ԱՄՆ Գերագոյն ատեանը Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու դատին մասին կառավարութեան տեսակէտը կը պահանջէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն կողմէ օտար ընկերութիւններէ վնասուց հատուցում պահանջելու իրաւունքին վերաբերող հարցը քննող՝ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը, դաշնակցային կառավարութեան ներկայացուցիչէն պահանջած է, որ ատեանին յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրէ՝ կառավարութեան կեցուածքին կապակցութեամբ:

«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերէն մնացած ապահովագրական ընկերութեանց եւ դրամատուներուն դէմ դատերուն կապակցութեամբ Գերագոյն ատեանին սոյն որոշումը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պետական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան, յոյս յայտնելով, որ ամերիկեան իշխանութիւնները առիթ չեն տար Թուրքիոյ կառավարութեան, որ ոտնակոխ ընէ ամերիկացի քաղաքացիներուն իրաւունքները:

Դաշնակցային կառավարութեան ներկայացուցիչը քանի մը ամիս ունի հարցը քննելու եւ կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքը ներկայացնելու համար 9րդ շրջանային ատեանի վճիռին կապակցութեամբ: Յիշեցնենք, թէ նշեալ ատեանը այս տարուան Փետրուար 23ին դէմ քուէարկած է Քալիֆորնիոյ այն օրէնքին, որ իրաւունք կու տար Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն, որ օտար ընկերութեանց դէմ դատեր բանալով՝ վնասուց հատուցում ապահովեն անոնցմէ: Դատական այս յետապնդումին մասին ամբողջական տեղեկութիւն ստանալու համար, այցելել Հայ Դատի www.anca.org/legal/insuranceclaims կայքէջը:

Տպել Տպել