Կրկին ցեղասպանութեան մը մասին…

Displaced people from the minority Yazidi sect, fleeing violence from forces loyal to the Islamic State in Sinjar town, walk towards the Syrian borderՀայորդին չկրնար անտարբեր մնալ այն կատարուած հալածանքներուն, չարչարանքներուն եւ սադրանքներուն, որոնք կը կատարուին Եզիտի ժողովուրդին դէմ: Միշտ ալ հալածուած եւ ճնշման ենթարկուած Եզիտիներու ներկայ իրավիճակը կը յիշեցնէ…գրեթէ հարիւր տարի առաջ կատարուած, ցայսօր մեր մորթին վրայ ազդող ՊԱՏԱՀԱՐԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:

Նմանօրինակ իրադարձութիւններ կը կատարուին եւ իրավիճակ ստեղծուած է Իրաքի Հիւսիս-Արեւելեան շրջանէն ներս, Սուրիոյ սահմանին մօտերը, ուր Սինժար լերան շրջակայքը կրցած են փախուստ տալ, ծայրայեղ Իսլամական ուժերու կողմէ հալածուած անմեղ Եզիտիները:

Անոնց յանցանքը… իրենց կրօնքն ու հաւատքն է: Զրադաշտականութեան, Սուֆի եւ Շիի կրօնքի խառնուրդ մըն է Եզիտիին դաւանանքը, որուն արդիւնք ան միշտ ալ հալածուած է:

Սակայն, այս անգամուայ կատարուածը շատ աւելի լուրջ եւ մտահոգիչ է: Մանաւանդ որ, Հայաստանի մէջ Եզիտիները կը կազմեն ամենէն աւելի բարձր թիւ հաշուող փոքրամասնութիւններէն մէկը, եւ միշտ ալ ունեցած են իրենց ազատութիւնը: Այնքան մը որ, դեռ երկու տարի առաջ՝ Սեպտեմբեր 2012-ին, անոնք օժտուեցան իրենց առաջին սրբատեղիով, որ կը գտնուի Արմաւիրի շրջանէն ներս, ուր գոյութիւն ունին երկու Եզիտի գիւղեր՝ Ֆերիք եւ Երաշահուն:

Հակառակ կրօնական տարբերութեան, Եզիտին եղած է Հայորդիին բարեկամը:

Դժբախտաբար ճակատագիրը այնպէս մը եղած է որ, երկու ժողովուրդներն ալ շարունակ դժուարութիւններու հանդիպած են:

Այս գծով, տեղին է նշել, վերջերս Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանի մէկ հաստատումը.- «Բախտակից ազգ ենք մենք եւ հարիւրամեակներ շարունակ միասին պայքարած ենք ընդհանուր թշնամիներու դէմ, եւ մեր ճակատագիրը միասնական դարձած է, անոր համար ալ, ինչ որ կը կատարուի եզիտիներուն հետ, կը կատարուի նաեւ հայութեան հետ:… Մենք ոչ թէ կոչ կ՛ուղղենք եզիտիներուն լքելու իրենց պատմական հայրենիքը, այլ կ՛ըսենք` մենք ձեզի հետ ենք ե՛ւ բարոյապէս, ե՛ւ ամէն ձեւով, եւ եթէ որեւէ մէկը Արցախ գալու ցանկութիւն յայտնէ կամ Արցախէն որեւէ աջակցութեան կարիք ունենայ, մենք պատրաստ ենք»:

Հ.Հ. Արտաքին Գործոց նախարարութիւնն ալ, արդէն իսկ գործի լծուած է, այս հարցին առնչութեամբ եւ կատարուած մարդասիրական օժանդակութեան կողքին, դիւանագիտական
մեքենան, միջազգային շրջանակներէն ներս, պատշաճօրէն կ՛արծարծէ եզիտիներու նկատմամբ շարունակուող զանգուածային բռնութիւններու, հալածանքներու, մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ … ցեղասպանութեան հարցը:

Անշուշտ այս իրադարձութիւնները կը կատարուին Թուրքիոյ Հարաւ-Արեւելեան մօտակայ սահմանին մօտ, ուր նորընտիր նախագահ եւ նախկին վարչապետ Ռէճեպ Թայիպ Էրտողան, քաջատեղեակ է անցուդարձերուն, մանաւանդ որ այդ ծայրայեղ կրօնամոլներու մատակարարումն ու օժանդակութիւնը կը կատարուի իր երկրի “բաց“ սահմաններուն ճամբով:

Հուսկ, ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլիի կատարուած գլխահատումը բաւարար է եզրակացնելու թէ ինչպիսի՞ անձնաւորութեան տէր են, նորաստեղծ իսլամական Խալիֆայութեան ղեկավարները…:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի Խմբագրական
Օգոստոս 19, 2014

Տպել Տպել