Կոչ՝ Համազգային Միտք Ածելու

Միայն քանի մը ամիս առաջ էր, երբ Թուրք պատմութեան կաճառի նորօք հրաժարեալ նախագահ՝ փրոֆ. Մեթին Հիւլակու, հարցումի մը պատասխանելով՝ ըսած էր, թէ 1915 թուականը յատուկ նշանակութիւն մը չունի իրեն համար եւ եթէ յառաջիկայ տարի այդ թուականի դարադարձն է, ապա իրեն համար այս մէկը կը նշանակէ Սարըքամըշի անկռիւ պարտութեան հարիւրամեակը:

Իրա՛ւ ալ, վերջին տարիներուն, Թուրքիոյ մերժողական տեսակէտը որդեգրած կեղծ պատմաբանները եւ անոնց համակիր քրոնիկագիրները ամէն առիթով կը փորձեն համաշխարհային ռազմական պատմութեան արձանագրած ամենատխմար պարտութիւնը հերոսամարտի մը վերածել:

Այդ թուին բազմաթիւ պատանի զինուորներ զոհ գացած էին ընդհանուր հրամանատար Էնվէր Փաշայի կիրքերուն: Անոնք առանց փամփուշտ մը իսկ վառելու, սառած էին դաժան ձիւնամրրիկի տակ: Ստախօսները կը շրջանցեն այս իրողութիւնը եւ կը փորձեն այդ խեղճ զինուորներու մահէն հերոսապատում մը ստեղծել: Այժմ, փրոֆ. Հիւլակու հրաժարած է իր պաշտօնէն եւ այլեւս ստիպուած չէ նման սնամէջ ելոյթներով իր վարկը ստորնացնելու: Գոնէ հանգիստ սիրտով կրնայ օգտուիլ լռելու իրաւունքէն: Իր նախորդը՝ փրոֆ. Եուսուֆ Հալաճօղլու, այդ իրաւունքն ալ չէր ունեցած, քանի որ Ազգայնական կուսակցութեան շարքերէն պատգամաւոր ընտրուած էր:Eghern-turk

Բայց մենք թողունք զիրենք իրենց հակասութիւններուն մէջ եւ մտածենք մեր օրակարգին մասին: Արդարեւ, թէ՛անհատական գետնի վրայ եւ թէ հաստատութիւններու ջանքերով զարմանալի աշխուժութիւն մը կը տիրէ 2015 թուականը, այսինքն Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձը, արժանի կերպով յիշատակելու առումով: Կան ծայր աստիճան համեստ աշխատութիւններ, որոնք ընդհանրապէս անհատական բնոյթ ունին եւ հետեւաբար՝ անհատական կարողութիւններով եւ կարելիութիւններով սահմանուած են:

Օրինակի համար՝ երիտասարդ նկարահաններ իրենց նեղ պայմաններով, տեսախցիկ մը շալկած կը փորձեն պատմական վկայութիւններ անմահացնել՝ նկարահանելով զանազան կեանքեր, զանազան ապրումներ: Սակայն անոնց կողքին կան առաջնակարգ արհեստավարժ նկարահաններ, որոնք ասպարէզի աստիճանները բարձրացած են բազմաթիւ մրցանակներ նուաճելով: Իրենց անունը դրոշմած են համաշխարհային տաղանդներու շարքին, եւ հիմա, անոնք ալ նմանաբնոյթ պատրաստութիւններու մէջ են: Կը պատրաստուին Հայոց Ցեղասպանութեան ձօնուած ֆիլմերով մասնակցելու միջազգային կինօ-փառատօներու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր բոլոր ուշադրութիւնը սեւեռած է 2015ի ընթացքին դուրսէն գալիք հոսանքի մը: Ներկայ դրութեամբ, միայն արտասանուած խօսքով, սպառնական բնոյթի խոստումներով հասկնալի կրնայ ըլլալ նախարարութեան մտահոգութիւնը: Միայն խոստումով կ՛ըսենք՝ քանի որ այնքան ալ վերահասու չենք, թէ Ցեղասպանութեան թանգարանի վերանորոգումէն, նոր բաժիններու յաւելումէն բացի դեռ ի՞նչ նախագիծեր կան, որոնք պիտի ցնցեն զանազան երկիրներու հասարակութիւնները: Բայց, ըստ երեւոյթին՝ շատ աւելի ցնցիչ հոսանքը պիտի գայ երկիրի ներսէն: Թուրքիոյ հասարակութիւնը աննախադէպ թիւով պիտի մասնակցի 2015 թուականի Ապրիլի 24ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ կայանալիք ոգեկոչման սգահանդէսին: Իսկ սոյն միջոցառումներուն, հայ ժողովուրդը ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակէ. ա՛յս ալ թող ըլլայ մեր հոգը, որուն մասին հաւաքաբար միտք ածենք:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«ԱԿՕՍ»

asbarez.com
10/07/2014

Տպել Տպել