Գոնկրէսի թեկնածուներ իրենց դիրքերը կը յստակացնեն Հայ Դատի կազմակերպած բանավէճին ընթացքին

ԷՆՍԻՆՕ, Քալիֆորնիա.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած բանավէճը առիթ հանդիսացաւ յստակացնելու Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ընտրութեանց իրենց թեկնածութիւնը դրած Պրետ Շըրմընի եւ Հաուըրտ Պըրմընի դիրքերը:

Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան քուէին համար պայքարող երկու թեկնածուները, որոնք կը պարտադրուին իրարու դէմ ճակատելու՝ քոնկրեսական ընտրատարածքներու սահմաններու փոփոխութեան պատճառով, հայութեան մօտիկ քոնկրեսականներ են. բան մը, որ կը դժուարացնէ անոնց միջեւ ընտրութիւն կատարելը:

Այս պատճառով է, որ բանավէճ կազմակերպուեցաւ եւ անոր ներկայ եղած աւելի քան 300 քաղաքացիներ առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու թեկնածուներու առաջարկներուն եւ կեցուածքներուն:

Բանավէճը համակարգողն էր հանրային յարաբերութեանց մասնագէտ եւ «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս»ի յօդուածագիր Զանգու Արմէնեանը, իսկ թեկնածուներուն հարցումներ ուղղեցին «Քալիֆորնիա Քուրիըր» օրա-թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանն ու «Ասպարէզ» թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանը:

Հարցումները կ՛առնչուէին զանազան հարցերու՝ սկսելով Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարաններու կրթաթոշակներու աճէն ու հասնելով մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի յաւելեալ օժանդակութեան ապահովման, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտրական կապերու սերտացման, æաւախքի հայութեան վիճակը բարելաւելու կարելիութիւններուն եւ Սաֆարովի ազատ արձակման հարցին:
Մասնակիցները նաեւ առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու թեկնածուներուն:

Երկու թեկնածուներն ալ յիշեցուցին ներկաներուն, թէ անցեալին ի՛նչ միջոցներով անոնք նեցուկ կանգնած են հայութեան:

Իր բացման խօսքին մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան յիշեցուց, թէ շրջանի հայութիւնը կենսական դերակատարութիւն ունի կատարելիք սոյն ընտրութեանց մէջ եւ կրնայ որոշիչ դեր խաղալ: «Այս ընտրութիւնը որքա՛ն կարեւոր է մեր համայնքին համար, նոյնքա՛ն ալ մեր համայնքը կարեւոր է ընտրութեան», ըսաւ ան:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ առաջ մղուող քուէարկողներ արձանագրելու արշաւը կը շարունակուի: Այդ մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.hyevotes.org կայքը:

Տպել Տպել