Ակնարկ. Տեղին Հրաւէր, Անտեղի Մասնակցութիւն

Fotor0901102633Կը նկատուի, որ նորընտիր նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան առիթը Երեւանը յարմար կը նկատէ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով քարոզչաքաղաքական թիրախ խփելու պահ: Անտեղի կրնայ չըլլալ այս դիտարկումը, եթէ Երեւանի հրաւէրը ընկալենք Անգարան անկիւն տեղաւորելու եւ հրաւէրը մերժելու կացութեան մէջ տեղադրելու պարունակին մէջ:

Բայց այս վարկածի ամրութիւնը հաստատելու համար պէտք է նախընթաց դիպաշարին եւ անոր հետ կապուած ծալքերուն հպանցիկ անդրադարձ կատարել եւ փորձել իմանալ, թէ ի՞նչ ուղղութեամբ կը զարգանան այս հարթութեան վրայ իրադարձութիւնները:

Արդէն իսկ նախկին վարչապետ Էրտողանի աղմկայարոյց «ցաւակցութիւն»-ը, պէտք է ըսել, որ թէկուզ իր խաբուսիկ էութեամբ, այսուհանդերձ յաջողեցաւ գոնէ կարճաժամկէտ կտրուածքով խաղաղասիրական քայլի տպաւորութիւն ձգել միջազգային որոշ շրջանակներու մօտ:

Անհրաժեշտ էր հակաքայլը, աւելի ճիշդը այդ «ժեսթ»-ին խաբուսիկութիւնը բացայայտելու միտուած պաշտօնական յայտարարութիւնը: Այդ քայլը չուշացաւ: 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի մայիսեան ընդլայնուած նիստին, նախագահ Սարգսեան առիթը պատեհ նկատեց Թուրքիոյ նախագահը (ով որ ալ ըլլար ընտրուած նախագահը) հարիւրամեակի ապրիլ քսանչորսին հրաւիրելու Երեւան` մասնակցելու ոգեկոչական հանդիսութեան եւ կիսելու հայ ժողովուրդի ցաւը: Ահա միայն այդ կերպ պիտի ըլլար ցաւակցիլը հայ ժողովուրդին: Նման հրաւէրի ընդառաջումը արդէն իսկ հասարակաց ցաւ կիսելու Անգարայի խաղի կանոնները կը փոխէր: Խաղ, որ խորքին մէջ պարզապէս թաւշեայ ժխտողականութիւն էր:

Հրաւէրը մնաց անարձագանգ: Ճիշդ է, որ Թուրքիոյ ընտրելի նախագահին ուղղուած էր հրաւէրը եւ կարելի է մեկնաբանել այնպէս, որ Անգարան մնաց լուռ` սպասելով նոր նախագահի պաշտօնամուտին: Բայց այդ լռութեան երկար տեւելը, հիմա որ ընտրուած է արդէն նախկին վարչապետը, մտածել կու տայ հակաքայլի ազդեցիկութեան մասին: Խնդիրը այս պարագային հայկական հակաքայլին ոչ համարժէք լուսաբանումն է միջազգային մամուլին կողմէ: Եւ ասիկա, կը թուի որ հայկական կողմի թոյլ կէտերէն է: Այսպէս էր, երբ միեւնոյն վարչապետը առաջարկեց ստեղծել պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ, Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահը ներկայացուց այլընտրանքային առաջարկ` ստեղծել միջկառավարական յանձնախումբ, բայց անվերջ մելան հոսեցաւ թրքական առաջարկին մասին` շուքի մէջ ձգելով խորքին մէջ հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման աւելի հիմնական մեկնակէտ պատկերացնող առաջարկը:

Կը թուի նաեւ, որ հիմա ալ այդպէս է: Խօսուեցաւ ու կը խօսուի չցաւակցութեան մասին, մինչ աւելի համարձակ ու յանդուգն քայլը Ծիծեռնակաբերդ հրաւիրելու գուցէ խնամքով անուշադրութեան կը մատնուի: Քաղաքականացուած մօտեցումները նկատի ունենալով հանդերձ, հայկական լրատուադաշտը իր օտարալեզու լրատուամիջոցներով այս ուղղութեամբ կատարելիք ունի տակաւին:

Երեւանը չէ բաւարարուած միայն հրաւիրելու յայտարարութեամբ: Կ՛ենթադրուի, որ տարբեր երկիրներու կարգին մեր երկիրը եւս ստացած էր հրաւէր մասնակցելու նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան: Մասնակցութիւնը կրնայ դիտարկուիլ իբրեւ օրինաչափ երեւոյթ, մանաւանդ որ պաշտօնական Երեւանը առաջին անգամը չէ, որ նման արարողակարգային բնոյթի կը բերէ իր մասնակցութիւնը: Բայց®

Թուրքիոյ նախագահին օգտագործած հռետորաբանութիւնը հայկական հարցերուն նկատմամբ, խաբուսիկ ցաւակցութենէն ետք նախընտրական արշաւին հայութեան հասցուցած իր վիրաւորանքը, «ցաւակցութեան» առիթով նկատուած յայտարարողական ոճի փոփոխութեան կտրուկ խստացումը եւ կատարած արմատներու վերադարձը առնուազն մտածել կու տան, որ Երեւանը արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը չունէր:

Հրաւէրի պաշտօնականացումը, գրաւոր նամակի փոխանցումը կարելի էր կատարել որեւէ դեսպանի կամ գուցէ նաեւ Սեւծովեան համագործակցութեան կազմակերպութեան երեւանեան ներկայացուցիչին միջոցով:

Դիւանագիտական-քաղաքական գործողութիւններուն մէջ պարզ է, որ նրբութիւնները, եղանակներն ու ընտրուած պահերը հարցի էութեան չափ կարեւոր են:

Ծիծեռնակաբերդ հրաւէրը տեղին էր: Երդմնակալութեան մասնակցութեան, գրաւոր հրաւէրի փոխանցման եղանակն ու աստիճանը` անտեղի:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել