Մայիս 28-ի Ուխտի Համաժողովրդային Վերանորոգում Պուրճ Համուտի Մէջ

Ազգային Խանդավառութեան Ոգեւորիչ Մթնոլորտի Մէջ

Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փոլիկարպոս» շրջանի «Խորէն Այնթէպլեան» կառատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձի ժողովրդային տօնակատարութիւն:IMG_1402IMG_1415

Պուրճ Համուտը մայիսեան յաղթանակի ոգիով համակող մթնոլորտը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ ներկայացուած միասնութեան շուրջպարով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները:

Շուրջպարի ներկայացումէն ետք, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներուն, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, «Ռոստոմ» եւ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութիւններուն տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը: Տողանցողները Պուրճ Համուտի հրապարակէն ուղղուեցան «Սարդարապատ» ակումբ, ապա «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուրկէ երթը շարունակուեցաւ դէպի «Ռուբէն» կոմիտէութիւն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշներու բարձրացման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Դրօշակի արարողութենէն ետք, Մայիս 28-ի տօնակատարութեան մասնակից բազմութիւնը ուղղուեցաւ «Փոլիկարպոս» շրջանի «Խորէն Այնթէպլեան» կառատուն:IMG_1457IMG_1468

Պաշտօնական տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: Ապա «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ Նելլի Չաքմաքեան-Զուռնաճեան, որ ըսաւ, թէ Մայիս 28-ն եղաւ հանգրուան մը` շրջանցելու ստրկութիւնը եւ առիթ մը, որ սերունդները իրենք զիրենք ճանչնան Սարդարապատով:

Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն միշտ եղած է պատնէշի վրայ եւ պիտի շարունակէ մնալ, մինչեւ ամբողջական, ազատ ու անկախ Հայաստանի վերակերտումը:

Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբը:

Այլ պարով մը հանդէս եկաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի պարախումբը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ընդգծեց, թէ հայրենի հողը միայն արեամբ կ՛ազատագրուի` աւելցնելով, որ մեր հայրենիքը իր նահատակներով սրբավայր է ու աղօթատեղի:

«Մայիս 28-ով վերականգնեցաւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը, վերադարձանք մեր ազգային արմատներուն եւ մեր հայեացքը անգամ մը եւս հպարտօրէն ուղղեցինք Արարատին», ըսաւ ան:

Ր. Տեմիրճեան յայտնեց, որ մեր ազատագրական պայքարը Մայիս քսանութով սկսաւ պսակուիլ, Արցախով շարունակուեցաւ եւ վաղը նոր հանգրուանի մէջ պիտի մտնէ Վանի, Մարաշի ու Սասունի մէջ: «Մայիս 28-ի տօնակատարութիւնները այս ուխտին վերանորոգման կը ծառայեն ու պէտք է ծառայեն», աւելցուց ան:

«Հաւատացէ՛ք, ինչպէս երէկ Սարդարապատին մէջ, այսօր Պուրճ Համուտի ճամբով, համայն սփիւռքով, Արցախով ու Հայաստանի Հանրապետութեամբ պիտի կերտուի նոր մայիսեան յաղթանակ` վերջնական յաղթանակ, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանով կերտուած յաղթանակ», եզրափակեց Ր. Տեմիրճեան:

Օրուան պատգամի փոխանցումէն ետք Ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Հրաչ Կայծակեան, Սերոբ Յակոբեան, Արարատ Ահարոնեան, Սագօ Թաշճեան, Լուսին Տեմիրճեան եւ Գարմէն Պալեան, ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի եւ թմբկահար Վահէ Սիմոնեանի:

Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, կատարողութեամբ` փառատօնին մասնակից երգիչներուն եւ մասնակցութեամբ` ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութիւններու պատանիներուն:

Նշենք, որ կառատան մուտքին մասնակից բազմութեան բաժնուեցան ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի յատուկ հրատարակութիւնը, «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէութիւններուն կողմէ յուշանուէրներ, երեք դրօշակներ եւ Եռագոյն փուչիկներ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել