Հայրենադարձութեան զանգը հնչած է

հայրենիքՄարտ 2011-ին գոր­ծադ­րութ­եան դր­ուած «Արա­բա­կան գա­րուն»-ը, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հս­կա­յա­կան ծրագ­րի մը մէկ նոր փուլն էր, որ ի գործ դր­ուած էր արեւմտ­եան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու կող­մէ, մի­ջազ­գա­յին նոր դրոյթ ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով:

«Արա­բա­կան գար­նան» այս նոր փու­լին ար­դէն նա­խոր­դած էին տար­բեր փու­լեր, որոնք սկ­սան արեւմըտ­եան բա­նակ­նե­րու Աֆղա­նիս­տան ներ­խու­ժու­մով, ապա Իրա­քի գրա­ւու­մով, հաս­նե­լու հա­մար «Արա­բա­կան գար­նան»:

Ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րու տի­րա­պետ­ման, ար­տա­հան­ման եւ փո­խադ­րու­թեան տն­տե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հս­կա­յա­կան ծրա­գիր մըն է «Արա­բա­կան գա­րուն»-ը, որ կ՛ուր­ուագծ­ուի մեր դի­մաց: Եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրա­գիր մը, որ նկա­տի ու­նի ոչ թէ գա­լիք տաս­նամ­եակ­նե­րը, այլ յիս­նամ­եակ­ներն ու հա­րիւ­րամ­եակ­նե­րը:

Ազա­տու­թիւն, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն եւ այլ լո­զունգ­ներ, որոնք բարձ­րա­ցան «Արա­բա­կան գար­նան» առի­թով, ոչ այլ ինչ էին եթէ ոչ գե­ղե­ցիկ եւ խա­բու­սիկ շղարշ, որուն ետին թաքն­ուած էին գեր­պե­տա­կան ու­ժե­րու դա­ւա­դիր ծրա­գիր­նե­րը:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Մի­ջին Արե­ւել­քին, այս ծրա­գի­րը ի մի­տի ու­նի շր­ջա­նին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ազ­գա­յին պե­տու­թիւն­նե­րը վե­րա­ծել կրօ­նա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու, սահ­ման­նե­րու նոր դա­սա­ւո­րում­նե­րով, որոնք կը ծա­ռա­յեն արեւ­մուտ­քի տըն­տե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան շա­հե­րուն: Պէտք չէ մոռ­նալ նա­եւ Իս­րա­յէ­լի գո­յու­թիւնը, որ­պէս հր­է­ա­կան պե­տու­թիւն ար­դա­րաց­նե­լու մի­տու­մը: Են­թադր­եալ իս­լա­մա­կան կրօ­նա­կան այս նոր պե­տու­թիւն­նե­րը դա­ւա­նա­կան մնա­յուն հա­կա­մար­տութ­եան մէջ պի­տի մնան շր­ջա­նին մէջ, այլ կրօ­նա­կան պե­տու­թեան մը հետ, որ Իրա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թիւնն է:

Մէկ կող­մէն Թուրք­ի­ան, միւս կող­մէն Սուէ­տա­կան Արապ­ի­ան մըր­ցա­կցու­թեան մէջ են հո­վա­նա­ւո­րո­ղի դեր կա­տա­րե­լու կրօ­նա­կան այս նոր պե­տու­թիւն­նե­րուն, որոնք սկ­սան ուր­ուագծ­ուիլ շր­ջա­նին մէջ: Առա­ջի­նը Մու­սուլ­ման Եղ­բայր­նե­րու շուն­չով, իսկ երկ­րոր­դը` Ուա­հա­պիութ­եան երան­գով: Ամէն պա­րա­գա­յի Իս­լա­մա­կան Շար­իա­յի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն է, որ տար­բեր աղանդ­նե­րու երան­գա­ւո­րու­մով խոր­քը կը կազ­մէ այս նոր իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն (կամ սահ­մա­նադ­րու­թեան):

Քրիս­տո­նէ­ու­թեան եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ խո­չըն­դոտ մըն է այս ծրագ­րի իրա­գործ­ման, որով­հե­տեւ Արե­ւել­քի քրիս­տո­նէ­ու­թիւնը միշտ ջա­հա­կի­րը եւ մղիչ ու­ժը եղած է արաբ ազ­գայ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, իսկ Արեւ­մուտ­քի կող­մէն այժ­մու պա­հանջ­ուա­ծը կրօ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն է եւ ոչ թէ ազ­գայ­նա­կա­նը:

Ակն­թար­թով մը տե­սանք, թէ ինչ­պէս Իրա­քը պարպ­ուե­ցաւ քրիս­տոն­եայ տար­րէն: Հա­զա­րամ­եակ­նե­րու ար­մատ ու­նե­ցող այս քրիս­տո­նէ­ու­թիւնը ար­մա­տա­խիլ եղաւ իր բնօր­րա­նէն, իսկ Սուր­իոյ եւ Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նէ­ու­թիւնը ամէն օր կը նօս­րա­նայ զգա­լով վտան­գը, որ կը սպառ­նայ իրեն: Ջար­դե­րը, տե­ղա­հա­նու­թիւնը, վայ­րագ եւ ան­մարդ­կա­յին արարք­նե­րը, որոնք ի գործ կը դր­ուին իս­լա­մա­կան­նե­րու կող­մէ, որոնք կը վա­յե­լեն Արեւ­մուտ­քի թա­քուն հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը, ի մի­տի ու­նին յա­ռա­ջաց­նել ահի ու սար­սա­փի մթ­նո­լորտ մը, որ պի­տի նպաս­տէ Արեւ­մուտ­քին` այս ծրագ­րի իրա­գործ­ման արա­գաց­ման:

Ճիշդ այս շր­ջագ­ծին մէջ պէտք է դի­տել Ֆրան­սա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու այն յայ­տա­րա­րու­թիւնը, թէ` Ֆրան­սան պատ­րաստ է իր հո­ղե­րուն վրայ ըն­դու­նելու Իրա­քի հա­լած­ուած քրիս­տո­նէ­ու­թիւնը, այ­սինքն` Արեւ­մուտ­քի ծրա­գի­րը Արե­ւել­քի քրիս­տո­նէ­ու­թիւնը Արե­ւել­քի մէջ պա­հե­լը չէ, այլ անոնց տե­ղա­հա­նու­մը դէ­պի եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ, ուր անոնք իս­լա­մա­կան տար­րի աճին հետ կապ­ուած մեծ հար­ցեր ու­նին: Արե­ւել­քի քրիս­տոն­եա­նե­րուն Եւ­րո­պա տե­ղադ­րե­լը հա­մե­մա­տա­բար պի­տի նպաս­տէ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րուն մէջ տե­մոկ­րա­ֆիք փո­փո­խութ­եան մը, որուն կա­րի­քը ու­նին անոնք:

Եւ այս փո­թո­րի­կին մէջ իրենց գո­յա­տեւ­ման հա­մար կը պայ­քա­րին հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը, Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ յատ­կա­պէս Սուր­իոյ մէջ:

Ճիշդ է, որ Մի­ջին Արե­ւել­քի թէ աշ­խար­հի մէջ քա­ղա­քա­կան այլ ու­ժեր ոգի ի բռին կը պայ­քա­րին Արեւ­մուտ­քի վե­րո­յիշ­եալ ծրագ­րին դէմ, սա­կայն Արեւ­մուտ­քի յա­մառ յա­րա­տե­ւու­թիւնը իր ռազ­մա­վա­րու­թեան մէջ պի­տի եր­կա­րաձ­գէ այս հա­կա­մար­տու­թիւնը, որուն թո­հու­բո­հին մէջ հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը կր­նան չդի­մա­նալ:

Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ցարդ չէ կր­ցած ըն­կա­լել աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան այս մեծ իրա­դար­ձու­թիւնը, որ կը կա­տար­ուի Արե­ւել­քի մէջ եւ կամ ըն­կա­լե­լով հան­դերձ, խու­սա­փած է պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն վերց­նե­լէ եւ ճիշդ այս պատ­ճա­ռով հա­յու­թեան կող­մէ ցարդ առն­ուած քայ­լե­րը ուղղ­ուած Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Սուր­իոյ հա­յու­թեան, հա­մեստ եւ տար­տամ քայ­լեր են, շատ հե­ռու տե­ղի ու­նե­ցող վիթ­խա­րի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու տա­րո­ղու­թե­նէն:

Տեղ մը պա­տաս­խա­նա­տու եւ ղե­կա­վար շր­ջա­նակ­նե­րէ կը լսենք լա­ւա­տես եւ ոգե­ւո­րիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ: Ու­րիշ տեղ մը յո­ռե­տես եւ այ­պա­նո­ղա­կան մտ­քեր, եւ դեռ չհաշ­ուենք կարգ մը հե­ղի­նա­կա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու կող­մէ ի նպաստ սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թին գործ ընե­լու խա­բու­սիկ եւ ուռ­ճա­ցած հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­ներն ու տե­ղե­կագ­րե­րը:

Պա­հանջ­ուա­ծը Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յու­թեան հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գիրն է, որ ար­դէն ազ­գո­վին ու­շա­ցած ենք մշա­կե­լէ եւ գոր­ծադ­րե­լէ, այս ուղ­ղու­թեամբ քա­ղա­քա­կան կամ­քի բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով:

Շա­տեր կր­նան մտա­հո­գու­թիւն ու­նե­նալ սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը պարպ­ուե­լուն եւ հոն գոր­ծող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ կալ­ուած­նե­րուն մա­սին: Կը կար­ծենք, թէ ան­պայ­ման կը մնայ հայ գա­ղութ Սուր­իոյ մէջ, այն­քան որ ամուր են ար­մատ­նե­րը սուր­ի­ա­հայ, մա­նա­ւանդ հա­լէ­պա­հայ գա­ղու­թին, ինչ­պէս որ կայ այ­սօր հայ գա­ղութ Պոլ­սոյ մէջ, հա­կա­ռակ գործ­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ զա­նա­զան ճն­շում­նե­րուն:

Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յու­թեան հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնը նոր որակ պի­տի բե­րէ հայ­րե­նա­կան կեան­քին: Այս կազ­մա­կերպ­ուած գա­ղութ­նե­րու հա­յու­թիւնը պի­տի նպաս­տէ հայ­րե­նի­քի ըն­կե­րա­յին, տն­տե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին: Հա­կա­ռակ ան­հե­ռա­տես եւ նեղ շա­հե­րէ մղ­ուած հն­չող շատ մը տե­սա­կէտ­նե­րուն, թէ Հա­յաս­տա­նը ի վի­ճա­կի չէ ըն­դու­նե­լու Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յու­թիւնը: Միտ­քեր, որոնք շատ հե­ռու են գի­տա­կան եւ ազ­գա­յին մօ­տե­ցում­նե­րէ եւ չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ հայ­րե­նի­քի եւ հայ ազ­գի իս­կա­կան շա­հե­րուն:

Հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գի­րը կ՛են­թադ­րէ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղութ­եամբ գի­տա­կան մօ­տե­ցում, որուն նա­խա­ձեռ­նո­ղը պի­տի ըլ­լայ հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թիւնը, հայ­կա­կան մեծ կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւ եկե­ղե­ցա­կան կեդ­րոն­նե­րը:

Պա­հանջ­ուա­ծը սուր­ի­ա­հա­յութ­եան ի նպաստ ցու­ցադ­րա­կան, բե­մա­կա­նաց­ուած, զա­նա­զան վեր­նագ­րեր կրող հա­մա­հայ­կա­կան հա­ւաք­ներ չեն, այլ լուրջ աշ­խա­տանք` որո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու նպա­տա­կով:

Ծրագ­րի իրա­գործ­ման փու­լե­րուն մէջ չէ բա­ցառ­ուած մի­ջազ­գա­յին կող­մե­րու եւ այլ պե­տու­թիւն­նե­րու ներդ­րու­մը, սա­կայն վեր­ջին հաշ­ուով նպաս­տա­ւո­րուող­նե­րը պի­տի ըլ­լան` հայ ազգն ու Հա­յաս­տա­նը:
Մի­ջին Արե­ւել­քէն դուրս եկած հա­յու­թիւնը պէտք է ար­մա­տա­ւոր­ուի իր հայ­րե­նի­քին` Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ պէտք չէ փոշ­ի­ա­նայ արեւ­մուտ­քի ոս­տան­նե­րուն մէջ: Ազ­գո­վին ստանձ­նենք այս յանձ­նա­րա­րու­թիւնը:

* * *
Յ.Գ. Այ­սօր­ուան տու­եալ­նե­րով սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը կորսն­ցու­ցած է 2011-ի իր թիւին կէ­սէն աւե­լին:

Հա­յա­թափ­ուած են Ռագ­գան, Թէլ Ապ­ի­ա­տը, Տէր Զօ­րը, Ռաս Ուլ Այ­նը, Եա­գուպի­էն, Ղը­նեմի­էն:
Նա­հա­տակ­ուե­ցաւ` 99 հայ, վի­րա­ւոր­ուե­ցաւ` 300, առե­ւանգ­ուե­ցաւ` 106, առե­ւանգ­ուած կը մնայ 6 հայ: Քանդ­ուե­ցան աւե­լի քան 1700 հա­յու բնա­կա­րան­ներ, կոր­ծան­ուե­ցան եւ կո­ղոպտ­ուե­ցան հա­յե­րու պատ­կա­նող աւե­լի քան 1000 խա­նութ, գոր­ծա­տեղ, գոր­ծա­րան:
Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան սիր­տը հան­դի­սա­ցող Նոր Գիւղ թա­ղա­մա­սը կը շա­րու­նա­կէ մնալ աղէտ­եալ գօ­տի:

Քե­սա­պի ոդի­սա­կա­նը ծա­նօթ է բո­լո­րիս:

Սկ­սած է մեծ­նալ Սուր­իոյ ծո­վե­զեր­եայ քա­ղաք­նե­րուն հայ բնակ­չութ­եան թիւը:

Մեծ թիւով սուր­ի­ա­հա­յեր ապաս­տա­նած են Լի­բա­նան, անոնց մեծ մաս կը դի­մագ­րա­ւէ տն­տե­սա­կան լուրջ դժ­ուա­րու­թիւն­ներ, յոյ­սը կա­պած Լի­բա­նա­նէն անց­նե­լու արեւմտ­եան եր­կիր­ներ, կամ Սուր­իոյ վի­ճա­կը լա­ւա­նա­լու պա­րա­գա­յին` կ՛ու­զեն վե­րա­դառ­նալ Սուր­իա:

Մեծ թիւով սուր­ի­ա­հա­յեր կը գտն­ուին Հա­յաս­տան, որոնց­մէ փոքր տո­կոս մը կր­ցած է հաս­տատ­ուիլ, մեծ մա­սը սա­կայն ան­կա­յուն վի­ճա­կի մէջ է եւ կը ձգ­տի փո­խադըր­ուիլ արեւմտ­եան եր­կիր­ներ, շա­տեր ար­դէն տե­ղա­փոխ­ուած են Եւ­րո­պա:

Յատ­կա­պէս Հա­լէպ մնա­ցած հա­յու­թիւնը կը դի­մագ­րա­ւէ շատ ծանր ապա­հո­վա­կան, կեն­ցա­ղա­յին եւ տն­տե­սա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­ներ:

Եւ ող­բեր­գու­թիւնը կը շա­րու­նակ­ուի:

Տօքթ.Ներ­սէս Սար­գիս­եան

kantsasar.com

28/08/2014

Տպել Տպել