Գառնիկ Գիւզալեան (1893-1958). Հայ քաղաքական մտքի ազգային աւանդներուն արթուն պահակը

karnig guzalian_8-4-14«19րդ դարի երկրորդ կէսին… քուրդն ու թուրքը միացել էին՝ հայութեան դէմ կազմելով պայքարի ընդհանուր ճակատ։ Անհնար էր այս հակադրութիւնը լուծել խաղաղ ճանապարհով՝ համաձայնութեամբ։ Դրա համար պէտք էր մէկ բան, որ թուրքն ու քուրդը ճանաչէին հային որպէս իր հողին տէր, տային նրա կեանքի եւ գոյքի ապահովութիւն, երաշխաւորէին նրա գոյութեան տարրական պայմանները, ստեղծէին մի միջավայր, ուր հայը կարողանար անկաշկանդ զարգանալ եւ գործօն դեր խաղալ իր բախտի տնօրինման մէջ։ Հայի համար այս կենսական պայմանները անկարող էին ստեղծելու թուրքը եւ քուրդը – ա՛յդ պատճառով ծագեց Հայկական Հարցը։

«Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի միայն ազգային-քաղաքական յեղափոխութեամբ»։

Հայ ժողովուրդի անցեալին, ներկային եւ գալիքին համար ուղենիշ հաստատող եւ ազգային¬քաղաքական մեր երթը հունաւորող այս պատգամը կը պատկանի Գառնիկ Գիւզալեանի, որուն մահուան 53րդ տարելիցն է այսօր՝ Ապրիլ 8ին։

Անկախուեան Սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն է պատմագէտ, ընկերաբան եւ քաղաքական-գաղափարախօսական հարցերու տեսաբան Գառնիկ Գիւզալեան, որուն մահուան 56րդ տարելիցն է այսօր՝ Ապրիլ 8ին։

Քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան կազմաւորուած Հ.Յ.Դ. կրտսեր սերունդին կը պատկանի հայ քաղաքական մտքի եւ ազգային գաղափարաբանութեան այս ներհուն տեսաբանը, որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն փոթորկալի ժամանակաշրջանին։

Գառնիկ Գիւզալեան ոչ միայն կազմաւորուեցաւ Հայաստանի եւ հայութեան համար անկիւնադարձային վերիվայրումներու՝ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի անկախութեան ժամանակաշրջանին, ոչ միայն իր պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը իմաստաւորեց Հայաստանն ու հայութիւնը օսմանեան թէ ցարական բռնատիրութեանց լուծէն ազատագրելու պայքարով, այլեւ հայոց հետագայ սերունդներուն կտակեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման խորքին խմորուած գաղափարներու աշխարհը ամփոփող ու վերծանող տեսաբանական անփոխարինելի ժառանգութիւն մը։

Գիտական մտքի եւ մշակումի տէր մարդ էր Գիւզալեան, որ հրապարակագրական ասպարէզի մէջ անգամ հետեւողականօրէն եղաւ գիտելիք ջամբող, վերլուծումի հորիզոն բացող եւ տեսական ընդհանրացումներու գիտական հումք փոխանցող պատմագէտը, ընկերաբանը եւ գաղափարախօսը։
Բառին մտաւորական կարգապահութեան իմաստով՝ յանձնառո՛ւ գաղափարախօս էր Գիւզալեան, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ գտաւ հայ քաղաքական մտքի եւ հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական ակունքներն ու աւանդները մարմնաւորող հոսանքը։ Իբրեւ այդպիսին փարեցաւ Դաշնակցութեան եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը, Համազգայինի Ճեմարանին մէջ ուսուցչական իր աշխատանքով եւ գաղափարագրական ուսումնասիրութիւններով, Գիւզալեան սերունդ հասցուց Դաշնակցութեան գաղափարական շունչով։

1958ի Ապրիլ 8ին, շրջապտոյտով մը Աղեքսանդրիա գտնուած միջոցին, յանկարծամահ եղաւ Հայաստանի Անկախութեան սերունդին արժանաւոր այս ներկայացուցիչը, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ պիտի ապրի իբրեւ հայ քաղաքական մտքի եւ ազգային գաղափարաբանութեան արթուն պահակը։

Պատմագիտական խոր պատրաստութեան եւ գաղափարաբանական լայն հորիզոնի տէր մտաւորականն է Գառնիկ Գիւզալեան։

Պարբերական մամուլի էջերուն եւ առանձին հատորներով լոյս ընծայած իր ուսումնասիրութիւններով՝ ան հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ քաղաքական զարգացումին ազգային գաղափարաբանութիւնը մշակելու եւ հունաւորելու գործին մէջ։
Յատկապէս խորհրդային նորահաստատ կարգերու օրօք թափ առած պատմական նենգափոխումները գաղափարախօսական եւ գիտական առումներով դիմագրաւելու ճակատին վրայ, Գառնիկ Գիւզալեան բառին բուն իմաստով արթուն պահակը հանդիսացաւ հայ ազգային յիշողութեան պահպանման եւ վերաթարմացման։

Ծնած էր 1893ին Փարպի, Արագածոտն։ Մեծատուն Գիւզալեաններու արժանաւոր շառաւիղ էր։ Ուսանեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ պատանի տարիքէն փարեցաւ Դաշնակցութեան գաղափարներուն՝ Հ.Յ.Դ. աշակերտական եւ ուսանողական միութիւններու գործունէութեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով։

1914ին, աւարտելով Գէորգեան Ճեմարանը, Գառնիկ Գիւզալեան ամբողջութեամբ լծուեցաւ հանրային¬հասարակական գործունէութեան։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան դժուարին այդ ժամանակաշրջանին, նախ Հայ Կամաւորական Շարժման ծաւալման եւ, ապա, Հայաստանի անկախութեան նուաճման ու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շինարարութեան աշխատանքներուն եռանդուն մասնակիցը դարձաւ՝ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութեան ճամբով։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք իր հերթին անցաւ Թաւրիզ, ապա՝ Պալքաններ։ Ուսումը շարունակելու նպատակով՝ հետեւեցաւ Փրակայի համալսարանի պատմագիտական ճիւղին, որմէ վկայուեցաւ 1928ին։ Փրակայի ուսման տարիները օգնեցին, որպէսզի հայ եւ ռուս ժողովուրդներու պատմութեան քաջածանօթի իր հմտութեան վրայ Գիւզալեան գումարէ քսաներորդ դարու 20ականներու Եւրոպայի քաղաքական-գաղափարական բարդ խմորումներու մօտէն ծանօթացումը։ Երկրէն բերուած եւ Եւրոպայի մէջ հարստացած իր մտաւորական պաշարով՝ Գառնիկ Գիւզալեան հիմնարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի պատմութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդի տեսաբանական պրիսմակով ուսումնասիրելու եւ տարագիր հայութեան ներկայացնելու գործին մէջ։
1932ին հրաւիրուեցաւ Պէյրութ՝ նորաբաց Համազգայինի Ճեմարանը, իբրեւ պատմութեան ուսուցիչ։ Աւելի քան 25 տարի Գառնիկ Գիւզալեան գործեց Ճեմարանի մէջ, ուր պատմական գիտելիքներէ անդին՝ հայ ազգային-քաղաքական յիշողութեան էատարրերը փոխանցեց եւ սորվեցուց տարագրութեան մէջ հասակ նետող նորահաս սերունդներուն։

Ուսուցչութեան կողքին, Գառնիկ Գիւզալեան բեղուն աշխատանք կատարեց հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթը ուսումնասիրելու եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ազգային-քաղաքական ու հասարակական-գաղափարական հոլովոյթը հունաւորած բախտորոշ խնդիրները լուսարձակի տակ առնելու ուղղութեամբ։

Գառնիկ Գիւզալեան գլխաւոր երկու առաջադրանք իրագործեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի, «Հայրենիք Ամսագիր»ի, «Վէմ»ի եւ «Ակօս»ի էջերուն լոյս տեսած, կամ՝ առանձին հատորով հրատարակուած իր աշխատասիրութիւններով («Հայ քաղաքական մտքի զարգացումը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը» (1927), «Ն. Ադոնցը՝ որպէս պատմաբան» (1943), «Հայաստանի պատմութեան շրջանները» (1946), «Հինգերորդ դարի կրօնական եւ քաղաքական շարժումները» (1947), «Հայոց Յեղափոխութիւնից առաջ» (1950), «Պատմութիւն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի» (1951), «Հայոց Պատմութիւն» (1953) եւ միւս գործերով).-

Առաջինը՝ մերկացումն էր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը խորհրդային պաշտօնական գաղափարախօսութեան կաղապարներուն ծառայեցնելու խեղաթիւրման փորձերուն, որոնք կը սպառնային հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան։

Պետական հրահանգով եւ միջոցներով՝ խորհրդահայ պատմագրութիւնը լծուած էր հայ ժողովուրդի ողջ պատմութիւնը ազգային ինքնահաստատման իր միջուկէն պարպելու եւ սոսկ դասակարգային կռուի պատմութեան նուազեցնելու վտանգաւոր գործին։
Գառնիկ Գիւզալեան պատմագիտական իր պատրաստութիւնն ու պաշարը ի սպաս դրաւ հայութեան նորահաստատ սերունդներու գաղափարական զինումին՝ նման վտանգի դէմ պաշտպանուելու համար։

Երկրորդը՝ հիմնաւորումն ու այժմէականացումն էր գաղափարական այն աւանդին, որ նուաճուեցաւ սերունդներու գերագոյն զոհաբերութեամբ՝ Հայ Ազգային-Ազատագրական Պայքարի ճանապարհին։
19րդ դարու Ազգային Զարթօնքով զէնք բարձրացուցած, հայ ազգային կուսակցութիւններու առաջացումով իր ազատագրական պայքարը ամրագրած եւ, Մեծ Եղեռնի ծանրագոյն հարուածէն իսկ, Մայիսեան հրաշքով վերականգնած Հայաստանը Անկախ, Ազատ եւ Միացեալ տեսնելու երազին խոհուն պատգամաբերն է Գառնիկ Գիւզալեան։

Ինչպէս ինք պիտի գրէր՝

«(1880ական) թուականների սկզբներից մի ուժեղ շարժում է սկսւում հայութեան մէջ յօգուտ Օսմանեան Հայաստանի տնտեսական, մտաւոր վերածնութեան եւ հոգեկան յեղաշրջման։ Այս վերածնութիւնը կապւում էր կրթական գործի եւ ընդհանրապէս մշակութային վերելքի եւ տնտեսութեան բարձրացման հետ։ Բայց ամէնէն էականը՝ նա տեղի պիտի ունենար հայութեան բոլոր կենդանի, բարձրորակ ուժերի համախմբումով Հայաստանում։ Ազգահաւաքման եւ ազատագրական այս գործը հայութիւնը հակադրում էր նոյն ժամանակներում թուրք ազգութեան մէջ ծնունդ առած շարժման, որ խարսխւում էր նախ՝ համիսլամութեան եւ քիչ յետոյ՝ համաթուրանականութեան վրայ։ 80ական թուականներից սկսած այս երկու ազգային շարժումները իրենց ներհակ նպատակներով կանգնած են դէմ դիմաց»։

Այսպէ՛ս, Գիւզալեան հրապարակախօսական բանավէճերու սահմանափակումէն վեր բարձրացուց եւ պատմագիտական հարթութեան վրայ մերկացուց Լենինի ու Քեմալի մեղսակցութեամբ գործուած Հայաստանի Հանրապետութեան խորտակման մեծագոյն ոճիրը։

Սերունդներուն փոխանցեց Հայաստանի անկախութիւնը, ազատութիւնը եւ ամբողջականութիւնը վերականգնելու հանգանակին տեսաբանական հաստաբուն վէմը։

Գ. Գիւզալեան անխոնջ յուշարարն է Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարական անկորնչելի աւանդին։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել