Ուրուկուայի խորհրդարանը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին

Կազմակերպութեամբ Օրէնսդիր Մարմնի և ՀՅԴ Հայ Դատ Յանձնախումբին, 13-րդ տարին ըլլալով Ծերակոյի նախասրահին մէջ, կատարուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով թէ պետական և թէ դիւանագիտական, որոնց մէջ էին ՀՅԴի Բիւրոյի անդամ ընկ. Մարիօ Նալպանտեան և Հարաային Ամերիկայի ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ ընկ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, զբօսաշրջիկութեան նախարար Լիլեան Քէշիշեանը, մշակոյթի փոխնախարար Փրոֆ. Օսգար Կոմէզը, ինչպէս նաև հոծ բազմութիւն մը։ Առաջին խօսք առնողը եղաւ Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ Անիպալ Բէռէյրան և կոսակցութիւններու պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուած են խորհրդարանէն ներս։2804Uruguay_03-720x540
Բոլոր խօսք առնողներն ալ, նախ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը և համագործակցութիւնը յայտնելէ ետք Հայ Դատին, պատմական ակնարկ մը նետեցին 1915-ի դէպքէրուն և անոնց պատճառած ահաւոր արդիւնքին, որուն իբրև զոհ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայեր վայրագօրէն սպանդի ենթարկուեցան, թուրք պետութեան կողմէ։ Կարծիք յայտնեցին նաև այդ օրերու հզօր պետութիւններու քաղաքական շահերուն և ի վնաս հայութեան իրենց ունեցած դերի մասին։ Բոլոր բանախօսներն ալ շեշտեցին որ, Միջազգային Ընտանիքը պատասխանատւութիւնը առնէ ստիպելու թուրքիոյ կառավարութեան, որպէսզի ոչ միայն ճանչնայ իր գործադրած մարդկութեան դէմ եղած ոճիրը այլև անոր հետևանքներու շուրջ քայլերու դիմէ, այդպիսով ճամբայ բանալով երկու երկիրներու միջև իրական խաղաղութեան։

Վերջաւորութեան, Ուրուկուայի ՀՅԴ Հայ Դատ Յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց երիտասարդ Տօքթ. Տանիէլ Աւետեանը։

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները հովանաւորեց, Ուրուկուահայ բոլոր կազմակերպութիւններու կողմէ հիմնուած 100-ամեակի Յանձնախումբը։

28/04/2014

Տպել Տպել