28 Մայիս 1918. Հայաստանի Անկախութեան եւ Ազատութեան նուաճման Յաղթանակի օրը

28 Մայիսին, ամէն տարի, աշխարհի չորս ծագերէն, հայ մարդոց հայեացքը կ’ուղղուի դէպի Սարդարապատ։մայիս 28

Հայաստան աշխարհն ու հանուր հայութիւնը կը տօնեն հայոց ազգային անկախ պետականութեան ստեղծման տարեդարձը։

Ի՜նչ փոյթ, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, պաշտօնապէս, իբրեւ սոսկ Հանրապետութեան Օր կը տօնէ Մայիս 28ը. իր լիարժէք ու ամբողջական նշանականութեամբ դեռ վերականգնած չէ Հայաստանի Անկախութեան աւանդը։

Կարեւորը ա՛յն է, որ ի հեճուկս տասնամեակներու ուրացումին, հայ ժողովուրդը իր հոգիին ու մտքին խորերը անեղծ պահեց Մայիս 28ով նուիրագործուած «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ի հանգանակը եւ այսօր, ազգային ու պետական իր տօներու շարքին, արժանի տեղը տուած է թէկուզ մասամբ վերարժեւորուած Մայիս 28ին։

Եւ ինչպէս որ Մայիս 28ը կերտած Հայաստանի Անկախութեան Սերունդին տարագիր պատգամաբերները, մօտաւոր անցեալին եւ այս օրուան առթիւ, մարգարէական շունչով կաւետէին՝
Անպայման կու գայ նաեւ այն օրը, երբ արդէն «Ազատ ու Անկախ» Հայաստանը կը նուաճէ «Միացեալ»ով առաջադրուած իր ամբողջացումը եւս։

Պարզապէս պէտք է հաւատա՛լ, ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս եւ այսօր, որ անկախութեան պայքարը շարունակելու, թշնամի հարուածներուն տակ անձնատուր չըլլալու եւ յարատեւ կռուին տոկալու մար- տունակութեան մէջ է փրկութեան եւ ամբողջական յաղթանակի անփոխարինելի գրաւականը։

Որովհետեւ Մայիս 28ին, 96 տարի առաջ, Արարատեան դաշտին վրայ, հայ ժողովուրդը սեփական ուժով պարտութեան մատնեց թրքական ասպատակ զօրքերը եւ իրողապէս նուաճեց ազատ ու անկախ ապրելու իր իրաւունքը։

Մայիս 24ին Սարդարապատի, իսկ յաջորդ օրերուն նաեւ Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ, Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ հայութիւնը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ անարգ ցեղասպանին դէմ, կրցաւ կասեցնել թրքական բանակի ընդհանուր յարձակողականը, թշնամին մղեց նահանջի եւ, ապա, դէպի յառաջ շարժեցաւ։

Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ՝ հայկական ուժերը – զօրայիններ թէ կամաւորականներ – փաստօրէն շրջեցին հայոց պատմութեան վեց դարերու թաւալգլոր անկումի ընթացքը եւ բացին՝ ազգային անկախ պետականութեամբ ազատօրէն ապրելու եւ արդարօրէն զարգանալու պայծառ հորիզոնը։

Երեք ռազմաճակատներուն վրայ ալ, Մայիս 28ին, պարտութեան մատնուած թրքական զօրքերը արագօրէն կը նահանջէին, իսկ հայկական ուժերը կրնկակոխ կը հալածէին թշնամին։ Արարատեան դաշտին մէջ ծուարած հայութիւնը եւ ողբի ու որբի հայրենիքի վերածուած պատմական Հայաստանի այդ փոքր հողակտորը, այլեւ՝ բաբախուն սիրտը կը տօնէին դարաւոր երազին իրականացումը։ Հայ ժողովուրդը ի վերջոյ յաջողած էր սեփական ուժով պաշտպանել իր հողն ու ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքը։

Օրուան ընդհանուր մթնոլորտը լաւագոյնս կը խտացնէր եւ կը թարգմանէր հայկական զօրքերու սպայակոյտին կողմէ Մայիս 28ին հրապարակուած հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Թիւրքերը, երեք օրուայ կռիւներից յետոյ, ջարդուած են եւ նահանջում են հապճեպով։Նրանց զօրամասերը բաժնուած են երեք խմբերի։ Առաջինը՝ Ալագեոզ կայարանից նահանջում է դէպի Անի կայարանը, երկրորդը՝ Ղըմզլու եւ երրորդը՝ Աղջա-Կալա։ Մեր զօրամասերը քայլ առ քայլ հետապնդում են նրանց։ Ոգեւորութիւնը աներեւակայելի է»։

Հայկական յաղթանակը նուաճուած էր հակառակ այն փաստին, որ Արարատեան դաշտի հայութիւնը եւ Երեւան կեդրոնացած հայկական ուժերու ղեկավարութիւնը առանձին մնացած էին եւ իրենց բախտին լքուած էին ինչպէս օրհասական դիմադրութեան սկզբնական օրերուն, նոյնպէս եւ Մայիս 28ին։

Արդարեւ, Հայաստանի ու հայութեան ազգային-քաղաքական կեանքին ընդհանուր ղեկը տակաւին կեդրոնացած կը մնար Թիֆլիսի մէջ, ուր Հայոց Ազգային Խորհուրդը կը դիմագրաւէր ռազմաքաղաքականօրէն շատ ծանրակշիռ կացութիւն։
Թէեւ Պաքուի ուղղութեամբ թուրքեւգերման միացեալ գրոհը ձախողած էր եւ նոյնինքն Պաքուի մէջ, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Ռոստոմի եւ Կարմիր Ռուսաստանի լիազօր Ս. Շահումեանի գործակցութեամբ, թուրքեւգերման յառաջխաղացքը արգելակող ճակատ կազմուած էր, այսուհանդերձ՝ Թիֆլիս կեդրոնացած վրացի, ազերի եւ հայ ղեկավարութիւնները, Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարումը ստանձնած ըլլալով, Մայիսի վերջին տասնօրեակին բախտորոշ ընտրանքներու առջեւ կանգնած էին։

Անկախաբար Ռուսաստանի պոլշեւիկեան իշխանութեանց հետ իրենց ունեցած տարակարծութիւններէն, Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մէջ ներկայացուած երեք ազգերն ալ սուր հակադրութեանց մէջ էին իրարու հետ։

Ազերի-թաթար թրքութիւնը ամէնուր պարզած էր ապստամբութեան եւ թրքական արշաւող զօրքին հետ միանալու դրօշ՝ ոչ միայն Իթթիհատ-Մուսաւաթի մշակած «անկախ Ատրպէյճան»ը իրականացնելու, այլեւ՝ հայապատկան հողերը համաթրքական խմորուող պետութեան կցելու նպատակով։

Վրացիք ամէն գնով կ’ուզէին կանխել պոլշեւիկեան դրօշով ու կարմիր համազգեստով Անդրկովկաս վերադարձող ռուսական տիրակալութիւնը։ Աւելի՛ն. վրացիք արդէն գաղտնի բանակցութեանց մէջ էին տարածաշրջանէն ներս գործող գերման հրամանատարութեան հետ։ Նաեւ՝ Ջաւախքի եւ Լոռիի հայկական շրջանները վրացական գերիշխանութեան ենթարկելու ախորժակներ կը սնուցանէին, համապատասխանաբար թրքական զօրքի հրամանատարութեան հետ գաղտնի գործարքի մէջ մտնելով։

Ազերի¬թաթարներու եւ վրացիներու հակառուսական այսօրինակ հաշիւներուն եւ ախորժակներուն դէմ յանդիման՝ Սէյմի ղեկավարութեան հայկական թեւը, որ ինչպէս Թիֆլիսի ու Երեւանի Ազգային Խորհուրդներուն, նոյնպէս եւ Սէյմի կառավարութեան մէջ մե- ծամասնութեամբ դաշնակցականներէ կը բաղկանար եւ կը հետեւէր Դաշնակցութեան ուղեգիծին, յայտնուած էր ծանրակշիռ ընտրանք կատարելու նեղ դրութեան մէջ։

Նախ իր Ծրագրով իսկ, Դաշնակցութիւնը Արեւելեան Հայաստանի համար կþառաջադրէր ամէնէն լայն ապակեդրոնացումով ինքնավարութիւն՝ դաշնակցային կապերով մաս կազմելով համառուսական պետական ամբողջութեան։ Այդ հիմունքով Դաշնակցութիւնը մասնակցած էր Փետրուար 1917ի Ռուսական մեծ յեղափոխութենէն ետք կատարուած խորհրդարանական բոլոր ընտրութիւններուն եւ արժանացած էր Արեւելահայաստանի թէ Ռուսաստանով մէկ ցրուած հայահոծ շրջաններու ջախջախիչ մեծամասնութեան վստահութեան քուէին։ Այդ վստահութեան դրամագլուխով ալ կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդին շահերը Անդրկովկասեան Սէյմին մէջ, ուր նախ չէր բաժներ ազերիներու եւ վրացիներու հակառուսական ձգտումները։

Ապա՝ Սէյմի հայ ղեկավարութիւնը կը դիմագրաւէր թուրքերուն հետ ազերիներու եւ վրացիներու մերձեցման ծանրագոյն վտանգը, որովհետեւ Թուրքիան մէկ աչքով կը նայէր դէպի Պաքու՝ քարիւղի պահեստներուն տիրանալու կողքին համաթրքական պետութեան ստեղծման իր ցնորքը իրագործելու երազով, իսկ միւս աչքը սեւեռած էր Երեւանին ու Զանգեզուրին՝ պատմական Հայաստանի վերջին բեկորները եւս ցեղասպանութեամբ հայաթափելու եւ բռնագրաւելու նկըրտումով։

Մանաւանդ որ Մայիս 21էն սկսեալ թրքական բանակը ընդհանուր յարձակողականի անցած էր Երեւանի ուղղութեամբ եւ վճռած էր փշրել հայ ժողովուրդին ողնաշարը։ Իսկ Պաթում նստած թրքական պատուիրակութիւնը անընդհատ կը ճնշէր Սէյմի վրայ, որպէսզի անկախութիւն հռչակէ Ռուսաստանէն։

Հետեւաբար, մինչ Արարատեան դաշտի հայութիւնը կենաց-մահու իր կռիւէն յաղթական դուրս կու գար, անդին Պաթումի մէջ ծանր բանակցութիւններ կþընթանային դէպի Պաքու ուղղուող թրքական բանակի հրամանատարութեան եւ Սէյմի կառավարութեան խառն պատուիրակութեան միջեւ։
Մայիս 26ին ընդմիջուեցան բանակցութիւնները եւ Սէյմի կառավարութեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Թիֆլիս՝ իր ձեռքին ունենալով թրքական կողմի վերջնագիրը, որ մէկ կողմէ կը պահանջէր, քանի մը օրուան պայմանաժամով, Սէյմի անկախացումը Ռուսաստանէն, իսկ միւս կողմէ՝ Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի վրայով թրքական զօրքերու ազատ տեղափոխութիւնը։

Սէյմը նոյն օրն իսկ ժողով գումարեց, որպէսզի որոշէ թրքական վերջնագրին իր տալիք պատասխանը։ Բայց վրացիք արդէն գաղտնի համախոհութեան մը եկած էին թրքական պատուիրակութեան նախագահ Խալիլ փաշայի հետ։ Առ այդ, վրացի խորհրդարանականները ժողովէն պահանջեցին լուծարումը ՍԷյմին։ Ազերի-թաթարները ընդհանրապէս համաձայն էին եւ միայն հայկական կողմն էր, որ պնդեց լուծարման քայլին վտանգաւորութեան վրայ՝ ընդդիմանալով նման անջատողական որեւէ որոշումի կայացման։

Այդ պայմաններուն մէջ վրացիք հրապարակեցին իրենց սեփական ընտրանքը կատարելու որոշումը եւ հռչակեցին Վրաստանի անկախութիւնը։

Յաջորդ օր՝ Մայիս 27ին ազերի-թաթարները դիմեցին միեւնոյն քայլին եւ հռչակեցին Ատրպէյճանի անկախութիւնը։

Հայկական կողմը գտնուեցաւ կատարուած իրողութեան առջեւ։ Մայիս 27ի ամբողջ գիշերը եւ մինչեւ Մայիս 28ի լոյս առաւօտը, բուռն քննարկումներ կատարուեցան բոլոր շրջագիծերով՝ թէ՛ Սէյմի մէջ ներկայացուած գործիչներու, թէ՛ Ազգային Խորհուրդի, թէ՛ Դաշնակցութեան թիֆլիսեան կառոյցներու մասնակցութեամբ։

Այդ քննարկումներու արդիւնքով՝ որոշուեցաւ մեկնակէտ ընդունիլ Սէյմի լուծարման փաստը եւ Անդրկովկասի անկախացումը Ռուսաստանէն, ինչ որ անխուսափելի կը դարձնէր Հայաստանի անկախութեան հռչակումը։

Այդպէ՛ս, Հայաստանի անկախութեան իրաւական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Մայիս 30ին՝ Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդի հետեւեալ պատ- մական յայտարարութեամբ, որ Անկախութեան մասին խօսք չունէր, այլ բառացիօրէն կը բաւարարուէր հայկական շրջաններու ինքնիշխանութեան հռչակումով.-
«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերը կազմել հայոց ազգային կառավարութիւն՝ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները՝ հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»։

Այսպիսի՛ն եղաւ Հայաստանի անկախութեան եւ պետական գերիշխանութեան իրաւական հռչակումը, որ խորքին մէջ անկախութեան յայտարարութենէն աւելի՝ թրքական գրոհին դէմ հայկական յաղթանակի կատարուած փաստին արձանագրութիւնն էր։

Այդ յայտարարութիւնը միաժամանակ հիմքը դարձաւ Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազատ ու անկախ պետականութեան ստեղծման. Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդի բաղադրութեան հիման վրայ կազմուեցաւ հայոց պետական անդրանիկ օրէնսդիր ժողովը՝ Հայաստանի Խորհուրդը, որ շուտով ուղին պիտի հարթէր, ժողովրդավարական ընտրութեամբ, Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանի կազմութեան։

Մայիս 28ի Յայտարարութեան հետեւեցաւ կազմութիւնը, Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ, Հ.Հ. անդրանիկ կառավարութեան։

Այսպէ՛ս, նուաճելով 25-27 Մայիս 1918ի Մայիսեան Յաղթանակները եւ զանոնք պսակող Մայիս 28ի Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի ամբողջական եւ անբաժանելի աւանդը՝ հայ ժողովուրդը ընտրեց պատմական վերապրումի իր անդառնալի ուղին։

Միայն ժամանակի խնդիր է, որ իր ամբողջական փառքով վերարժեւորուի Մայիս 28ի ամբողջական խորհուրդը՝ իբրեւ աներեր ՎԷՄը Հայաստանի Անկախութեան։

Այո՛, ազգային մեր յիշողութեան տէր կանգնելու եւ սեփական պատմութեան հետ հաշտ ապրելու հրամայականը յուշելու կու գայ Մայիս 28ի տարեդարձը։

Ն.

azator.gr

Տպել Տպել