Ակնարկ. «2-րդ Ժեսթ»-ը

217677
Թուրքիոյ գործող վարչապետ, նախագահութեան թեկնածու եւ գէթ այժմու տուեալներով յառաջիկայ հաւանական նախագահ Էրտողանին վերագրուող քարոզչական գործողութիւնները հայկական հարցերուն նկատմամբ աշխուժ ընթացքի մէջ կը թուին ըլլալ: Թէկուզ ապատեղեկատուութեան կարգով:

Պարզ էր, որ ցաւակցական գործողութեան պիտի հետեւէին այլ «ժեսթ»-եր: ժեսթային այս քաղաքականութիւնը կրնայ տարբեր շարժառիթներ ունենալ:

Իր այսօրուան կարգավիճակին նկատառումով Էրտողան, բնականաբար շատ կարեւոր պիտի նկատէ ներքին սպառման շուկան: Ամբոխային տրամադրութիւններու վրայ ազդելու միջոցներու լիարժէք օգտագործման դէպքերը պիտի շարունակեն յաջորդել իրարու: Խնդիրը այս պարագային սերտօրէն փոխառնչուած է: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր հորիզոններ բանալու հնարաւորութիւն ցոյց տալը ներքին անդրադարձ կ՛ունենայ անշուշտ եւ քուէահաւաքի աշխատանքին վրայ անպայման իր ազդեցութիւնը կը ձգէ:

Նախ եւ առաջ քրտական հանգոյցի լուծման համար առնուած քայլերը ներթրքական հասարակութեան վրայ այս կամ այն ձեւով ազդեցիկ դեր կ՛ունենան: Չենք խօսիր տակաւին ուղղակի քիւրտ ազգաբնակչութեան կատարելիք ընտրանքին մասին, իր գերխնդիրին լուծման ուղղութեամբ առնուող քայլերուն համապատասխան գնահատական տալու եւ այդ գնահատականին քուէական դրսեւորումը կատարելու մասին: Եւ բնական է, որ միանշանակ դրսեւորումներ չեն արձանագրուիր այս պարագային:

Արտաքին-ներքին շարժառիթներ ունեցող նման հարցերու շարքին կրնայ դասուիլ նաեւ հայկականը: Արտաքին հարց լուծելու տպաւորութիւնը թողելով, ներհասարակական շրջանակներուն վրայ որոշակի ազդեցութիւն բանեցնելու քաղաքականութիւնը գուցէ: Այստեղ ոչ միայն դասական կամ թաքուն համայնքին մասին է խօսքը, այլ նաեւ այն շրջանակները, որոնք նման հարցերու հարթման համար այլընտրանքային մտածողութեամբ հանդէս կու գան:

Ամբողջովին կրնայ համոզիչ չթուալ այս տեսակէտը: Հայերուն ուղղուած ցաւակցութիւնը կամ սահման բանալու տակաւին թէական խոստումը որքանո՞վ կրնան բարձրացնել Էրտողանի արժէքը ներքին շուկային մէջ: Շարժառիթներու փոխառնչութեան վարկածը այստեղ ինքզինք աւելի զգալի կը դարձնէ իբրեւ ներկայութիւն, եթէ յիշենք ցաւակցական նշանաւոր ուղերձին միջազգային ընտանիքին ուղղուած ըլլալը: Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու պահանջ էր սահմանի բացումը: Նոյն այդ կեդրոնները շատ անգամ յիշեցուցին Էրտողանական վարչակարգին, որ թելեր ունին իրենց ձեռքին` շարժելու քաղաքացիական եւ հասարակական շարժումները Թուրքիոյ տարածքին: Չմոռնանք, որ ներհասարակական այդ շարժումները գաղափարական ուղղուածութիւններով, կենսոլորտի, բնապահպանութեան եւ քաղաքացիական տարբեր առաջադրանքներ արծարծելով, չհատեցին ազգային խնդիրներու սահմանը: Ինքնութեան հարցերու բարձրացումը արդէն նոր տարողութիւն կ՛ապահովէր շարժումին: Այդ պահը չէ հասած ըստ երեւոյթին:

Սահմանի բացման ուղղութեամբ անպաշտօն տեղեկատուութիւնը կրնայ հակավարկանշային մտադրութիւն ունեցած ըլլալ` նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան մօտալուտ ըլլալը: Հիմա ուշադիր կարդանք լրատուութիւնը:

«Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ծրագրէ բանալ ղարաբաղեան պատերազմի պատճառով 1993-ին փակուած եւ տարիներ շարունակ փակ մնացած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը: Թրքական լրատուականները, «Թարաֆ» պարբերականին յղումով, կը գրեն, որ ատիկա պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 2-րդ քայլը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:

«Թարաֆ»-ը ճանչցուած է իբրեւ հակակառավարական դիրքորոշում ունեցող թերթ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հերքումը նախ եւ առաջ մտածել կու տայ, որ «Թարաֆ»-ը նման ապատեղեկատուութիւն կատարած է ընտրութիւններուն Էրտողանի վարկանիշը նուազեցնելու համար: Անկախ անկէ, որ սահմանի բացումը կը կայանա՞յ, թէ՞ ոչ, այս «անպաշտօն» տեղեկատուութիւնը իբրեւ «ցաւակցութեան» շարունակութիւն կ՛ընկալուի: Ինչ ալ եղած ըլլան շարժառիթները, սահմանի բացման հաւանականութիւնը արդէն իբրեւ լրատուութիւն թրքական լրատուադաշտին մէջ աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ դրուած է: Թրքական կողմը կ՛առաջադրէ անոր իբրեւ ժեսթ ընկալումը նախքան հայկական կողմէն, միջազգային ընտանիքէն: Փաստօրէն, այդպէս ալ բնութագրուած է` 2-րդ ժեսթ:

Հայկական լրատուադաշտը, եթէ այս յայտարարութիւնը ներկայացնէ իբրեւ 2-րդ ժեսթ, ոչ միայն պատճէնահանած կ՛ըլլայ թրքական տեղեկատուական մեքենային արտադրութիւնը, այլ աւելի՛ն: Ընդունած կ՛ըլլայ ցաւակցութեան առաջին ժեսթ ըլլալը:

Պաքուն անպայման կ՛արձագանգէ այս լրատուութեան: Ամենայն հաւանականութեամբ թրքական տարբերակով` «անպաշտօն» ձեւով:

Մեր անմիջական խնդիրը այս տեղեկատուական գործողութիւնը իբրեւ ժեսթ չընկալելն է. աշխատիլը, որ իբրեւ այդպիսին չընկալէ նաեւ միջազգային կարծիքը:

«Ա.»

aztagdaily.com

04/07/2014

Տպել Տպել