Վանգուվըրի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշակոթողին

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմինի կազմակերպութեամբ, Վանգուվըրի հայութիւնը Ապրիլ 27-ին գեկոչեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը:photo_2 (1)
Այս տարուան ոգեկոչման ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Moutain View գերեզմանատան շրջափակին մէջ զետեղուած Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի բացումը։ Վանգուվըր քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող յուշակոթողը կը ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողի մը մատնահետքի քանդակը: photo_1Յուշակոթողին վրայ գրուած է, որ ան հոն զետեղուած է յարգելու համար յիշատակը 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն:Photo1
350 հայորդիներու ներկայութեամբ կայացած յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առին Նաթան Արք. Յովհաննիսեան- Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի արդարութեան նախարար Սուզան Անթոն, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Տոն Տէյվիս եւ Ժասփիր Սանտու, նահանգային երեսփոխան եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ատրիան Տիքս, Վանգուվըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Քէրի Ժանկ եւ Ռէյմոնտ Լուի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին թրքական պետութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:

Գանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քէնիի խօսքը փոխանցեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ Անտրու Սաքսթըն:

Արարողութեան հանդիսավարութիւնը կատարեցին Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վարդօ փափազեան: Յուշակոթողի ծրագրի պատմականը ներկայացուց Ճորճ Շահնազարեան: Յուշակոթողի մասին բացատրութիւններ տուաւ քանդակագործ հեղինակը՝ Մաթիլտա Ասլիզատէն:

28/04/2014
horizonweekly.ca

Տպել Տպել