«Ազդակ»ի Խմբագրական. Քաղաքացիական Եւ Ռազմական Մտածողութեան Համատեղումը

Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակման 23-Ամեակին Առիթով

Fotor0902111850Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման հերթական նշումը այս հանգրուանին նախ մտածել կու տայ նախասոչիական ժամանակահատուածին հակառակորդի սանձազերծած աննախադէպ ոտնձգութիւններուն, հետապնդած նպատակին եւ ձեռք չձգած արդիւնքներուն մասին: Աննախադէպ, ի հարկէ միջազգային երաշխաւորութեամբ կնքուած զինադադարէն ետք ինկող ժամանակաշրջանին:

Առ այսօր տակաւին բազմաթիւ հարցականներ եւ վարկածներ կը հնչեն, թէ ճիշդ ի՞նչն էր դրդապատճառը սահմանային լարուածութեան նման տարողութիւն տալու եւ թէ ի՞նչ պատճառներով կտրուկ փոփոխութիւն կրեց ռազմական այդ վարքագիծը Սոչիէն ետք:

Վերլուծաբանական տեսութիւնները կրնան առատօրէն շարունակուիլ: Առարկայական գնահատականի որեւէ փորձ սակայն, համեմատութեան կը դնէ քաղաքական հարթութեան վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները` սահմանային ներթափանցման փորձերուն հետ, ունենալու համար հանրագումարային պատկերը, պարզ խօսքով` ստացուած արդիւնքը:

Ճիշդ է, որ հայկական կողմը տուաւ զոհեր. սահման հատող գիւղացիներ, անոնցմէ նաեւ իբրեւ հետախոյզ զինուոր ներկայացուած եւ ազրպէյճանական մարմիններուն կողմէ սպաննուած: Բայց միաժամանակ շատ աւելի մեծ թիւով ազրպէյճանցի սպաննուած զինուորներ եւ ռազմագերիներ: Արդիւնքը այս բոլորին` զերօ տեղաշարժ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ:

Եթէ այս բոլորը Սոչիի հանդիպման նախօրէին առաջադրուած ենթահող կ՛ուզէին նախապատրաստել, ապա Սոչին եւս եկաւ փաստելու, վերընդգծելու, որ արցախեան հակամարտութեան որեւէ զինուորական լուծում պէտք է բացառել եւ յենուիլ խաղաղ կարգաւորման սկզբունքին վրայ: ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն յղում կատարող նախագահ Ալիեւը պատասխան չունէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այն հարցումին, թէ Պաքուն իր նշած բանաձեւերու ո՞ր կէտին գործադրման յանձնառու եղած է մինչեւ այսօր: Գուցէ նախասոչիական մթնոլորտը նպաստեց գերմիջնորդ Մոսկուային ստանձնելու բանակցային գործընթացի վերագործարկման պատասխանատուութիւնը, այսուհանդերձ Պաքուն որեւէ առաւել չունեցաւ քաղաքական այս հանգրուանին եւս:

Մնալով քաղաքական իրադրութիւններու ընդհանուր պարունակին մէջ, կարելի չէ շրջանցել Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն նահանգներէն հանդիսացող Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին միացումը նոյն նահանգի քոնկրեսի դիրքորոշումին, որ փաստօրէն վերջնագիծին հասցուց Քալիֆորնիոյ նահանգին ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան: Գուցէ այս ճանաչումը ուղղակի կարելի չըլլայ համեմատել նախասոչի հանգրուանին ստեղծուած ռազմական մթնոլորտի հետեւանքներուն հետ: Այսուհանդերձ, արձակազէնները, հետախոյզները, ներթափանցողները, գերեվարողները եւ նախապէս կացինահարողներն ու սպառնացողները կրնան ազդած ըլլալ երրորդ որեւէ կողմի քաղաքական գործիչներու ենթագիտակցութեան վրայ, աւելի հաստատ երթալու ճանաչման ուղղութեամբ: Պաքուի որդեգրած այս վարքագիծն է, որ երրորդ կողմերուն ինքնըստինքեան կը համոզէ, որ ճիշդ, արդար եւ անվերադարձ է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշումը եւ անկախանալու քայլը:

Աննկատ չեն նաեւ միջազգային մամուլին մէջ յօգուտ արցախահայութեան ինքնորոշման երեւցած յօդուածները: Ճիշդ է, որ այստեղ եւս տուեալ քաղաքական պահը եւ զանգուածային լրատուամիջոցի ետին կանգնած քաղաքական ուժի ըստ պահու դիրքորոշումը հիմնական նշանակութիւն կ՛ունենան տուեալ վերլուծութեան պարագային, այսուհանդերձ պէտք չէ անտեսել միջազգային մամուլի այս կամ այն ներկայացուցիչի այցելութիւնը Արցախ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացումը բոլոր հանգամանքներուն:

Այս առումներով ալ Պաքուի կողմէ անուանակարգուած սեւ ցանկը` բաղկացած Արցախ այցելած քաղաքական գործիչներէ, պետական այրերէ, արուեստագէտներէ թէ մամլոյ գործիչներէ, հետզհետէ կը հարստանայ: Այս արդէն կը նախանշէ Արցախի համապատասխան գերատեսչութիւններու եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու միացեալ աշխատանքներու վարքագիծը, որ անպայման կը սատարէ հանրապետութեան ճանաչման: Վերադառնանք առաջին կէտին եւ ընդգծենք կարեւոր արդիւնք մը եւս: Սահմանային լարուածութիւնը շատ արագ ստեղծեց ռազմական եւ քաղաքացիական մտածողութեան համատեղելիութիւն: Ժողովուրդ-բանակ միաւորումը վերստին համոզեց Արցախի այսօրուան դիրքերէն որեւէ ետդարձի կարելիութեան բացառումը: Այս բոլորը յատկանշեցին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 23-ամեակը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել