«Ազդակ»ի Խմբագրական. Երկու 100-Ամեակներու Արանքին Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը հազիւ բոլորած, համայն հայութիւնը պիտի սկսի նախապատրաստուիլ նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Դարերու ընդմիջումէ ետք պետականութեան կերտումը, երկրին հայացումը, բայց նաեւ եւ անկէ առաջ համաթուրանական ծրագիրներու իրականացման գործընթացը կասեցնելը եւ նման պատմակերտ իրագործումներ պիտի գան ներկայացնելու հանրագումարի ձեւաւորման փորձերը, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ գիտաժողովներով, խորհրդաժողովներով եւ տարբեր ձեւաչափերով արծարծ պիտի պահեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ունեցած բոլոր գնահատանքներէ վեր նշանակութիւնը` հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ:
sardarapat

Ցեղասպանութեան եւ Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակներու արանքին մէջ սակայն կ՛արժէ պատմաքաղաքական ագուցումներու որոշ խորհրդածութիւններ կատարել:

Նախ անշուշտ յիշելու, որ Ա. Հանրապետութիւնը եւ զայն նախորդած սարդարապատեան դիւցազնամարտը խորքին մէջ Թուրքիոյ ծրագրած ամբողջական ցեղասպանութեան կիրարկումի ձախողեցումն էր: Արեւմտահայաստանը ամայացնելէ, արեւմտահայութիւնը տեղահանութեամբ բնաջնջելէ ետք նոյն թուրքը կը սպառնար այս անգամ նոյն ճակատագիրին ենթարկել մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի արեւելեան հատուածը` ընդմիշտ աշխարհի քարտէսէն ջնջելու համար հայ տարրը, հայ ցեղի տեսակը: Սարդարապատը կասեցուց այդ ծրագիրը եւ ձախողեցուց ամբողջական ցեղասպանութիւնը:

Անհաւասար կռիւի սարդարապատեան հրաշակերտ այս խոյանքը Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումներուն անպայման կը խլէ համապատասխան տարողութեան պատմաքաղաքական լուսարձակներ:

100-ամեակներու արանքի վերլուծման երկրորդ կարեւորագոյն խորհուրդի ագուցումներու փորձը մտաբերել կու տայ անկախ հանրապետութեան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան որոշած «Նեմեսիս» գործողութիւնը: Հայկական Նիւրեմպերկը գործադրելու Դաշնակցութեան որոշումը ճիշդ է, որ նախ եւ առաջ ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները պատժելն էր: Պատժական այս պատմական որոշումը սակայն ներազգային իմաստով շատ խոր նշանակութիւն կը ներկայացնէ: Ցեղասպանեալ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական այսօրուան կերտուածքը ուրիշ պիտի ըլլար, եթէ Սարդարապատով չկայանար յաղթանակը, մենք չունենայինք մեր առաջին հանրապետութիւնը, չհայացուէր մեր երկիրը եւ ի վերջոյ հայու ձեռամբ չզգետնուէին Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները:

Բարոյահոգեբանական անկեալ վիճակէն դուրս բերելու հրաշալի եղանակ էր Նեմեսիսը, որուն համահայկական եւ համազգային նշանակութիւնը անպայման կ՛ենթարկուի ոչ միայն գիտական-ակադեմական, այլ նաեւ համապետական արժեւորումի:

Ա. Հանրապետութիւնը իբրեւ մեր լինելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորող վէմ պատմաքաղաքական բազմաթիւ դասեր փոխանցած է իրերայաջորդ սերունդներուն: Այն, ինչ որ ժառանգեցին խորհրդային կարգերը եւ այն վերանկախացումը, որ աւելի քան 20 տարիէ ի վեր մեր երկիրն ու պետութիւնը իբրեւ անկախ միաւոր ամրագրեց ազգերու եւ պետութիւններու ընտանիքին մէջ, հիմք ունի 96 տարի առաջ Սարդարապատով փրկուած, յաղթանակ տարած, ցեղասպանութեան ամբողջացումը տապալած Մայիս 28-ը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել