ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Տորի Շամունի

Fotor01003104817ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` ընկեր Յակոբ Խաչերեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեցին Ազգային ազատականներ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամունի:

Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները քաղաքական եւ ապահովական առումով, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ բանակին նկատմամբ զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել