Ակնարկ. Թիրախաւորել Զգայուն Կէտը

Քեսապահայութեան զօրակցութեան եւ միաժամանակ կատարուածին մէջ Անգարայի դերակատարութեան բացայայտման եւ բողոքի քարոզչաքաղաքական գործողութիւնները ստացած են համահայկական թափ եւ տարողութիւն:

Միջազգային հանրութեան եւ պաշտօնական կառոյցներուն մօտ այս հարցի արծարծումը վառ պահելու միտող յատկապէս ռուսական քաղաքականութիւնը եւս սուր կերպով զգալի է: Մինչ կ՛ուշանայ սուրիական բանակի հակահարուածը` տեղի տալով այն մեկնաբանութեան, որ Քեսապի գրաւման եւ քեսապահայութեան տարհանման (յաճախ օգտագործուած տեղահանման) երեւոյթը ռուսական կողմը տակաւին պիտի օգտագործէ իբրեւ Խրիմին դիմաց հակակշիռ գործողութիւն:

Աննկատ չէ նաեւ այն տեսակէտը, որ զինեալ խմբաւորումներու մէկտեղումին եւ դէպի սուրիական տարածքներ ներքաշումին պիտի հետեւի անոնց մաքրագործման մեծ գործողութիւն մը:

Այս բոլորը քաղաքական մեկնաբանութիւններ են, որոնք կրնան չիրականանալ կամ որոնք քարոզչական պատերազմի պարունակին մէջ իբրեւ փորձի փուչիկներ կ՛արձակուին այս կամ այն վերլուծական կայքին ետին կանգնած քաղաքական ուժին կողմէ:мишен

Անգարան այս բոլորին մէջ պիտի փորձէ շրջել այն դիմագիծը, որ միջազգային հանրութիւնը կ՛ընկալէ իր նկատմամբ: Առաւելագոյն լուսարձակներ կը բացուին Թուրքիոյ կողմէ թրքական տարածք տարուած քեսապցիներուն նկատմամբ գերհիւրընկալութիւնը ցուցադրելով:

Քեսապը իբրեւ մարդկային աղէտ ներկայացնելու ռուսական քաղաքականութիւնն ու թրքական գերհիւրընկալութեան ցուցադրութիւնները կը թուի որ որոշ ժամանակի համար պիտի շարունակուին:

Մինչ այդ, մենք հեռու չենք գտնուիր ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներէն: Այստեղ քարոզչաքաղաքական նիւթերու սահմանազատումը անհրաժեշտ է: Ցուցական գործողութիւններու ընթացքին հասկնալի է, որ զգացականութիւնը իր մեծ տեղը կը գրաւէ: Ամբոխային տրամաբանութիւնը իր հաստատած օրինաչափութիւնները ունի եւ նման զեղումնային պոռթկումները չակնկալելը իրատեսական չէ:

Ժողովրդային դրսեւորումներն ու պաշտօնական յայտարարութիւններու միջեւ տարբերութիւնները զգալի են անշուշտ: Երկրորդին պարագային բովանդակային եւ մանաւանդ քաղաքական նուրբ անկիւններու հաշուարկ կատարող միտումները գերակշիռ են: Անոնք են, որ հետեւանքներու հաշուարկը կ՛ընեն եւ ըստ այնմ քաղաքական բառապաշար եւ ուղերձներու փոխանցման եղանակներ կը ճշդեն:

Հիմա պահն է թիրախաւորուած քարոզչական աշխատանքի ճշդումին: Քեսապի հարցը, որ ստացած է միջազգային հնչեղութիւն, որեւէ ձեւով պէտք չէ զուգահեռել ցեղասպանութեան հետ: Այս մէկը ոչ միայն օգտակար չէ, այլեւ ընդհանուր ռազմավարական մօտեցումին վնասակար: Հայ հրապարակագրութեան հետեւողները գիտեն, որ Սումկայիթի եւ Պաքուի դէպքերը նոյնիսկ չեն բնութագրուիր «ցեղասպանութիւն» բառեզրով. որոշ ժամանակ ետք էր, որ այդ դէպքերը բնութագրուեցան «եղեռնագործութիւն» բառակապակցութեամբ: Բառերը, հասկացողութիւններն ու զուգահեռները աւելի քան կարեւոր են այս պարագային:

Քեսապի հարցին արծարծման մէջ հայկական կողմը քարոզչաքաղաքական գործողութիւներու կազմակերպման իր աշխատանքներուն ընթացքին յստակ թիրախներ ընտրելու հարկադրանքին առջեւ է: Յայտնապէս այստեղ հայկական թեմային վրայ կեդրոնացումը այնքան արդիւնքներ չ՛ապահովեր: Աշխարհաքաղաքական այլ կեդրոններ հայկական թեման, բնօրրանէն դուրս գտնուող հայ գաղթականութեան իրավիճակը ամէնէն բարձր տարողութիւններով օգտագործելու միտումներ կը շարունակեն դրսեւորել: Չէ բացառուած, որ Թուրքիա տարուած հայ գաղթականութեան փոքրաթիւ երեւոյթը թրքական մեծ լուսարձակներ խլէ Անգարայի կողմէ յայտարարուած եհայրենադարձութեանե մարտավարական խաղերուն պարունակին մէջ:

Ըստ երեւոյթին, զգայուն կէտը ոչ հայկական թեման է. Անգարայի կողմէ միջազգային ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, զինման եւ տարանցիկ ճամբայ հարթելու իրականութիւնը: Ասով ալ կը բացատրուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին յայտարարութիւնը, թէ ամօթալի զրպարտանք է եւ անհիմն մեադրանք ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչին ըսածը, թէ Քայիտայի զինեալները օգտագործած են Թուրքիոյ տարածքը Քեսապի վրայ յարձակումը կազմակերպելու համար:

Այս է զգայուն կէտը, թիրախը, որ իբրեւ նշանակէտ պէտք է նկատի ունենայ հայկական կողմը:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել