Հայ Դատի Հանդիպումը Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Փերեզի Հետ

Ձախէն աջ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Քասապեան, յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Պերճ Կարապետեան, Ճան Փերեզ, Նորա Յովսէփեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Մայքըլ Մահտէսեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզի հեղինակած եւ ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի միաձայն վաւերացումէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարներ հանդիպում մը ունեցած են Փերեզի հետ, շնորհակալութիւն յայտնելու համար ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն անոր ցուցաբերած աջակցութեան:0409anc-perez-300x293

Քննուած հարցերուն մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւած են Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ապահովումը, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ Քեսապի վրայ յարձակումը եւ շրջանի հայերուն տեղահանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած «Շնորհակալութի՛ւն Ամերիկա» արշաւը, որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ամերիկայի ցուցաբերած օժանդակութիւնը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութեան զաւակներուն:

«Խորապէս երախտապարտ ենք խորհրդարանի նախագահ Փերեզին, որ անցեալ աշնան Հայ Դատի յանձնախումբին հետ Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, յայտնապէս զգացուած՝ որոշեց անձամբ հեղինակել եւ ներկայացնել Ցեղասպանութեան բանաձեւը՝ յաւելեալ կշիռ տալով անոր: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ աւելի մանրամասնօրէն քննելու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս անոնք, որոնք կ՛առնչուին Արցախի եւ Քեսապի մեր եղբայրներուն», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան:

asbarez.com

08/04/2014

Տպել Տպել