Ակնարկ. Սահմանադրական Բարեփոխումները Նախադուռ «Թէ Թէ»-ի Իրականացման

Fotor01015105322Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան գործընթացի իրաւական սկիզբը, գրաւած է եղելոյթին հետեւողներուն ուշադրութեան կեդրոնը եւ ողողած հայկական լրատուադաշտը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններով:

Անկախ այն իրողութենէն, որ այս հարցին մէջ երեւանեան ընտրանքի հնարաւորութիւնները սահմանափակուած էին, խնդիրը պէտք է փորձել դիտարկել նախ անշուշտ «կարելիի արուեստը» տեսութեան սահմաններուն մէջ, ապա անկէ բխելիք իրավիճակի ընդհանուր գնահատականը փորձել կատարել:

Այսպէս. տակաւին պարզ չէ, որ այլ ԵՏՄ-ի անդամ երկրի հետ հասարակաց սահման չունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի՞նչ տեսակի խնդիրներ կրնայ ունենալ ոչ ԵՏՄ-ական դրացիներու եւ ցամաքային ճամբով` անոնց միջոցով միւս ԵՏՄ-ական երկիրներու հետ առեւտուր զարգացնելու ընթացքին: Այստեղ ուղղութիւնները ունին որոշ տարբերութիւն: Մինչ Վրաստանի վրայով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կապուի ԵՏՄ-ական Ռուսիոյ, Իրանի պարագային հանգրուանային այդ հանգամանքը գոյութիւն չունի: Առեւտրային յարաբերութիւնը պէտք է քննել ԵՏՄ-Իրան գիծին վրայ եւ փորձել իմանալ, թէ այնտեղ ի՞նչ տեսակի խոչընդոտներ կրնան յայտնուիլ:

Կայ հնչող տրամաբանական տեսակէտ, որ ԵՏՄ-ի առիւծի դիրքը գրաւած Ռուսիոյ հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու պայմանագրութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը ԵՏՄ-ին ի՞նչ կ՛աւելցնէ գործնապէս: Գէթ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ռուսիոյ դաշնութիւն առեւտրային յարաբերութիւններուն վրայ:

Այս բոլորը հարցադրումներ են, որոնք կը յստականան ժամանակի ընթացքին: Յիշենք նաեւ բացարձակ հաստատումը այն մասին, որ ԵՏՄ-ն մեռած կառոյց է չծնած արդէն եւ պարզապէս քաղաքական առանցք ունի, իբրեւ Ռուսիոյ դաշնութեան ազդեցութեան գօտիի ընդարձակման հիմնական մեքանիզմ:

Հիմա փորձենք մտածումներ զարգացնել այլ ուղղութեամբ: «Թէ թէ»-ի կամ «եւ եւ»-ի տեսութիւնը կը թուի, որ չէ աշխատած: Երեւանը մինչեւ վիլնիւսեան բանակցութիւններ անվերջ կը շեշտէր, որ երկու ուղղութիւններով ընթանալու իր քաղաքականութիւնը «կամ կամ»-ի մօտեցումին կը հակադրուի եւ որոշ առումով կը տեղադրուի փոխլրացման կամ բազմակողմ հաւասարակշիռ դիւանագիտութեան իրականացման քաղաքականութեան պարունակին մէջ: Վիլնիւսը իբրեւ կարեւոր դարձակէտ շրջեց այդ տեսութիւնը:

Վիլնիւսի շրջադարձը կամ բեկումնային պահը սակայն եւրոպական շրջանակներուն կողմէ մեկնաբանուեցաւ տարաբնոյթ ձեւով: Արեւելեան գործընկերութեան ներգրաւուած քաղաքական գործիչները համեմատաբար կարծր դիրքորոշում ունէին Երեւանի առած քայլին նկատմամբ. կը համարէին, որ Երեւանը վերջնականապէս կատարած է իր ընտրանքը, ինչ որ կ՛ենթադրէր, որ Եւրոպական Միութեան դռները փակուած են Երեւանի առջեւ: Ուրիշներ, յատկապէս Արեւմտեան Եւրոպայի պետական գործիչներ կը խօսէին այլ ձեւաչափերով Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ընկերակցութեան նոր փաստաթուղթի մշակման հնարաւորութեան մասին: Նոր փաստաթուղթը պիտի կրէր ոչ տնտեսական բնոյթ եւ արծարծէր մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան եւ եւրոպական արժէհամակարգին հետ կապուած սկզբունքներ:

Այստեղ է, որ նիւթի ոստում կարելի է կատարել` նկատելու համար, որ Երեւանը ճիգ կը կատարէ «թէ թէ»-ի տեսութիւնը իրականացնելու: Եւրոպական արժէհամակարգի սկզբունքներու որդեգրումը օրէնքներու ամրակայումով կ՛ըլլայ: Ամրագրուած օրէնքներու ամբողջութիւնը երկրի սահմանադրութիւնն է: Գուցէ աւելորդ չ՛ըլլար մտածելը, որ սահմանադրութեան բարեփոխումը կը բխի նաեւ ա՛յս շարժառիթէն:

Կայ մեկնաբանութիւն, որ իշխանութիւններու ձեռնարկած սահմանադրական բարեփոխումները ոչ թէ համակարգային փոփոխութեան կ՛առաջնորդեն, այլ նոյն համակարգին մէջ գործող հիմնական անձերու վերարտադրման կը միտին: Առանց մտնելու այս բանավէճին մէջ, պարզապէս կարելի չէ զանց առնել նաեւ «թէ թէ»-ի տեսութեան իրականացման քաղաքականութեան մէջ սահմանադրութեան բարեփոխում կատարելու որոշումը, մանաւանդ որ նման հարցերով զբաղող Վենետիկի յանձնաժողովը` իբրեւ եւրոպական կառոյց, բարեփոխման գաղափարին տուած է դրական գնահատական:

Նախագահականէն խորհրդարանական անցում կատարելու համակարգի փոփոխութիւնը միայն նախագահի լիազօրութիւններու սահմանափակում եւ պետական տարբեր կառոյցներու իրար հակակշռելու մեքենականութիւններու եւ օրէնքներու որդեգրում չէ: Երբ հրապարակուին իշխանութիւններուն կողմէ առաջադրուած սահմանադրական բարեփոխումներու յօդուածները, աւելի յստակ կը դառնայ, որ երկրորդ «թէ»-ի կիրարկման օգտի՞ն է առնուած այս քայլը եւ թէ յետ սահմանադրական բարեփոխման, Հայաստանի Հանրապետութեան առիթ կը տրուի՞ ստորագրելու Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան յատուկ ձեւաչափով պատրաստուած փաստաթուղթը: Այս մէկը որոշ չափով կախեալ է ԵՏՄ-ն ղեկավարող բեւեռէն:

Եւ ի հարկէ հայկական կողմի հաստատակամութենէն` հետեւողական ըլլալու հաւասարակշռող քաղաքականութեան հետապնդման իր նախնական նպատակին մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել