Ակնարկ. Արդիւնքներ Եւ Պատասխանի Յստակացումներ

Հայկական աշխարհը կը նախապատրաստուի նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը եւ աշխատանքային ժամացոյցի սլաքները լարելու 100-ամեակի ուղղութեամբ։ Պահանջատիրութեան բովանդակային եւ եղանակային խնդիրներ, շեշտադրումներ, պետութիւն-սփիւռք թէ՛ հռետորաբանութեան եւ թէ՜ համակարգման մեքենականութիւններու ճշդումի հարցեր, իրաւական ուղիներու որոնումներ եւ հակառակորդի ձեռնարկած ու մշակած ծրագիրներու գաղտնազերծման փորձեր։

Այս վերջին կէտն է, որ դրսեւորումի նորագոյն օրինակներով դիտարժան հանգամանք կը ստանայ եւ առնուազն նախապատրաստուելու առումով յիշելի նախադրեալներ կը փոխանցէ։DeirZor_Aleppo_Kessab

Նախ յիշենք Տաւութօղլուի տեսութիւնը։ Հայկական սփիւռքը «մե՛ր Սփիւռք»-ն է։ Բոլորը հրաւիրուած են վերադառնալու իրենց պապերուն երկիրը, վերատիրանալու օսմանեան Թուրքիոյ այսօրուան ժառանգորդ քեմալական հանրապետութեան քաղաքացիութեան եւ համապատասխան դիմումներ լրացնելով վերստին ձեռք ձգելու անհատական ունեցուածքները՝ իբրեւ ժառանգորդները նախ ցաւալի պատահարներու պատճառով հեռացածներու, յետոյ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ապահով վայրեր փոխադրուողներուն եւ վերջապէս անմարդկային տեղահանութեան ենթարկուածներուն։ Այստեղ անշուշտ կ՛աւարտի թրքական «հիւրընկալութեան» եւ «բարեացակամութեան» սահմանափակ գործողութիւնը։

Մինչ, թրքական սպառնալիքները ամէն անգամ, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մէկ հասատատութեան յանձնախումբն ու ենթայանձնախումբը ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ կ՛որդեգրեն՝ յղելու համար իրենց գերադաս ժողովին, կը թուի, որ զուտ յայտարարողական մակարդակի վրայ են.խորքին մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղիներուն մէջ մնալու այս ընթացքը քաղաքականապէս առնուազն չ՛անհանգստացներ Անգարան, որ բողոքի նման բեմադրութիւններ կը ցուցադրէ նման առիթներու։

Միջանկեալ այս կարծրացումը սակայն չի խանգարեր, որ սփիւռքահայութեան նկատմամբ պաշտօնական Անգարան շարունակէ ցուցադրել խաղաղասիրական իր դէմքը։ Տաւութոօղլուի տեսաբանութեան մանրանկարը կրկնուեցաւ Քեսապի պարագային, երբ տասնեակ մը տարեցներ Քեսապի պարպումին ընթացքին ապաստան գտան Կիլիկիոյ Վաքըֆի մէջ։ Թրքական խոշորացոյցներու եւ լուսարձակներու առատութիւնը ակներեւ էր՝ անօթեւան մնացած տարեց քեսապցիներու երեւոյթը քարոզչական պետական շահարկումներու ենթարկելու իմաստով։ «Հրամմեցէք»-ի այս գործողութիւնը միայն քեսապահայութեան չէր վերաբերեր անշուշտ։ Սուրիոյ տագնապին ընթացքին թրքական լրատուամիջոցներ անպաշտօն ձեւով տարածեցին պաշտօնական լրահոս այն մասին, որ Անգարա կը քննարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր փակած սահմանի ժամանակաւոր բացման կարելիութիւնը Սուրիայէն խոյս տուած հայերը Թուրքիոյ վրայով Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխելու եւ համապատասխան դիւրութիւններ ընծայելու համար։ Մարդասիրական նպատակներու համար այս չկայացած զիջումները դարձեալ ընդհանուր մեծ ծրագիրին մաս կը կազմեն։

Բայց տեսնենք, թէ միաժամանակ գետնի վրայ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ իբրեւ թէ սփիւռքահայութեան կարեւոր կառոյցներու պատասխանատուներու հետ երկխօսութեան մտած Անգարայի կողմէ։

Բոլոր նախադրեալները կը յուշէին, որ 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքները կարեւոր տեղ վերապահած էին Տէր Զօրին միջազգային հնչեղութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։ Նախագահ Սարգսեան Տէր Զօրի մէջ յայտարարելէ ետք, որ հայութիւնը տակաւին կը սպասէ իր Նիւրեմպերկը, Օշվիցը համեմատեց Տէր Զօրի հետ՝ Օշվիցի նման Տէր Զօրին միջազգային ընկալում ապահովելու ուղղութեամբ աշխատանքներու նախապատրաստութեան որոշ կէտեր փոխանցելով հանրութեան։ Այս բոլորը, երբ տակաւին Դամասկոս-Անգարա մերձեցման աննախադէպ հանգրուանն կ՛արձանագրուէին։ Տէր Զօրը կարեւոր կէտ էր Թուրքիայէն օժանդակութիւն ստացած զինեալներուն համար։ Տէր Զօրի հայկական կառոյցներու քանդումը այս պահու առաջնահերթ խնդիրը չէր խաղաղասիրական դիմակ հագած Թուրքիոյ համար. կը բաւէր անոր քաղաքական գործօն դառնալու ընթացքի կասեցումը։

Հայկական սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան կարեւոր միջավայրեր են նաեւ Քեսապն ու Հալէպը։ Անգարան, ֆինասաւորելով զինեալ ծայրայեղականները եւ տարանցիկ ճամբա տրամադրելով անոնց մէկ կողմէ պատճառ կը դառնայ հազարաւոր հայերու իրենց բնօրրանէն հեռացման, միւս կողմէ՝ թրքական իշխանութիւններուն յանձնուած տասնեակ մը տարեցներու հոգատարութեան արարներ կը բեմադրէ միջազգային հանրային կարծիքին։ Մինչ կառավարական ուժերու հակադարձ գործողութիւններու բացակայութիւնը կը յուշէ աշխարհաքաղաքական մակարդակներու վրայ տարածաշրջանային նոր սահմանագծումներու փուլ առ փուլ իրականացման գործընթացի մասին։

Այդ օրակարգը կրնայ վերաբերիլ նաեւ Հալէպին։ Դէպքերու թէժացման կշռոյթը մտածել կու տայ, որ ԱՆգարայէն ներշնչում ստացող զինեալները նմանատիպ պատկերացումներ ունէին նաեւ հայաշատ Հալէպի մասին՝ վերասահմանագծումներ իրականացնելու նպատակով։

Փաստը այն է, որ Տէր Զօրէն Հալէպ, անցնելով Քեսապէն ստացուած արդիւնքները կրնան տեղաւորուիլ Անգարայի ծրագրած 100-ամեակի նախապատրաստութեան պարունակին մէջ։ Թէկուզ որ դէպքերու բուն շարժառիթները աշխարհաքաղաքական տարողութիւն ունին եւ ուղղակի հայկական գործօնի նկատմամբ ծրագիրներ չեն ընդգծեր։ Արդիւնքն է, որ շատ հանգիստ կը տեղաւորուի հիւրընկալ հռետորաբանութեամբ Տէր Զօր, Քեսապ եւ Հալէպ ստացող Անգարայի ծրագիրներուն մէջ։

100-ամեակի շեմին սփիւռքեան հայաթափուող շրջաններուն ազդեցիկ պատասխանը Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը կրնայ ըլլալ միայն։ 100-ամեակի, եւ անկէ անդին անշուշտ, բովանդակայյին եւ գաղափարական օրակարգ է այս մէկը հայկական կողմին համար։

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել