Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան 94-ամեակ — ՍՊԱՍԵ՞ՆՔ ՆՈՐ ԿԼՈՐ ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՄԸ, ՍԵՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿ

Սեւրի դաշնագիրը առաջին եւ ամենայն յստակութեամբ բանաձեւուած փաստաթուղթն է Հայոց իրաւունքը միջազգայնօրէն հաստատող։ Խաղաղութեան վեհաժողովի մը մասնակցող պետութիւններու լիազօրներ զայն ստորագրած են։

WilsonArmeniaMapՔուլիսներու մէջ գրուած թուղթի կտոր չէ: Մասնակիցները պատահական անձեր չէին, պետութիւններ կը ներկայացնէին:

Տօնախմբութիւններու, նոյնիսկ մեր կողմէ դաշտահանդէսի չարժանացող օր մըն է Օգոստոս 10ը: Ժամանակակից սպառողական-արձակուրդի ընկերութեան տախտակներուն վրայ կան ծովափ, լեռներ, տարաշխարհիկ երկիրներ, նաեւ դէպի Հայաստան զգացական զբօսաշրջութիւն: Այս տարի, պատահականութեան արդիւնք, ես ալ պիտի գտնուիմ Հայաստան ճամբորդներ տանող օդանաւին մէջ: Ոմանց պիտի հարցնեմ, թէ ի՞նչ կը յիշեցնէ օրը: Բայց ինչո՞ւ անհանգստացնել «տուրիստ»ները, երբ թերթերն անգամ հակամէտ են ՕԳՈՍՏՈՍ 10ը չյիշելու:

Ոչ շռնդալից խորհրդաժողով, ոչ ամպագորգոռ հանրահաւաք: Թէեւ չենք մոռնար, տարբեր առիթներով յիշեցնելու, որ ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐը, միջազգային ստորագրութիւններով, ընդունուած էր 1920 Օգոստոս 10ին: Միջազգային արդարութեան վաւերաթուղթ մը, որ միջազգային նենգութեան զոհ եղաւ, միջազգային նպարավաճառութեան աղբի զամբիւղը դրուեցաւ, քանի որ անոր գործադրութիւնը պահանջող ոչ ուժը ունէինք ոչ ալ նեցուկը: Այդ նենգութեան դերակատարներէն այսօր կÿաղերսենք Ցեղասպանութեան ճանաչման մխիթարութեան շոյանքը, որ ոչ Հայոց ազգային դատ է ոչ ալ Հայոց իրաւունքի վերականգնում, հակառակ եսերու համար ոստումի տախտակ ըլլալու կոչուած ծափերու եւ իրարանցումներու, մխիթարական բան չնշանակող պարգեւ:

Սեւրի դաշնագիրը առաջին եւ ամենայն յստակութեամբ բանաձեւուած փաստաթուղթն է Հայոց իրաւունքը միջազգանօրէն հաստատող։ Խաղաղութեան վեհաժողովի մը մասնակցող պետութիւններու լիազօրներ զայն ստորագրած են։ Քուլիսներու մէջ գրուած թուղթի կտոր չէ: Մասնակիցները պատահական անձեր չէին, պետութիւններ կը ներկայացնէին:

Թէ յետոյ ինչ եւ ինչ ըրած են իրենք զիրենք աշխարհի իրաւարարութեան երէկ եւ այսօր կոչածներ, այլ խնդիր է: Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման ընթացքին երբեք մտահան պէտք չէ ընել պետական լիազօրութեամբ կնքուած դաշնագիրը, այլ հանդէս գալ յստակօրէն անոր անտեսման եւ ուրացման դէմ արտայայտուող քննադատութեամբ: Ի վերջոյ, վատութիւն էր Սեւրի դաշնագրի ոտնակոխումը եւ ուրացումը, կարծէք այս տխրութիւնը փակագիծի մէջ կը դնենք, երբ սպասման սենեակներու մէջ կը սպասենք: Ցեղասպանութեան ճանաչման աղերսանքէն առաջ այս պէտք էր ըսէինք, չըսինք, եւ ճապկումներով՝ չենք ըսեր:
Ինչո՞ւ զարմանալ երբ Ատոլֆ Հիթլէր անպէտ թուղթ համարեց Վէրսայլի դաշնագիրը…

Այսքան միակողմանի վերաբերում սոսկ շահախնդրութիւն է, եւ ապագան երբ կÿուզենք պատ- կերացնել, լաւատեսութիւն չի ներշնչեր:

Նոյնիսկ Թուրքիան ստորագրած էր դաշնագիրը:

Հայաստանի սահմաններու ճշդումը, եթէ հարցերը քննենք, այս կամ այն կողմի վաւերացման կարիք չունէր: Դաշնագիրը վաւերացուած էր, Ութրօ Ուիլսընի (ոչ Միացեալ Նահանգներու) վստահուած էր իրաւարարական պարտականութիւն մը: Ան այդ պարտականութիւնը կատարած է յանուն կնքուած դաշնագրով իրեն տրուած իրաւունքի: Եթէ միջազգային յարաբերութիւնները առաջնորդուած ըլլային (եւ այսօր ալ ըլլան) տարրական բարոյականով եւ սկըզբունքներու հաւատարութեամբ, այսօր ալ կը հաւաքուին եւ ուրացումներու թապուլա րազա կ’ընեն, յանուն իրաւունքի եւ արդարութեան:

Եւ եթէ այդ ընելու ազնուական քաջութիւնը ընելու ոչ ոք տրամադրութիւն կը դրսեւորէ, գէթ մենք, հպարտութեամբ եւ քաջութեամբ մերժենք փշրանքներով բաւարարուելու թարանթելլան կամ քոչարին…

Տարի մը առաջ, բարձրաստիճան եկեղեցականի մը հետ, երկուքով, յիշեցինք մեզ պատմութեան հունին վերադարձուցած այդ դաշնագիրը խորհըրդանշող եւ ստորագրած պայծառ դէմքին Փարիզի Փէռ Լաշէզ գերեզմանատան դամբանը անաղմուկ ուխտի: Ոչ ֆանֆառ, ոչ երգչախումբ, ոչ իսկ ծաղկեպսակ:

Օդանաւին մէջ, եթէ միջոցը գտնեմ, պիտի հարցնեմ ճամբորդներուն, գէթ անոնց մէկ մասին, թէ ի՞նչ կÿըսէ այս «Օգոստոս 10»ը… Երբ տեղ հասնիմ, պիտի հարցապնդեմ նաեւ ամէն բանի խօսող համացանցը: Որքան ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ յոռետեսութիւնս այդքան ըլլայ, եւ աղմուկ սիրող եւ «տուրիստ» հայրենակիցներս ըսեն թէ… սխալած էի:

Երբ Հայաստան հասնիմ, ականջներս պիտի խլանան իմանալով, որ Հայաստանի կամ Արցախի այս կամ այն տեսարժան վայրերուն մէջ երիտասարդական ճամբարներ կան, անոնց մասին հոգեպարար ճառեր պիտի ըսուին ազգին մեծերուն կողմէ: Պիտի յիշե՞ն Փէռ Լաշէզի մինուճար դամբանը եւ «Օգոստոս 10»ը: Եթէ չյիշեն, կը նշանակէ, որ ոչ միայն օտար ուժեր, այլ նաեւ մենք մեր ինքնահաստատման դաշնագիրը դարձուցած ենք քուրջի կտոր…

Արձակուրդի թէժ օրերուն ինչո՞ւ անհանգստանալ եւ մանաւանդ՝ անհանգստացնելու փորձ ընել…

«Օգոստոս 10»ին ինչո՞ւ ԲՈՂՈՔի ցոյց մը չընել իրենց ստորագրութիւնը չյարգած երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ…
Իսկական ցոյց, ոչ քայլարշաւ, որպէսզի երբեմն ալ կորաքամակ աղերսարկու չըլլանք եւ «Հայկական Հարցը» բարոյական մխիթարութեան ակնկալութենէ տարբեր հարթակ փոխադրուի:

Յակոբ Պալեան
«ՀՈՐԻԶՈՆ», 6 Օգոստոս 2014

Տպել Տպել