Աշոտ Ղուլեանի այցելութիւնը Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակ

Fotor01017100520Պրիւքսել, 16 հոկտեմբեր, 2014.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Պարոն Աշոտ Ղուլեան այցելեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Պելճիքայի ՀՅԴ կոմիտէութեան, Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Երիտասարդական միութեան եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի, Վիքի Մարաշլեան, կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան, եւ «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» (Nowhere, A Story of Exile) գիրքի հեղինակ, Աննա Աստուածատրեան: Պարոն Աշոտ Ղուլեանին կ’ընկերակցէին դիւանագէտներ Արմինէ Ալեքսանեան եւ Վարդան Բարսեղեան:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Աշոտ Ղուլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ վեր առաւ պետականաշինութեան, ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան զարգացման ոլորտներուն մէջ Արցախի վերջին 20 տարիներու արձանագրած զարգացումը:

Պելճիքայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները վերստին հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը մի’շտ պատնէշի վրայ գտնուելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու համար, իսկ պարոն Ղուլեան անքակտելի համարեց Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, պարոն Աշոտ Ղուլեան Արցախեան շարժման 25-ամեակի յուշանուէր – մետալը յանձնեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին՝ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար իր տարած աշխատանքին համար:

Նշենք, որ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը Պրիւքսել կը գտնուի մասնակցելու համար «Ացախի ամիս» ձեռնակներու շարքէն մի քանի հատին՝ Աննա Աստուածատրեանի գիրքի ներկայացման, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով՝ Եւրոխորհրդարանէն ներս Արցախի անկախութեան 23-րդ ամեակին նուիրուած հիւրասիրութեան: Աւելի ուշ Եւրոպայի տարածքին պիտի ցուցադրուի «Թեւանիկ» ժապաւէնը, բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի ներկայութեամբ:

Տպել Տպել