22 Հոկտեմբեր 1975. Հայ Դատի պայքարին ուժական շղթայազերծումը

viennaՀոկտեմբեր 22ի այս օրը, 39 տարի առաջ, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ կատարուած ահաբեկչական յանդուգն գործողութիւն մը ցնցեց քաղաքական աշխարհը, ճեղքեց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ու Հայրենազրկումին շուրջ հաստատուած լռութեան պատը եւ տուաւ ազդանշանը Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծման։

Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, 22 Հոկտեմբեր 1975ի կէսօրին, երեք զինեալ երիտասարդներ ինքնաձիգ հրազէններով յարձակեցան Վիեննայի թրքական դեսպանատան շէնքին վրայ, սպաննեցին զէնքի դիմած պահակը եւ մտան դեսպան Հիւսէյին Տենիզ Թունէլճիլի գրասենեակը։

Յարձակման մանրամասնութիւնները փոխանցող թրքական կայքէջերուն համաձայն՝ ահաբեկիչները թուրք դեսպանին հարցուցած են, թէ ի՞նքն է դեսպանը եւ, հաստատական պատասխան ստանալէ ետք, բրիտանական ու իսրայէլեան արտադրութեան իրենց գնդացիրներով կրակած են դեսպանին վրայ։

Թուրք դեսպանը անմիջապէս մահացաւ, իսկ ահաբեկիչները արագօրէն դուրս եկան դեսպանատունէն ու, ինքնաշարժ նստելով, անյայտացան…

Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները անմիջապէս ողողուեցան իւրօրինակ այդ ահաբեկչութեան մանրամասնութիւններով՝ գործողութեան պատասխանատուները եւ ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը բացայայտելու հետեւողական, բայց ապարդիւն ճիգ թափելով։
Մամլոյ գործակալութեանց հետ հեռաձայնային կապ պահելով՝ անանուն տարբեր խօսնակներ, մինչ այդ հանրային կարծիքին անծանօթ ու ընդյատակեայ մէկէ աւելի կազմակերպութեանց անունով, ստանձնեցին Աւստրիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանին ահաբեկման պատասխանատուութիւնը։

Քաղաքական աշխարհը դեռ չէր մարսած պատահածը, երբ 2 օր ետք՝ 24 Հոկտեմբեր 1975ին, այս անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի բանուկ մէկ փողոցին վրայ, Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը՝ Իսմայիլ Էրեզ, պաշտօնական ընդունելութենէ մը իր պետական ինքնաշարժով դեսպանատուն վերադարձի պահուն, յանկարծ ինկաւ անծանօթ զինեալներու լարած ահաբեկչական թակարդին մէջ։

Թէ՛ թուրք դեսպանը եւ թէ իր վարորդը տեղւոյն վրայ սպաննուեցան փամփուշտներու տարափին տակ, իսկ ահաբեկիչները ինչպէս յայտնուած էին, այնպէս ալ կայծակնային արագութեամբ անյայտացան…

Թէեւ երկրորդ այս ահաբեկչութեան պարագային եւս միջազգային լրատուամիջոցները ի վիճակ չեղան ճշգրտելու ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը կամ յայտնագործելու անոնց հետքերը, այսուհանդերձ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ անունով մինչ այդ անյայտ եւ ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որուն անունով ստանձնում եղած էր նաեւ առաջին՝ Վիեննայի ահաբեկչութեան առիթով, պաշտօնական եւ ծաւալուն յայտարարութիւն մը հրապարակեց միջազգային լրատուամիջոցներով եւ ստանձնեց զոյգ ահաբեկչութեանց պատասխանատուութիւնը։

Ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը օրին, հայերէնի թարգմանուած, լոյս ընծայուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ մամուլի դաշնակցական թերթերուն կողմէ։
«Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ» անունը անմիջապէս լայն ու հոգեհարազատ արձագանգ գտաւ 1970ականներու պահանջատէր հայութեան, յատկապէս հայ երիտասարդութեան աշխարհասփիւռ զանգուածներուն մօտ։

Աշխարհով մէկ լոյս տեսած «Մարտիկներ»ու յայտարարութիւնը միջազգային հանրային կարծիքին, ցեղասպան թրքական պետութեան եւ աշխարհի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն կþազդարարէր՝

«Մենք հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք: Կը գործենք յանուն արդարութեան: Թուրքիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած մեր քայլը աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետություններուն պիտի յիշեցնէ, թէ Հայոց մոռցուած Ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ կը մնայ»:

Արդարության Մարտիկներու կազմակերպութիւնը իր յայտարարութեամբ կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը եւ Հայկական Հարցին արդարացի լուծումը: Յայտարարութիւնը դիտել կու տար, թէ Հայ Դատի արդարացի լուծման համար խաղաղ միջոցներով մղուած պայքարը ինքզինք սպառած է եւ թէ, ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով, Լռութեան անարդար Պատը ճեղքելու ճամբուն վրայ, «Մեր արդար դատի հետապնդման միակ միջոցը զինեալ պայքարն է»:

Ահա այսպէ՛ս շղթայազերծուեցաւ Հոկտեմբերի այս օրերուն, 39 տարի առաջ, Հայ Դատի ուժական պայքարին նորօրեայ զարթօնքը։

Թէեւ աննախընթաց չէր թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, թէեւ 1973ին Գուրգէն Եանիքեան իրագործած էր ահաբեկչական քայլ մը Մ. Նահանգներու մէջ՝ սպաննելով թուրք հիւպատոս մը, նաեւ՝ 1975ի Յունուարին Լիբանանի մօտ թուրք դիւանագէտ մը անյայտ պայմաններու մէջ ահաբեկուած էր, այսուհանդերձ՝ Վիեննայի եւ Փարիզի ահաբեկումները կանխած քայլերը կա՛մ վրէժխնդրական բնոյթ ունէին, կա՛մ քաղաքական հնչեղութիւն չունէին այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու միջազգային հրապարակ մուտքով։

Մինչեւ 1980ականներու առաջին կէսը Արդարութեան Մարտիկները շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը՝ առաջացնելով միջազգային հանրային կարծիքին մօտ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ի նպաստ քաղաքական անհրաժեշտ ճնշումը։
1975 թուականի Հոկտեմբեր 22ի եւ 24ի Վիեննայի ու Փարիզի թուրք դեսպաններուն ահաբեկումով թափ առած Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումը իր անմիջական պտուղները տուաւ Հայ Դատի քաղաքական արծարծման ճակատին վրայ։

Մէկ կողմէ Մ.Ա.Կ.ի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի գլխաւորութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններ ու ատեաններ սկսան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքական լուծում որոնել Հայկական Հարցին։

Իսկ միւս կողմէ, նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջ, սկսան աւելի բարձրաձայն հնչել Հայասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կատարելու կոչեր։

Այսպէ՛ս. Հայ Դատի պահանջատիրութեան ուժական շղթայազերծման բամբ ազդանշանը տուաւ Վիեննայի թուրք դեսպանին դէմ կատարուած 22 Հոկտեմբեր 1975ի ահաբեկչական գործողութիւնը։

Ազդանշանը՝ նաեւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մերօրեայ զարթօնքին, որ իր յաղթական արձագանգը պիտի գտնէր 13 տարի ետք թափ առած Արցախեան Շարժման մէջ։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել