Հ.Օ.Մ. – ի հանդիպումը Մ.Ա.Կ. – ի մօտ Հ.Հ. դեսպան Զոհրապ Մնացականեանի հետ

homՀ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչները Դեսպան Մնացականեանին հետ հանդիպման ընթացքին: Ձախէն աջ՝ Հուրի Կէօտէլէքեան, Լինտա Թարզեան, Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան, Պարոն դեսպան՝ Զոհրապ Մնացականեան, Վալենթին Պէրպէրեան: Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչները Դեսպան Մնացականեանին հետ հանդիպման ընթացքին:

Ձախէն աջ՝ Հուրի Կէօտէլէքեան, Լինտա Թարզեան, Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան, Պարոն դեսպան՝ Զոհրապ Մնացականեան, Վալենթին Պէրպէրեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 17-ին, Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներ, Նիւ Եորքի մէջ, հանդիպում ունեցան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան՝ Պարոն Զօհրապ Մնացականեանին հետ: Հանդիպման ներկայ էին Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէնուհի՝ Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Օ.Մ.-ի աշխատանքները համակարգող՝ Հուրի Կէօտէլէքեան, Մ.Ա.Կ.-ի Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Վալենթին Պէրպէրեան, եւ Մ.Ա.Կ.-ի անցագիր կրող ՝ Լինտա Թարզեան:

Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչները բարի գալուստ մաղթեցին Դեսպան Մնացականեանին, որմէ ետք առիթ եղաւ զանազան նիւթերու մասին կարծիք փոխանակելու, եւ յատկապէս քննարկուեցան Հ.Օ.Մ.-ի եւ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Հ. Ներկայացուցչութեան միջեւ համագործակցութիւնը շարունակելու կարելիութիւնները:

Դեսպան Մնացականեան նշեց, թէ հպարտանք է Հ.Օ.Մ.-ի պէս կանանց կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ տեսակցութիւն ունենալ եւ արծարծել հայրենի թէ Սփիւռքեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ ստեղծել համագործակցութեան նոր առիթներ՝ Կանանց իրաւունքներու, Կիներու Իրավիճակի Յանձնաժողովի Նիստին, եւ Պէյճինկ +20 համաշխարհային արշաւին աշխատանքներուն ընթացքին:

Պարոն դեսպանը քաջ տեղեակ ըլլալով Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութեան ու համահայկական ծրագիրներուն, բարձր գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան տարած աշխատանքը Մ.Ա.Կ.-ի աշխատանքներուն ծիրէն եւ ընդհանրապէս, հայկական իրականութենէն ներս:

1975-էն ի վեր Հ.Օ.Մ.-ը Մ.Ա.Կ.-ի անդամ է: 1978-ին ՀՕՄը գրանցուած է որպէս Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւն Հանրային Տեղեկատուութեանց Բաժանմունքին մօտ: Հ.Օ.Մ.-ը մաս կը կազմէ նաեւ Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC), 1998-էն ի վեր:

hairenikweekly.com

24/07/2014

Տպել Տպել