Հանդիպում ոստիկանապետի պաշտօնի թեկնածու Մըքտանըլի հետ

ապարեզԼոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի պաշտօնի թեկնածու Ճիմ ՄըքՏանըլ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին այցելեց «Փէշչէքէրեան» Հայ կեդրոնը, հանդիպում մը ունենալու Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին ու համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ընթացքին քննուեցան Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի լիազօրութեանց սահմաններէն ներս ինկող եւ օրէնքի պարտադրութեան առնչուող շարք մը հարցեր՝ կեդրոնանալով յատկապէս հայութիւնը հետաքրքրող կէտերուն վրայ։

Ներկայ էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճեք Հաճինեան եւ Կլենտէյլի քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան։
ՄըքՏանըլ ողջունեց Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հանդիպելու այս առիթը՝ խոստանալով համայնքին հետ մօտէն գործակցիլ ու կապերը սերտացնել՝ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ ընտրուելու պարագային։

Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 4ին։

Տպել Տպել