«Ազդակ»ի Խմբագրական. Պատժական Արշաւանք Եւ Համարժէք Պատասխան (Խանասորի Արշաւանքի Նշումին Առիթով)

ազդակԽանասորի արշաւանքը հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ կը յատկանշուի յատուկ գործողութենէ մը ակնկալուած կատարեալ նախածրագրաւորուածութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, իրականացման ընթացքին ի յայտ եկած զինուորական արհեստավարժութեան բարձր մակարդակով, նպատակաուղղուածութեամբ եւ տակաւին իր թողած բարոյական աւանդներով: Այս բոլորին մասին մանրամասն պատումներ, վերլուծումներ, յուշեր եւ նկարագրականներ հարստացուցած են յեղափոխական գրականութիւնը:

Խանասորի արշաւանքին հիմնական բնոյթն ու շարժառիթը պատժականն էր: Պատժականը ոչ միայն զուտ վրէժխնդրական մղումներէ թելադրուած, այլեւ հիմնականին մէջ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական աստիճանի բարձրացման առաջադրանքով: Եթէ մէկ կողմէ հայ յեղափոխականներու կեանքերուն պատճառ դարձած քիւրտ ցեղախումբի սաստումն էր, զգաստացնելու կարծր ոճն ու պատասխանը, միւս կողմէ նաեւ սպանութիւններու առթած համընդհանուր յուսալքման պատկերը շրջելու յեղափոխական կամքի դրսեւորումը: Երկու առումներով ալ պատժական այս գործողութիւնը յաջողեցաւ խփել թիրախները:

Հայ ազատագրական պատմութեան այս առաջին օրինակը այնուհետեւ իբրեւ պայքարի փիլիսոփայութիւն եւ մեթոտ ինքզինք զգալի դարձուց տարբեր առիթներու: Հայ-թաթարական կռիւներուն ընթացքին իրականացած պատիժներէն մինչեւ Նակաշիձէի զգետնում եւ այնուհետեւ Նեմեսիս` պատմական տարբեր հանգրուաններու վրայէն արագ անցումներ կատարելով հասնինք այսօրուան իրավիճակին, լուսարձակի տակ առնելու համար յատկապէս ազրպէյճանցիներու ներթափանցման գործողութիւններու հայկական հատու պատասխանները:

Ազրպէյճանական ներթափանցման գործողութիւնները ապրած են որոշ հոլովոյթ մը: Նախ հեռակայ դիրքերէ արձակազէններու ճամբով, հայկական դիրքերու վրայ ծառայող զինուորներ նշանակէտի վերածելով վիրաւորներ եւ զոհեր խլելն էր օգտագործուած ոճը: Աւելի ուշ, Արցախ-Ազրպէյճան սահմանի արագ հատում, դիրքի վրայ յարձակում եւ նոյնքան արագ խոյս տալն էր: Հետագային, ներթափանցման գործողութիւնները սկսան արձանագրուիլ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանամերձ շրջաններուն ուղղութեամբ, ոչ միայն ռազմական կէտեր, այլ նաեւ գիւղացիներ թիրախ ընտրելով:

Վերջին շրջանին էր, որ բազմաթիւ ուղղութիւններով Ազրպէյճան փորձեց հայկական կողմին համար ստեղծել արտակարգ իրավիճակ եւ զայն ներկայացնել իբրեւ խուճապահար կացութիւն, միաժամանակ Հայաստանի հետ իր սահմանին տեղակայելով նկատառելի համրանք ներկայացնող զօրք. այս դասաւորումին հետեւեցան նաեւ սահմանին վրայ իրականացուած զինավարժութիւններ:

Հայկական կողմը նման իւրաքանչիւր առիթի յայտարարեց, որ պատրաստ է համարժէք պատասխան տալու ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն: Աւելի պարզ դարձուց, որ հայկական ուժերը անգամ մը եւս տարածք ազատագրած են, երբ Ազրպէյճանը նախայարձակութեամբ փորձած է վնաս հասցնել հայկական ուժերուն: Այս փաստը նկատի ունենալով վերզգուշացում կատարուած է հակառակորդին, որ Պաքուն, նման զինուորական վարքագիծի շարունակութեան պարագային, կը ստանձնէ պատասխանատուութիւն ազրպէյճանցի յաւելեալ զոհերուն:

Համարժէք պատասխան տալու եւ պատժելու հայկական կողմին այս վճռակամութիւնը ի տես վերջին շրջանին կատարուող ազրպէյճանական լայնածաւալ գործողութիւններուն մարտավարական փոփոխութիւն յայտարարեց: «Զոհի դիմաց զոհ»-ը, փոխարինուեցաւ «գործողութեան դիմաց նոր դիրք» բանաձեւով:

Համարժէք պատասխան տալու հայկական կողմի յայտարարութիւնները ունեցան առարկայական դրսեւորումներ: Ոչ միայն հակառակորդը ունեցաւ զոհեր, կամ արձանագրեց դիրքերէ փախուստներ, այլ նաեւ տուաւ ռազմագերիներ:

Պատժիչ այս գործողութիւնները, յար եւ նման Խանասորի, ոչ միայն լռեցուցին հակառակորդը, այլ նաեւ բարձրացուցին ժողովուրդի բարոյահոգեբանական տրամադրութիւնը: Ի վերջոյ միշտ ճիշդ չէ «լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է» տեսութիւնը: Նախայարձակը պիտի իմանայ, որ իր դիմաց կայ պաշտպանուելու ատակ, մարտունակութեան մրցանիշ նուաճած եւ գործնապէս նաեւ պատերազմ յաղթած հայոց բանակ, որ անպատիժ չի ձգեր իր սպան կացինահարողը, իր գիւղացիներուն վրայ կրակողը, իր սահմանները հատողը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս հայ յեղափոխականներուն կեանքերուն պատճառ դարձածները պատժուեցան Վարդանին, Իշխանին, Սեւքարեցի Սաքոյին ու Նիկոլ Դումանին կողմէ: 1897-ին, Խանասորի մէջ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել