝ Արցախի համազգային նշանակութիւն ներկայացնող եւ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ։

Արցախի քաջարի հայութիւնը, իր կողքին եւ թիկունքին ունենալով ամբողջ հայ ժողովուրդը, ազգային-ազատագրական պայքարի իր խոյանքը յաջողցուցած ըլլալով, ազատ իր երկրի յաջորդ հանգրուանն է որ կը կերտէ ներկայիս։ ՀՅԴ կառոյցը Արցախի ազատագրութեան համար պայքարող ազատամարտիկի անցեալի դիրքերէն՝ ներկայիս գործօն իր մասնակցութիւնը կը բերէ միջազգային ատեաններու մօտ ընթացող նորօրեայ պայքարին, իրողական այդ ազատագրման իրաւական ու միջազգային ճանաչումը ապահովելու գծով։

ՀՅԴ համախումբ ու կենսունակ իր աշխատանքով ու փորձառութեամբ՝ իր վճռակամութիւնը կը յայտնէ օժանդակելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ուժեղացման ու ժողովուրդի ու նոր սերունդներու ապագայի երաշխաւորման։ 5

Ինչպէս գիտենք Արցախի մէջ հիմնական ծրագիրներէն է ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման հարցը, որու նիւթական յատկացումներու գումարները աւելցնելու իմաստով Նոր տարուայ սեմին կատարուեցաւ ազգային վիճակահանութեան արշաւ մը, յաջող արդիւնքի հասնելով։ Նպատակասլաց տարբեր տեսակի ծրագիրներ եւս ուղղուած են ժողովուրդը աշխատանքով ապահովելու եւ մարդոց կենսամակարդակը բարելաւելու նպատակին։111

Բնակարանաշինութիւն, գիւղատնտեսութեան զարգացում, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ձեռքբերումներ , ինչպէս նաեւ կրթական-ընկերային ծրագիրներ, որոնց մէջ յայտնի է ամբողջ հայութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Հանրապետութեան բնականոն ընթացքը ապահովելու հսկայական այս ճիգը կը տարուի Ատրպէյճանի կողմէ հետզհետէ աւելի շեշտացող ապակառուցողական քայլերու ճնշման տակ։

Ահաբեկչական քաղաքականութիւնը պետական մակարդակով գործադրող այդ երկիրը կþօգտագործէ նաֆթի ու կազի շահագործումէն ձեռք ձգած հսկայական գումարները, օտար պետութիւններուն մօտ ապատեղեկատուական իր աշխատանքը տարածելով, յատկապէս մշակոյթի եւ ընկերային մարզերը օգտագործելով ու փորձելով ինքզինք հաստատել քաղաքակրթուած երկիրներու շարքին, սուտն ու կեղծիքը հրամցնելով ճշմարտութեան դէմ անտարբեր՝ հնազանդ ականջներու։ 2

Քաղաքական լարուած մթնոլորտի այս ժամանակաշրջանին, ուր յարափոփոխ վիճակներ միջազգային նոր քաղաքականութիւններու առիթներ կուտան, յստակ կը դառնայ միախմբուածութեան արժէքը։

Այս իմաստով ալ, Ստեփանակերտի մէջ գումարուած ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովին առիթով, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որ մշտական իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ճանաչման գործին մէջ։ Տարբեր ալ կարելի պիտի չþըլլար շարունակել պայքարով սկսած գործը, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի կողմէ բանաձեւուած է շատ խորհրդանշական՝ «Մենք Արցախ չենք այցելել, մենք ապրում ենք Արցախով» խօսքերով։

azator.gr

Տպել Տպել