12 կէտերը տարբեր առումներով հրատապ են

Հարցազրոյց Արտաշէս Շահպազեանի Հետ

2406InterviewshahbazianԵրեքշաբթի, 24 յունիսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հայաստանեան տեղեկատուական դաշտին դիմագրաւած հարցերուն:

Պատասխանելով վերջերս Հայաստանի մէջ ընկերային եւ տնտեսական հարցերով ցոյցերու երեւոյթին մասին հարցումի մը` Շահպազեան յայտնեց, որ ընկերային եւ տնտեսական վատ վիճակն է, որ մարդոց մօտ ստեղծած է այդ վիճակը, որովհետեւ անոնց համար իրական փոփոխութիւն մը տեսանելի չէ:

Խօսելով ոչ իշխանական չորս ուժերու հրապարակած 12 կէտերէ բաղկացած պահանջներուն մասին` ան ըսաւ, որ այդ 12 կէտերը կենսական ու պահանջուած հարցեր են, որոնք տարբեր առումներով հրատապ են:

Անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Էրտողանի ուղղուած հրաւէրին` ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատուն նշեց, որ ատիկա ստոյգ եւ շօշափելի պատասխան էր Էրտողանի «ցաւակցական ուղերձ»-ին` աւելցնելով, որ հրաւէրը մերժելը կամ չմերժելը այժմ Թուրքիոյ համար իսկապէս խնդիր պիտի ըլլայ:

Պատասխանելով Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հարցով ռազմավարութեան մը գոյութեան մասին հարցումին` Արտաշէս Շահպազեան յայտնեց, որ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ գոյութիւն ունին, սակայն ինք այն մտավախութիւնը ունի, որ անոնք «բան մը ըրած ըլլալու» համար են, որովհետեւ այդպիսի տպաւորութիւն մը կը ստեղծեն եւ իբրեւ այդպիսին արդիւնքի իմաստով բաւարար պիտի չըլլան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել