Հայ Դատի Եւ ՀԲԸՄի Միացեալ Աշխատանիստը

0000anca_aՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յունիս 18ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրը եւ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու Ուաշինկթընի մասնաճիւղը միացեալ աշխատանիստ մը իրականացուցած են՝ քննելով քաղաքական, հանրային քաղաքականութեան, համացանցային հաղորդակցութեան եւ լրատուամիջոցներու առնչուող հարցեր։

Աշխատանիստին մասնակցած են հանրային քաղաքականութեան մարզի նոր եւ փորձառու պաշտօնեաներ, իսկ ելոյթներ ունեցած են կառավարական մարզի մասնագէտներ Չարլզ Եսայեան (JMH Group), Արամ Վերտիյեան (Accolade Partners) եւ Յակոբ Ստեփանեան (Cotton & Company)։արամ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է սոյն մասնագէտներուն, որոնք իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները փոխանցելով՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ շրջակայքի հանրային քաղաքականութեան մարզի պաշտօնեաները հարստացուցած են արժէքաւոր տեղեկութիւններով։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներուն հետ գործակցութիւնը կը շարունակուի եւ կ՛ընդարձակուի, նպաստելով մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հայութեան ձայնը աւելի ազդու դարձնելու ջանքերուն։
Ելոյթ ունեցած է նաեւ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրի խորհրդատու մարմինի ատենապետ Տենիըլ Ստեփանեան-Պենեթ։

«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական աշնանային ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմումները կատարեն մինչեւ Յուլիս 15՝ այցելելով www.anca.org/gateway կայքէջը։

asbarez.com
10/07/2014

Տպել Տպել