Պոսթընի մէջ.- «Հայերն ու յառաջադիմական քաղաքականութիւն» հիմնարկի գիտաժողով

Fotor0100313463ՊՈՍԹԸՆ.- «Հայերն ու Յառաջդիմական Քաղաքականութիւն» հիմնարկը կազմակերպեց գիտաժողով մը, որ տեղի ունեցաւ տեղւոյն «MIT» համալսարանին մէջ, Սեպտեմբեր 26-27-ին:

Առաջին օրուայ յայտագրի բանախօսն էր Նաոմ Չոմսքի, որ արծարծեց Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական իրավիճակը, իր կողքին ունենալով Տէյվիտ Պարսամեանը (Քոլորատօ, Alternative Radio ):

Յաջորդ օրը, կատարուեցան չորս տարբեր նիստեր.-

Քարոզչական (մասնակցութեամբ փրոֆ. Լեւոն Չորպաճեանի եւ բեմադրիչ Քարլա Կարապետեանի):

Հայ- թուրք յարաբերութիւններ (մասնակցութեամբ փրոֆ. Ռոնըլտ Սիւնիի, Փիթըր Պալաքեանի, Մարք Մամիկոնեանի եւ Գերմանիայէն ժամանած Պիլկին Այաթայի):

Հատուցում (մասնակցութեամբ փրոֆ. Ումիթ Քուրթի, Էտվին Մինասեանի եւ Երեւանի Ամերկեան համալսարանէն ժամանած Թոմ Սամուէլեանի):

Եզրակացութիւն՝ դէպի ո՞ւր կ՛ընթանանք (մասնակցութեամբՊիլկին Այաթայի, Քարլա Կարապետեանի, Անդրանիկ Գասպարեանի եւ Թոմ Սամուէլեանի):

Յատկապէս երիտասարդներէ կազմուած, հոծ բազմութիւն մը, հետեւեցաւ նիստերուն, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին:

Նշենք, թէ այս գիտաժողովը կազմակերպած էր Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Կեդրոնական կոմիտէն:

01/10/2014

hairenikweekly.com

Տպել Տպել