Կիպրոսի Խորհրդարանը Յարգեց Հայկական Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

April 10 2014 House session VMԿիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տունը այսօր, 10 Ապրիլ 2014, Զատիկի դադարէն առաջ իր վերջին նիստին, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց յիշատակը 1915-ի հայկական ցեղասպանութեան զոհերուն:

Այս առթիւ, Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Եաննակիս Օմիրու, անդրադառնալէ ետք մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներուն նշեց, թէ Կիպրոսի յոյն ժողովուրդը խոր յարգանքով կը խոնարհի թրքական բարբարոսութեան զոհ գացած անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ եւ անայլայլ կերպով կը զօրակցի հայ ժողովուրդին՝ իր իրաւունքներուն վերատիրանալու պայքարին մէջ: April 10 2014 House session

Ապա ան ձայն տուաւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին, որ իր խօսքին մէջ ի միջի այլոց ըսաւ.

«20-րդ դարու առաջին մեծ ցեղասպանութիւնը սակայն մինչեւ օրս կը մնայ անհատոյց եւ մեղաւորները՝ անպատիժ: Մեր պահանջածը ոչ թէ վրաժ է, այլ՝ արդարութիւն եւ կ՛ակնկալենք ընդհանրական ճանաչումը ցեղասպանութեան անհերքելի իրականութեան, այնպէս ինչպէս ան արձանագրուեցաւ հարիւրաւոր անկախ ականատեսներու կողմէ, որոնց վկայութիւնները պահուած են աշխարհի զանազան արխիւներուն մէջ:

«Յամենայն դէպս, հայկական ցեղասպանութիւնը արդէն ճանչցուած է 21 պետութիւններու, Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 43-ին, որոշ տեղական ինքնակառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ:

«Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններուն մէջ կը գտնուի նաեւ Կիպրոսը, որ Եւրոպայի առաջին եւ ամբողջ աշխարհի երկրորդ երկիրն էր որ առաւ այդ ժամանակներուն յանդուգն նկատուած քայլը եւ միաձայնութեամբ ընդունեց Թիւ 36/1975 բանաձեւը, ճանչնալով հայկական ցեղասպանութիւնը:

«Այս միայն մէկն է այն պոլոր պարագաներէն, որ ցոյց կուտայ Կիպրոսի ժողովուրդին ոչ միայն բարոյական, այլեւ գործնական զօրակցութիւնը՝ հայութեան անհաւասար սակայն արդար պայքարին: Ճանչնալով այս իրականութիւնը, աշխարհասփիւռ հայութիւնը նոյն ձեւով կը զօրակցի կիպրացիներուն անհաւասար՝ սակայն արդար պայքարին; Մեր երկու ժողովուրդները, կողք-կողքի՝ արդարութիւն կը պահանջեն, իրենց դէմ Թուրքիոյ գործած անարդարութեան դէմ:

Հայ համայնքի ներկայացուցիչը իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, թէ մենք մեր յիշողութիւնը միշտ կենդանի պիտի պահենք. «Մենք պարտաւոր ենք չմոռնալ. միեւնոյն ատեն մեր պարտականութիւնն է արթուն գտնուիլ, քանի ոչ կրնանք, ոչ ալ իրաււնք ունինք մեր նախնիներուն հանդէպ պարտական մնալ», ըսաւ ան:

Տպել Տպել