Ջաւախքի Շաբթուան Ծիրին Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Մասնակցեցաւ Ջաւախքի Եւ Յարակից Հայօճախներու Իրավիճակը Պարզող Ձեռնարկներուն

javakhk1-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք – Արցախ – Հայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբին նախաձեռնած ու կազմակերպած «Ջաւախեան շաբաթ»-ի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 4 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի նուիրուած ժողովրդային ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ երիտասարդական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հայրենասէր ազգայինններու:

ՋԱՀ-ի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Արին Գալուստեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Ջաւախքի պատմականը, արդի իրավիճակն ու անոր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:

«Պատմութեան ընթացքին Ջաւախք բազմաթիւ անգամներ ենթարկուած է վրացական, արաբական, մոնկոլեան, պարսկական, ռուսական եւ թրքական տիրապետութեան, սակայն երբեք չէ կորսնցուցած իր հայկական ինքնութիւնը», ըսաւ Գալուստեան` նշելով, որ համաշարհային առաջին պատերազմն ու յաջորդող պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը վիժեցուցին եւ ձախողեցուցին Լոռիի եւ Գիւմրիի հետ միատարր հայկական նահանգ կազմելու ջաւախահայութեան դարասկիզբի ծրագիրը: Թուելով անցնող տասնամեակներուն ջաւախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները` հայաթափումի թէ հակահայ քաղաքականութեան իմաստով, Գալուստեան շեշտեց ջաւախահայութեան դիմադրական ոգին, «որ պէտք է դառնայ համազգային հրամայական»:
javakhk2
«Ջաւախահայութեան դիմագրաւած առօրեայ դժուարութիւնները եղած են եւ պէտք է շարունակեն մնալ սփիւռքահայութեան եւ մանաւանդ լիբանանահայութեան ուշադրութեան կիզակէտը», ըսաւ Գալուստեան` նշելով, որ Արցախէն, Հայաստանէն, Հալէպէն ու Քեսապէն ետք, լիբանանահայութիւնը նաեւ զօրավիգ է ջաւախահայութեան պահանջատիրական քայլերուն:

Ջաւախքի եւ յարակից հայկական շրջաններու իրավիճակին անդրադարձող այս ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը Ախալցխայի հայ օճախին մասին` պատմական ու աշխարհագրական տեղեկութիւններու կողքին կենդանի վկայութիւններով` Ախալցխայի հայերուն կողմէ:

Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբեր-բանախօս, Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան, որ ներկայացուց Ջաւախքի պատմական, աշխարհագրական, ընկերային-տնտեսական, կրօնական, կրթական իրավիճակն ու անոր դէմ ցցուող վրացականացման թէ ձուլման ու հայաթափման մարտահրաւէրները: «Պատմական մեծ Հայքի Գուգարքի նահանգի հիւսիսարեւմտեան քանի մը գաւառները այսօր կը հանդիսանան Վրաստանի հարաւային Սամցխէ-Ջաւախք նահանգը եւ վերջինիս սահմանակից Ծալկայի շրջանը` միասնաբար կազմելով շուրջ 7463 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն», ըսաւ Գաբրիէլեան` թուելով Ջաւախքի հայկական դիմագիծին սպառնացող վտանգները, ինչպէս` Կարս-Ախալքալաք երկաթուղին, վրացական պետութեան եթէ ոչ բացայայտ, բայց հաստատ հակահայ քաղաքականութիւնը, Ջաւախքը մեկուսացնելու միտող թուրք-ազրպէյճանական քաղաքական սադրանքները եւ այլն:javakh3

Ջաւախքցի բանախօսը զգուշացուց համարկումի պիտակին տակ ջաւախահայութեան ձուլման ձգտող վրացական իշխանութեանց քաղաքականութենէն: Վրացական պետութիւնը կ՛ուզէ աղճատել Ջաւախքի հայ մշակոյթը:

Այդ մէկը ակներեւ է կիրարկուող կրթական, տնտեսական թէ քաղաքական միջոցառումներուն մէջ: Օրինակ` թուրք-ազրպէյճանական շինարարական ընկերութիւններ վրացական պետութեան գիտութեամբ պայմանաւորուած են ոչ մէկ ջաւախեցի հայ ներառել այդ ընկերութեանց աշխատաւորներու ցանկին մէջ: Արտակ Գաբրիէլեան նաեւ զգուշացուց Ջաւախքին սպառնացող «հայաթափում»-ի վտանգէն, որ հիմնականին մէջ հետեւանք է թուրք-ազրպէյճանական թափանցումին: Գաբրիէլեան անդրադարձաւ նաեւ ներկայիս տիրող իրադրութեան, քաղաքական թէ տնտեսական առումով, Հայաստանի` Մաքսային միութեան միացման լոյսին տակ: Անդրադառնալով կրօնական իրավիճակին` բանախօսը ընդգծեց Ջաւախքի յատուկ թեմ ունենալու ջաւախահայութեան փափաքը` տրուած ըլլալով, որ Ջաւախքի երկու հարիւր հազար հաշուող (ըստ Վրաստանի 2002-ի պաշտօնական մարդահամարին) հայութեան համար մէկուկէս տասնեակ քահանաներ անբաւարար են: Իսկ կուսակցական կեանքին անդրադառնալով` Գաբրիէլեան յայտնեց, որ Ջաւախքի մէջ հայկական կուսակցութիւն չկայ: Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը: Գաբրիէլեան շեշտը դրաւ թուրք-ազրպէյճանական ախորժակներուն վրայ, ուր Ասիան Եւրոպային միացնելու պիտակին տակ Պաքու – Թիֆլիս – Ճէյհան քարիւղատարին ճամբով կ՛ուզեն իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ պահել նշեալ քարիւղատարին յարակից շրջանները, որոնց կարգին` Ջաւախքը:

Ապա Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայկ» պարի խումբերը միացեալ ելոյթ ունեցան` ներկաներուն «հրամցնելով» ջաւախահայութեան յատուկ պարեր:

Նախքան այդ, պարախումբին կողմէ յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ ՋԱՀ-ի ատենապետ Յակոբ Գառնէշեան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել