«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ընդլայնել Ճանաչման Աշխարհագրութիւնը

Fotor0829130956Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր իշխանութեան կամքին միանալով նոյն նահանգին ծերակոյտը եւս միաձայնութեամբ ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը, ճանաչման շարքին դառնալով Միացեալ Նահանգներու հինգերորդ նահանգը:

Քալիֆորնիան Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն նահանգներէն է, եւ իր ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան կ՛ընկալուի իբրեւ ամերիկեան քաղաքական կարեւորագոյն միջավայրերէն մէկուն որդեգրած դիրքորոշումը:

Եթէ մտաբերենք նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի համապատասխան որոշումը, արդէն կը սկսինք տեսնել քաղաքային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կողմէ սկսուած ճանաչման երկրորդ գերակայ ուղղութիւնը:

Արդէն իսկ կային նախադրեալներ, որ ճանաչումէն հատուցում ռազմավարական կարեւոր ուղիի որդեգրումը սկսած էր ուաշինկթընեան կեդրոններու մէջ արդիւնաւորուիլ եւ կրօնական ու հոգեւոր կառոյցներու պահանջատիրութեան առաջին քայլերը նկատուիլ:

Հիմա, նման ժամանակահատուածի ամերիկեան կարեւորագոյն նահանգներէն մէկուն կողմէ այս միաձայն որոշումը անպայման կարեւոր հանգրուան կը նկատուի Արցախի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Եւ պատահական հակազդեցութիւն չէ այն գնահատականը, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը թէ՛ նախագահի մամլոյ պատասխանատուին եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարին ճամբով արժանի գնահատական կու տայ կատարուածին մասին:

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը յայտնած է, որ ասիկա կը փաստէ, որ մենք ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժինք եւ հետագային ալ պէտք է ունենանք յաջողութիւններ. ըստ Դաւիթ Պապայեանի Ստեփանակերտը ճանաչման ուղղութեամբ պիտի շարունակէ աշխատիլ եւ ամէն ինչ ի գործ պիտի դրուի ընդլայնելու համար ճանաչման աշխարհագրութիւնը:

Մինչ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան կը յայտարարէր, որ Քալիֆորնիոյ այս որոշումը կը հաստատէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ընտանիքին մաս կազմելու անհրաժեշտութիւնը:

Պարզ է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը ոչ միայն կը քաջալերէ եւ կ՛ողջունէ Հայ դատի յանձնախումբերու որդեգրած Արցախի ճանաչման աշխարհագրութեան ընդլայնման վարքագիծը, այլ նաեւ զայն կը նկատէ նախահանգրուանը` միջազգային ճանաչումին:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զբաղած էր մտահոգութիւն յայտնելով եզիտիներու դէպի Արցախ տարհանման հաւանականութեան կամ աւելի ճիշդը այդ ուղղութեամբ Ստեփանակերտի յայտարարած պատրաստակամութեան վերաբերեալ, երբ «կը պայթէր» ճանաչումի լուրը: Մինչ այդ սակայն թրքական, ազրպէյճանական եւ հրէական քաղաքական խմբաւորումները համակարգած էին իրենց լոպիստական սլաքները տապալելու համար բանաձեւի ընդունումը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած էր, որ որեւէ պետութեան նահանգ իրաւունք չունի նման որոշումներ կայացնելու: Կամ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, ուր անընդունելի կը նկատէր Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի որոշումը: Հասկնալի է, որ որոշումը անընդունելի է Պաքուի համար: Բայց երբ դաս կը տրուի պետութեան մը նահանգին, թէ իրաւունք ունի կամ չունի այս կամ այն բանաձեւն ու որոշումը ընդունելու, այդ պարագային անընդունելի կը նկատուի տուեալ պետութեան եւ նահանգին կողմէ:

Եւ այստեղ 23/0 յարաբերակցութիւնը, այսինքն` միաձայնութիւնը կը պարտադրէ իրողութեան պատկերին հետ հաշուի նստիլը անշուշտ նախ Պաքուին եւ ապա ամերիկեան դաշնակցային մակարդակի ղեկավարութեան: Մանաւանդ որ այնտեղ կոչ կայ նաեւ ամերիկեան քոնկրեսին սատարելու Արցախի միջազգային ճանաչումին:

Հակառակ այլ քաղաքական խմբաւորումներու աջակցութեան Ազրպէյճանը որեւէ կէտ չյաջողեցաւ արձանագրել այս պայքարին մէջ: Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ նահանգային մակարդակի վրայ Արցախի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանչցնելու արշաւը պիտի շարունակուի մեծ թափով: Աւստրալիական թէ ամերիկեան նահանգները կրնան յաջորդել իրարու: Եւ այս ռազմավարութիւնը կը յուշէ, որ արագ առաւելներ ձեռք ձգելով կրնայ ընդարձակուիլ տարբեր ցամաքամասերու քաղաքային թէ նահանգային մակարդակներու վրայ նորանոր ճանաչումներու աշխարհագրութիւնը:

Քալիֆորնիոյ այս վերջին որոշումին մէջ Պաքուի ապահոված 0 արդիւնքը տարբեր հանգամանքներ ունի: Նախ անշուշտ Հայ դատի յանձնախումբի նպատակաուղղուած եւ բարձր արհեստավարժութիւն ձեռք ձգած աշխատանքը, նահանգին հայաշատութիւնը եւ հայկական գործօնի նկատառումը: Գուցէ նաեւ Պաքուի որդեգրած ռազմատենչութիւնը, կացինահարումը, սահմանային ոտնձգութիւնները, խաղաղ գործընթացները արգելակելու անվերջ փորձերը: Այս բոլորին արդիւնքը` 23/0 յարաբերակցութեամբ հայկական յաղթանակը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել