«Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը բոլորին համար կարեւոր է»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն, յատկապէս այսօր տեղի ունենալիք նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շարք մը խորհրդակցութիւններ կատարած է եւ դրական մթնոլորտ ապահոված, որպէսզի այսօրուան նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ քննարկել Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:

Երեսփոխան Բագրատունի մերժեց բացայայտել երկխօսութեան նիստին նախօրեակին նախագահին կատարած խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները եւ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ երկխօսութիւնը նախապատրաստական աշխատանքի եւ հասունութեան կը կարօտի:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան անցեալ նիստէն բխած «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը փաստ մըն էր, որ այդ նիստը եղած էր Լիբանանի վկայած Ազգային երկխօսութեան բոլոր նիստերէն յաջողագոյնը: «Լիբանանեան գոյացութիւնը հիմնուած է համախոհութեան վրայ, իսկ համախոհութեան յանգելու հիմքը երկխօսութիւնն է: Այս հանգրուանին գումարուող Ազգային երկխօսութեան նիստը կարեւորագոյնն է, որովհետեւ ան կը գումարուի դժուար եւ բարդ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, ինչպէս նաեւ անիկա առիթ է, որ քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ ներկայացնէ իր մտավախութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով նաեւ, որ անիկա առիթ եղած է նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին կարեւորութեան կառչած մնալու: «Թէեւ Թաէֆէն բացի այլ առաջարկներ կատարուեցան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ, սակայն անոնց լոյսին տակ բոլորս ընդգծեցինք, որ Թաէֆին կառչած պէտք է մնալ` գիտնալով հանդերձ, որ Թաէֆին մէջ թերութիւններ կան: Սակայն մենք պատրաստ չենք այլ պատերազմի մը` փոփոխութեան ենթարկելու համար Թաէֆի համաձայնագիրը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութեան» կարեւոր կէտերէն մէկն էր նաեւ զէնքի մաքսանենգումին հարցը: Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա նիստին ընթացքին բազմիցս հաստատած է, որ Մուսթաքպալ հոսանքը զէնքի մաքսանենգումին, լիբանանցիներուն զինումին եւ զէնք կրելուն դէմ է: Այս մէկը կարեւոր է, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեցուածք մըն է, որ պէտք է յարգել եւ այդ իմաստով հաշուետուութեան կանչել:

Ան նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ անջատման գօտի մը հաստատելու գաղափարին մերժումը կարեւոր կէտերէն կը նկատուի:

Յ. Բագրատունի կարեւոր նկատեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ լիբանանեան բանակին զօրակցութիւն յայտնուած է եւ անոր զինման անհրաժեշտութիւնը շեշտուած:
Անդրադառնալով երկրին ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անիկա այսօրուան Ազգային երկխօսութեան նիստին քննարկուելիք առաջին կէտն է:

Ան նշեց, որ նիստին սկիզբը հանրապետութեան նախագահը պիտի ներկայացնէ նախորդ երկու շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ յստակ դարձաւ բոլորին համար, որ պաղեստինեան գաղթակայաններէն դուրս գտնուող զէնքը սադրանքի առարկայ դարձնելու նպատակներ կան, սակայն անոնց զուգահեռ նաեւ լիբանանեան բանակը կարեւոր դերակատարութիւն ունէր: Այս մէկը կը նշանակէ, որ հանրապետութեան նախագահը եւ կառավարութիւնը շատ լուրջ են պաղեստինեան զէնքին հարցը լուծելու իմաստով: Ան աւելցուց, որ պաղեստինեան այդ զէնքին մասին նախապէս արդէն իսկ որոշում տրուած էր, սակայն անոր վերարծարծումը պիտի կատարուի` նկատի ունենալով, որ նախապէս տրուած որոշումը չէ գործադրուած:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի արտաքին քաղաքական պայմանները եւ լիբանանցիներուն վախը յարմարագոյն տուեալները կը նկատուին գործադրելու երկխօսութեան նախորդ նիստերուն տրուած այդ որոշումը, «որովհետեւ մենք կը գտնուինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որուն ընթացքին դանակը ոսկորին հասած է եւ կարելի չէ այս հարցով փաղաքշական խօսքեր արտասանել», նշեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի գործադրէ պաղեստինեան զէնքին կարգաւորման որոշումը, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական որոշումը արդէն իսկ տրուած է, իսկ անոր գործադրութեան միջոցը կը գտնուի երկրին ապահովական կառոյցներուն եւ բանակին մօտ:

Ան աւելցուց, որ այդ որոշումին գործադրութեան առումով պաղեստինեան գործակցութիւն ալ կայ` աւելցնելով, որ պաղեստինցի կարգ մը պատասխանատուներ Լիբանան կ՛այցելեն եւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ հանդիպումներ կ՛ունենան, որովհետեւ նման պայմաններու լոյսին տակ պաղեստինցիներուն շահերուն եւս չի ծառայեր նոր ճակատներ բռնկեցնելու եւ զինեալ միջադէպեր ստեղծելու մօտեցումը:

«Անշուշտ ոմանք կը փորձեն չարաշահել կեցուածքները եւ գաղթակայաններուն մէջ տիրող ապակայուն վիճակը, սակայն մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, իբրեւ պետութիւն` կառավարութեամբ եւ քաղաքական ուժերով եւ իբրեւ պաղեստինցիներ, մեր բոլորին շահերուն կը ծառայէ այդ որոշումին գործադրութիւնը, որմէ պէտք չէ շեղիլ», նշեց ան:
Անդրադառնալով գաղթակայաններուն մէջ գտնուող պաղեստինեան զէնքին` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ իր կարծիքով, այդ հարցը այս պայմաններուն տակ կարելի չէ քննարկել` նշելով, որ եթէ գաղթակայաններէն դուրս գտնուող պաղեստինեան զէնքին հարցը լուծուի, ապա այդ քայլը գաղթակայաններուն մէջ գտնուող զէնքին վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: «Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայանները ոչ միայն լիբանանեան, այլեւ` արաբական եւ միջազգային պատասխանատուութիւն կը նկատուին», ըսաւ ան:

Պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին ՀՅԴ-ի կեցուածքին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն տակաւին իր պատկերացումը չէ ներկայացուցած` նշելով, որ այդ ռազմավարութիւնը պէտք չէ ներկայացուի պարզապէս Դիմադրութեան ապազինման կամ անոր զինաթափումը պահանջելու դիտանկիւնէն, որովհետեւ ռազմավարութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան` թեթեւ կամ ծանր զէնքեր ունենալու իրականութիւնը:

«Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը կը մարմնաւորէ Իսրայէլի դէմ լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բանակին կարողութիւնը: Անշուշտ մենք ըսել չենք ուզեր, որ կը փափաքինք Իսրայէլի դէմ պատերազմ սանձազերծել, ընդհակառակն` մենք պարզապէս կ՛ըսենք, որ կ՛ուզենք ազատագրել բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը եւ կասեցնել Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներն ու ներխուժումները: Հետեւաբար, երբ կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի զինուորական, քաղաքական, տնտեսական եւ դիւանագիտական կարողութիւնները բարելաւել, մենք կարողութիւն կ՛ունենանք արգիլելու Իսրայէլը Լիբանանի դէմ յարձակում գործելէ, որովհետեւ մենք կարողութիւն կ՛ունենանք դէմ դնելու որեւէ յարձակումի: Այսինքն` Իսրայէլի դէմ Լիբանանի հզօրացումը միայն բանակը զինելով չ՛ըլլար, այլ` Լիբանանի տնտեսութեան եւ ենթակառոյցին ամրապնդումով, որ իր կարգին կ՛օժանդակէ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան զօրացման, ինչ որ յարմար չէ Իսրայէլին եւ բոլոր այն երկիրներուն, որոնց շահերը կ՛ենթադրեն լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հըզպալլա այսօրուան նիստին պիտի ներկայացնէ՞ պաշտպանութեան ռազմավարութեան իր պատկերացումը, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ եթէ այսօրուան նիստին չներկայացուի, ապա կրնայ ներկայացուիլ յաջորդ երկխօսութեան նիստին: Ան նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցողը երկրին եւ իր հետեւորդներուն նկատմամբ պատասխանատուութիւն ունի: «Ես միայն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մասին չեմ խօսիր, այլ` բոլորին, որովհետեւ Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը բոլորին համար կարեւոր է, եւ Հըզպալլայի շահերուն կը ծառայէ քննարկել այդ թղթածրարը: Ես չեմ կրնար աւետել, թէ այսօրուան նիստին ընթացքին պաշտպանութեան ռազմավարութեան առումով մենք ակներեւ որոշումներու պիտի յանգինք, սակայն յստակ է, որ քննարկումը դրական պիտի ըլլայ ու լուրջ, եւ կարելի պիտի ըլլայ որոշ լուրջ քայլերու մղում տալ, որովհետեւ լիբանանցին արժանի է այս իմաստով կարգ մը դրական քայլեր շօշափելու», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ ընտրական օրէնքին մշակումին նպատակով տեղի ունեցած առաջին նիստէն իսկ ինք յայտնած է, որ ոչ ոք պէտք է հաւատայ կամ համոզուի, որ միջմարոնիական որեւէ համաձայնութեան մը շուրջ համաձայնելու պարագային մենք եւս մեր համաձայնութիւնը պիտի յայտնենք: «Եթէ Պքերքէի նիստերուն ընթացքին մարոնի համայնքին շահերուն ծառայող ընտրական օրէնք մը մշակուի, ապա այդ օրէնքը մնացեալ քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն պիտի պարտադրուի՞: Խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին բոլոր ներկայացուցիչները միայն մարոնինե՞ր են: Ո՛չ. անոնք քրիստոնեայ բոլոր յարանուանութիւններուն կը պատկանին, եւ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ իր կեցուածքը ունի եւ լիբանանահայութիւնը պէտք է մասնակից դառնայ տրուող այդ որոշումին», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի եզրափակեց, որ լիբանանահայութեան շահերուն կը ծառայէ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը, որ կը գործադրուի փոքր ընտրաշրջաններու հիման վրայ, այսինքն` իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի մէջ 3-4 երեսփոխան ընտրելու կարելիութեամբ:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել