«Ազդակ»ի Խմբագրական. Տէր Զօրը Եկեղեցիներու Պայթեցման Օրինակներէն Դուրս Է

Fotor092495627Տէր Զօրի մատուռի պայթեցման փաստը դիտարկումի առաջին փորձով քանի մը հայեցակէտեր կ՛ամփոփէ։

Սուրիական պատերազմի սկզբնական շրջանին Տէր Զօրը կրած էր որոշ աւերումներ։ Սակաւ չէին այն մեկնաբանութիւնները, որոնք պատահածը անպայման թիրախաւորուած յարձակում չէին նկատեր։ Այս տեսակէտին կը նպաստէին նաեւ այն օրերուն շրջանին մէջ կառավարական եւ հակակառավարական ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումները, որոնց անմիջական հետեւանքով նիւթական ծանր վնասներ կրած էր հայոց եկեղեցին։Սակայն ասիկա միակ մեկնաբանութիւնը չէր։ Կային նաեւ պնդողներ, որ բախումներուն ետին թաքնուած էր Տէր Զօրը թիրախ ընտրելու շարժառիթը, եւ հակառակորդը, թէկուզ այլ ուժի ձեռքով, կը հարուածէր ցեղասպանութեան խորհրդանիշը։

Ուղղակի թիրա՞խ, թէ՞ հետեւանք երկուութիւնը այս պարագային կը փարատի լրիւ։ Խնդիրը կը կեդրոնանայ գործողութեան բուն պատուիրատուին կամ պատասխանատուին վրայ։ Համատարած համոզում է եւ նաեւ բացայայտ ճշմարտութիւն, որ պայթեցման գործողութիւնը իրականացնողները Իսլամական պետութեան զինեալներն են։ Եթէ մնանք համատարած այս իրողութեան տրամաբանութեան վրայ, ապա Տէր Զօրի պայթեցումը կարելի է դիտարկել ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ հրկիզուող, ռմբահարուող, քանդումի ենթարկուող քրիստոնէական կեդրոններու եւ եկեղեցիներու շարքին։ Եւ իբրեւ այդպիսին՝ պարզապէս մէկ օղակը Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման միտող քաղաքականութեան։

Նման դիտարկում մը, իր պարզագոյն վիճակին մէջ, ծխածածկոյթ կը յառաջացնէ Տէր Զօրի մատուռի պայթեցման հաւանական շարժառիթներուն վրայ։

Այսպէս. տակաւին Դամասկոս-Անգարա մերձեցման օրերուն, նախագահ Սարգսեան կ՛այցելէր Տէր Զօր եւ այդտեղ կատարուած յայտարարութիւններով պարզ կը դարձնէր, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին կար պատկերացում եւ անոր հիման վրայ ծրագիր, Տէր Զօրին ապահովելու միջազգային հնչեղութիւն։ Տէր Զօրը պիտի ներառուէր 100-ամեայ տարելիցին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներու հիմնական շարքին մէջ։ Տէր Զօրի համեմատումը Աուշվիցի հետ Տէր Զօրի միջազգայնացման յստակ նախադրեալ կ՛ենթադրէր։

Տէր Զօրը ուրեմն, իր մատուռի հանգամանքէն անկախ, իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան պետական գործողութեան կարեւորագոյն միջավայրը, կարելի չէ դիտարկել իբրեւ տարածաշրջանին մէջ եկեղեցիներու ոչնչացման մէկ օղակը։

Տէր Զօրի մատուռի պայթեցման փաստը դուրս բերելով զուտ կրօնական պարունակէն, այստեղ է, որ շարժառիթի հաւանականութիւններու վերլուծում կատարողին հայեացքը կ՛ուղղուի Անգարայի վրայ, որ այլապէս ալ նման գործողութիւններ կատարողներուն ապաստան տուողն է, ֆինանսաւորողը, զինողը եւ անարգել թափանցման ուղիներ հարթողը։ Այս ա՛յն Անգարան է, որ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ Արեւմուտքի յայտարարած կիսապատերազմին իսկ չ՛ուզեր մասնակցիլ՝ տարբեր պատրուակներ որոնելով։ Ա՛յն Անգարան է, որ դէպի Քեսապ անարգել եւ անապահով անցքեր տրամադրեց միեւնոյն այդ տարրերուն։

Հայ քաղաքական միտքը շատ տատանումներու պէտք չունի Տէր Զօրը տարածաշրջանի քրիստոնէական կեդրոններու ոչնչացման շարքէն դուրս բերելու եւ քաղաքական շարժառիթը չնկատելու։ Հայկական կողմը լիարժէք պէտք է աշխատի պատահածին նկատմամբ դատապարտանքի ալիքի բարձրացման եւ նաեւ բովանդակային խնդիրներու շեշտադրումները ճշդելու ուղղութեամբ։ Այստեղ հարուածուած է ամբողջ ազգի մը ցեղասպանութեան կենդանի վկայարան մը, 100-րդ տարելիցի փուլին։ Ի վերջոյ աշխարհը ի՞նչ գնահատական կու տար հրէական Ողջակիզման կենդանի վկայարան Աուշվիցի պայթեցման փաստին դիմաց։

Իսլամ ծայրայեղականութեան կողմէ գործադրուող բարբարոսութիւններէն շատ աւելին են կատարուածին ետին կանգնած շարժառիթները։ Հայկական կողմը, դիւանագիտական անձնակազմերով, զանգուածային լրատուամիջոցներով, հասարակական բոլոր մակարդակներով համաշխարհային դատապարտանքի ալիքի բարձրացման ապահովման անհրաժեշտութեան առջեւ է։ Տէր Զօր պայթեցնելը հաւաքական յիշողութեան կորուստի, ժխտողականութեան եւ ցեղասպանութեան շարունակականութեան միտող քաղաքական գործողութիւն է։

Անգարան դիմափոխած է իր վարքագիծը։ Արեւմտահայաստանի եկեղեցիները կը պայթեցուէին ժամանակին. հիմա կը նորոգուին։ Պայթումները կը կատարուին Թուրքիայէն դուրս, այլոց ձեռքով. նոյն ներշնչումով, նոյն մտայնութեամբ։

aztagdaily.com

Տպել Տպել