ՅԱՃԱԽԱԿԻ ԵՒ…ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԸՆԴՀԱՐՈՒՄՆԵՐ

Հիւսիսէն Ուքրայինայի թնճուկը, իսկ հարաւէն Միջին Արեւելքի պայթուցիկ կացութիւնը, թեւեր տուին Պաքուին որ յաւելեալ խառնաշփոթութիւն ստեղծէ տարածաշրջանէն ներս: Սակայն Ալիեւ եւ իր ետին կանգնող գործակիցները, չեն նկատեր թէ նմանօրինակ արկածախնդրութիւն, կրնայ շատ աւելի նեղ կացութեան մատնել արկածախնդիրը:

Հաւանաբար, նմանօրինակ անախորժ անակնկալներու առջեւ չգտնուելու համար, նախագահ Ալիեւ, շուտով կապ հաստատեց իր դրացի դաշնակից երկրի՝ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց վերջին շաբաթներուն սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին մասին:

Մինչ այդ տեղւոյն մետիան ալ իր գործը կատարեց, ամբողջովին յենելով ազերի տեղեկատուական մեքենային եւ յատկապէս ազերի լոպիինկին, որ վերջերս լայնատարած աշխատանքի դիմած է, տիրապետելու համար Թուրքիոյ ազդեցիկ մետիային վրայ: Բնականաբար տարածուեցան եւ դեռ ալ կը սփռուին սուտ տեղեկութիւններ, եւ իրավիճակը ի նպաստ ազերիներուն կը ներկայացուի, նոյնիսկ բազմապատկելով հայ զինուորներու զոհերուն թիւը:

Իւրայատուկ ոճ մըն է, որ Պաքու կը կատարէ ամենայն հանգստութեամբ, երեւոյթ մը որ հաւանաբար արդիւնք է ստորակայութեան բարդոյթի…յատկապէս մարտունակութեան բնագաւառէն ներս, ուր բազմիցս հարցադրումի տակ առնուած է ազերի զինուորին կարողականութիւնն ու իր երկրին ու ազգին զոհուելու համար պատրաստակամութիւնը:

Այս ակնոցով պէտք է դիտել Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնը թէ ան մտահոգուած է վերջին օրերուն տարբեր ճակատներու վրայ արձանագրուած զինեալ յարձակումներու պատճառով ազերի զինուորներու մահուան դէպքերուն հարցով, եւ իր երկրի ժողովուրդին անունով կը ցաւակցի Ատրպէյճանի նախագահին եւ ընտանիքներուն:

Իրականութեան չհամապատասխանող եւ միակողմանի տեղեկութիւններով, Թուրքիոյ լրատուամիջոցներուն մէկ մասն է որ ինկած է ծուղակին մէջ:

Սակայն, հակաքարոզչական այս աշխատանքին կողքին, ամենէն աւելի մտահոգիչը, կարգ մը ծայրայեղ կազմակերպութիւններու հետ, գործակցաբար ստեղծուած այն շարժումն է որ արմատներ հաստատած է Արեւմտահայաստանէն ներս եւ հակահայ քարոզարշաւ կը կատարէ:

Յատկապէս, Կարսի շրջանէն ներս է որ, այս համաթուրանական բնոյթ ունեցող շարժումը կը գործէ: Հետեւողական հերթականութեամբ կը կատարուին հաւաքներ, քարոզներ եւ ամենէն աւելի վտանգաւորը՝ յատկապէս ուրբաթ օրերը, մզկիթներէն ուղղուած “նամազ“ները, որոնք լեցուն են ատելութեամբ, կիրքով եւ ծայրայեղութեամբ:

Նմանօրինակ յաճախակի ընդհարումներ պիտի ըլլան ապարդիւն: Այս գծով շարքը երկար է հաւաստիացնողներուն, յատկապէս սկսելով մեծ պետութիւններու զանազան պատասխանատուներէն, որոնք շարունակ կը շեշտեն թէ տագնապը չի կրնար լուծուիլ զինուորական ճամբով:

Մինչ այդ, հայ ազատամարտիկները, ամենայն ինքնավստահութեամբ կը վերահսկեն իրավիճակը սահմանի ամբողջ երկայնքին, եւ խստօրէն կը հետեւին զինադադարի պահպանման եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի Խմբագրական
Օգոստոս 5, 2014

Տպել Տպել