Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960). Հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառո՛ւ բազուկը

soghomon tehlirian in 1921_23-5-14Մայիս 23ին, 54 տարի առաջ, հեռաւոր Մ.Նահանգներու արեւմտեան ափին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, մահկանացու այս կեանքէն բաժնուելով՝ յաւիտենական իր անդորրը գտաւ եւ անմահութեան իր պատուանդանին բարձրացաւ Սողոմոն Թեհլիրեան։

Հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառու բազուկը խորհրդանշող անունն է Սողոմոն Թեհլիրեան։

Եթէ թրքական պետութեան գործադրած Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատուները կը ներկայացուին Թալէաթ անուն եղեռնագործով, ապա՝ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան պատասխանատու գլխաւոր յանցագործին արդար դատաստանի եւ մահապատիժի ենթարկող արդարագոյն ահաբեկիչն է Սողոմոն Թեհլիրեան։

Ազգային Հերոսի դափնեպսակին արժանաւորապէս տիրացած դաշնակցական ահաբեկիչը ծնած է 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը։

Հօր՝ Խաչատուրի եւ մօր՝ Հնազանդի հինգ մանչ զաւակներուն կրտսերն էր։ Հազիւ երկու տարեկան էր Սողոմոն, երբ հայրը պանդխտութեան կը մեկնի Սերպիա։ 1905ին, հայրենի տուն վերադարձին, Տրապիզոնի մէջ Խաչատուր Թեհլիրեան կը ձերբակալուի՝ 1898ին Երզնկայէն ռուսական նաւով մեկնած ըլլալու մեղադրանքով։ Վեց ամիս բանտ կը մնայ, բայց երբ ազատ կ’արձակուի՝ անոր կ’արգիլուի ծննդավայր վերադառնալ եւ կ’արտաքսուի Սերպիա։

Հօր կապուած այս դրուագը բախտորոշ նշանակութիւն կþունենայ Սողոմոնի կեանքին վրայ, որովհետեւ Թեհլիրեաններու բազմանդամ տոհմէն ակամայ հեռացուած Խաչատուր Սերպիայէն կը դասաւորէ, որ կինն ու զաւակները տեղափոխուին Երզնկա, ուր Սողոմոն իր ուսումը կը ստանայ նախ Բողոքականաց, ապա՝ Եզնիկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ 1912ին կþաւարտէ տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանը, ուր իր առաջին ծանօթութիւնը կþունենայ դաշնակցական գործիչներու հետ եւ կը փարի Դաշնակցութեան։

1913ին Սողոմոն կþերթայ հօր մօտ, Սերպիա, որպէսզի տարի մը ետք անցնի Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց 1914ին կը պայթի Առաջին Աշխարհամարտը եւ 18ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին լրիւ կը փոխուի։ 1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, կþանցնի Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չի տրուիր Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան կը յաջողի, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողի գրաւոր թոյլտուութիւնը իր կամաւոր արձանագրուելուն։ Այդպէս է, որ Հոկտեմբեր 1914ին, Սողոմոն կը հասնի Թիֆլիս եւ կը միանայ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։
Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս կը թրծէ Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկի կերպարը։ Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս կը ցնցեն զինք այնքան ծանրօրէն, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ «ուշաթափ կþիյնայ գետին։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները – մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները – սպաննուած էին 1915ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։

Սեփական ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ կը համակեն Սողոմոն Թեհլիրեանի ողջ էութիւնը։ Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը հետագային հիմք ծառայեց, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտան Քըրթ Նայմէյըրի (Քոլոնեը համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս) կառուցած պաշտպանողականին։
1917ին, Կովկասեան ճակատի փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Թեհլիրեան կþանցնի Կովկաս։ Կը շրջի հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին։ Ժամանակին թաւալումին հետ, փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով կը բորբոքին։ Արդէն դաշնակցական գործիչ՝ Թեհլիրեան կ՛ուղարկուի Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով 1920ի Ապրիլին կը կատարէ ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։

Ահաբեկումէն ետք կը պարտաւորուի անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն կը սորվի։ Բայց քանի մը ամիս ետք կը կանչուի Ուաշինկթըն, Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որուն վստահուած էր պատասխանատուութիւնը Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհ. Ժողովի որոշած ցեղասպան թուրք ջարդարարներու ահաբեկման «Նեմեսիս գործողութեան» կազմակերպումին։

Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած է վիճակաձգութեամբ եւ այդպէ՛ս է, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին վիճակուեցաւ Թալէաթի ահաբեկումին գործադրութիւնը։ Պատահական չէ, հետեւաբար, որ «Թեհլիրեանի բախտը բացուեց» նշումը կը կատարուի Թալէաթի ահաբեկման նուիրուած ու «Գինի լից» յանկերգով յատկանշուող յեղափոխական ծանօթ երգով։
Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան 1920ի Դեկտեմբերին ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման ծրագիրը։

Ջարդարար պարագլուխը Ալի Սալէհ Պէյ անցագրով ու ծպտուած կþապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը վարձեց Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։

Այդպէ՛ս, 15 Մարտ 1921ի առաւօտեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանայ մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօտեցաւ ջարդարարին եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին փռեց զայն։

Պատահական անցորդները յարձակեցան Թեհլիրեանի վրայ եւ խոշտանգեցին զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ օր-ցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռած էր անծանօթ անցորդը…
Սողոմոն Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ, աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ, դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ ու, աւելի՛ն, դահճապետ, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։ 3 Յունիս 1921ին Սողոմոն Թեհլիրեան անպարտ հռչակուեցաւ եւ ազատ արձակուեցաւ ու մեկնեցաւ Մ.Նահանգներ։

Թեհլիրեան երկար չմնաց Մ.Նահանգներ։ Վերադարձաւ Եւրոպա՝ Սերպիա, Պելկրատ ապրող իր հօր եւ հօրեղբայրներուն միանալու համար։ Ամուսնացաւ երզնկացի Նշան Թաթիկեանի դստեր Անահիտի հետ, որուն ծանօթացած էր Կովկասի մէջ, որբահաւաքի իր գործունէութեան շրջանին։ Ունեցան երկու զաւակներ՝ Զաւէն ու Շահէն։ Թեհլիրեան Պելկրատի մէջ ապրեցաւ Սարօ Մելիքեան անցագրով։
Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք Թեհլիրեան որոշեց ընտանեօք հեռանալ Պելկրատէն։ Կարճ ժամանակ մը ապրեցաւ Քազապլանքա (Մարոք), ուրկէ անցաւ Փարիզ եւ ի վերջոյ հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր մնաց մինչեւ մահը՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով Հ.Յ.Դ. Մ.Նահանգներու արեւմտեան շրջանի կազմակերպական կեանքին։
Հայ ժողովուրդի վրիժառու բազուկը հազիւ 64 տարեկան էր, երբ ուղեղի արիւնախռնումի հետեւանքով անկողին ինկաւ եւ, ամիս մը տառապելէ ետք, աւանդեց իր վերջին շունչը։ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը Ազգային Հերոսի արժանի փառաշուք յուղարկաւորութեան արժանացուց Թեհլիրեանին, որ թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի Արարատ գերեզմանատան ճիշդ այն գերեզմանին մէջ, որ 1927ին պիտի յատկացուէր Անդրանիկի, բայց որ՝ Տարօնի Արծիւին Փէր Լաշէզ թաղումով, թափուր մնացած էր…
Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան գոյժը հեռարձակուեցաւ ատենի արեւմտեան զանգուածային բոլոր լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Լռութիւն պահեցին եւ Ազգային Հերոսին նկատմամբ ուրացումի իրենց վարքագիծը շարունակեցին միայն խորհրդային կողմն հայաշխարհի։ Հակադաշնակցական ջղագար պայքարի տխրահռչակ ժամանակաշրջան էր, տակաւին, 1960 թուականը եւ Արարատի փէշերուն ծուարած հայ ժողովուրդին տակաւին արգիլուած էր արժանին մատուցանել իր Վրիժառու Բազուկին։
Բայց միայն կարճ ժամանակի համար էր արգելքը, որովհետեւ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով շղթայազերծուած հայկական պահանջատիրութեան հայրենական պոռթկումի հուժկու ալիքին տակ, ընդհանրապէս Հայ Դատի պայքարին շուրջ հիւսուած լռութեան պատի քանդումին հետ, փուլ եկաւ նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան շուրջ հիւսուած ուրացման եւ լռութեան պատը։

Սողոմոն Թեհլիրեան ի վերջոյ իր հայրենի տան մէջ եւս արժանացաւ Ազգային Հերոսի եւ հայ ժողովուրդի արդարադատ ու վրիժառու բազուկի անմահ պատուանդանին։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել