Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Էլենի Թէոխարուսի Այցելութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնատեղի

HJDԵւրոպական Միութեան խորհրդարանի անդամ (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս), Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս, 10 հոկտեմբեր 2014-ին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ:

Դոկտ. Թէոխարուսին կ՛ընկերակցէին իր օգնականը` Իոաննիս Խարալամպիտիս եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Երեսփոխան Թէոխարուս եւ Հրանդ Մարգարեան զրուցեցին ղարաբաղեան հիմնահարցի, Հայաստանի եւ շրջանային զարգացումներուն շուրջ: Թէոխարուս բարձր գնահատեց ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը եւ նշեց իր երկարամեայ ծանօթութիւնը կուսակցութեան հետ` Կիպրոսի կոմիտէութեան հետ գործակցութեան ճամբով: Հրանդ Մարգարեան Թէոխարուսին յանձնեց ՀՅԴ հրատարակութեամբ գիրք եւ պատմական ալպոմ:

Հանդիպումէն ետք անոնք այցելեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանը:

Տպել Տպել