Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր Է. Պատգամաւորական ժողովին բացումը կատարեց Երեւանի մէջ 29 մայիս 2014-ին` ներկայութեամբ 16 շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներու, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարներուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ու արտակարգ դեսպանին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին, ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ «Արարատ» միութեան ներկայացուցիչներուն եւ հայրենի մտաւորականներու:

Hamaz-logo-fԻրերայաջորդ չորս օրերու վրայ երկարող 13 նիստերով ժողովը հանգամանօրէն քննեց նախ ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, իր օրակարգին վրայ տեղ գտած կրթական եւ մշակութային նիւթերը, ապա անցաւ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար իր համահայկական գործունէութեան ծրագիրի մշակման:

Համազգայինի կազմակերպական վիճակը քննարկման ենթարկելով` ժողովը ծանրացաւ շարքերը երիտասարդացնելու, Համազգայինի ընտանիքին աշխարհագրական ընդարձակումի հրամայականին վրայ եւ առ այդ տուաւ գործնական որոշումներ: Մշակութային եւ կրթական գործունէութեան ծիրին մէջ` իբրեւ մարդուժի բացառիկ աղբիւր, ժողովը շեշտեց Համազգայինի Ճեմարաններուն վերանորոգ դիմագիծ եւ աւելի լայն տարողութիւն տալու աշխատանքի կարեւորութիւնը, Հայաստան-սփիւռք կրթական եւ մշակութային գործակցութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի աշխատադաշտի ընդարձակման կարեւորութիւնը, հրատարակչատան գործունէութիւնը յաւելեալ ծաւալով յառաջ տանելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստան-սփիւռք մշակութային եւ կրթական գործակցութեան ծիրին մէջ, ժողովը գնահատեց Համազգայինի հայաստանեան բեղուն գործունէութիւնը եւ որոշեց աւելի ընդարձակել անոր դաշտը:

Սուրիոյ ճգնաժամին պատճառով հոն բնակող հայ ժողովուրդի հատուածին կրած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, մշակութային եւ մանաւանդ ազգային վնասներուն անդրադառնալով` ժողովը որոշեց ամէն ձեւով զօրակցիլ սուրիահայութեան գոյատեւման ու վերականգնումի ճիգերուն:

Մեկնելով Համազգայինի աւելի քան ութ տասնամեակներու գործունէութենէն եւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» անսակարկելի առաջադրանքէն` ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտադրեց թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ գործօն ներկայութիւն ըլլալու ծառայական առաքելութիւնը:

Ժողովը ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրը, ինչպէս նաեւ` Երեւանի պետական համալսարանին հետ ստորագրուած համաձայնագիրը` հայագիտական մասնագիտացման ծրագիրի գծով:

Եզրափակելով իր աշխատանքները` ժողովը կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին աշխարհին պահանջատիրական ոգիով եւ վճռակամութեամբ ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը:

Աւարտին ժողովը ընտրեց նոր Կեդրոնական վարչութիւնը` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կազմուած է հետեւեալ ձեւով`

Վաչէ Փափազեան (Լիբանան)
Վարանդ Ալեքսանտրեան (Լիբանան)
Մկրտիչ Եափուճեան (Լիբանան)
Եսայի Հաւաթեան (Լիբանան)
Կարօ Պայթարեան (Լիբանան)
Թամար Գապագեան-Հաշէօլեան (Լիբանան)
Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան)
Սպարտակ Ղարաբաղցեան (Հայաստան)
Կարօ Մանճիկեան (Սուրիա)
Աննա Յովհաննէսեան (Եւրոպա)
Վիգէն Թիւֆենքճեան (Քանատա)
Վիգէն Եագուպեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Հրայր Պարոնեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ
ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Է. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Երեւան, 1 յունիս 2014
aztagdaily.com

Տպել Տպել