Դեսպանի հանդիպումը ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ

Fotor0717115727Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան բաժինը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան հանդիպած է ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, իր դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկին կապակցութեամբ։ Ան խորհրդակցութիւններ ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ գործող ամերիկահայ առաջատար կազմակերպութիւններու՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ղեկավարներուն հետ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Կարօ Արմէնեանի, ատենապետ Քեն Խաչիկեանի, Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունի հետ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւններու օրակարգին, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող այլ հարցերու:

Փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնուած է շարունակելու հետագայ համագործակցութիւնը:

asbarez.com

Տպել Տպել