ՀՅԴ-ն Կը Պահէ Իր Կոչումը` Ըլլալով Յեղափոխական, Ազգային Ու Ընկերային Արդարութիւն Հետապնդող Կուսակցութիւն

mario

«Լիբանանահայութիւնը Կը Դառնայ Այն
Հիմնական Ազդակը, Որուն Շուրջ, Երբ Ժամանակը Գայ,
Պէտք Է Կառուցուի Նոր Միջին Արեւելքը»

Այսօր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ կը տօնէ իր հիմնադրութեան 124-ամեակը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ երեք դար շարունակ իր կոչումին ու առաքելութեան հաւատարիմ մնացած է: Ժողովուրդէն ծնած, հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումը կը պահէ` ըլլալով յեղափոխական, ազգային ու ընկերային արդարութիւն հետապնդող կուսակցութիւն, եւ իբրեւ առաջնորդ` իր ժողովուրդէն ստացած վստահութեամբ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը ե՛ւ սփիւռքի մէջ, ե՛ւ աշխարհին մէջ:

Դաշնակցութեան տօնակատարութիւնը կ՛ենթադրէ ձեզի հետ բաժնեկցիլ մեր միամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` մեր սպասումներն ու ակնկալութիւնները: Ասոր կողքին, պիտի ուզեմ անդրադառնալ այսօրուան բարդ իրավիճակին մէջ, տարածաշրջանային եւ ընդհանրապէս համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վերապահուած տեղին ու դերին` հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու զարգացման եւ անվտանգութեան համար:

Այսօր սեւծովեան ափերը լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուին: Սեւ ծովը, որ պէտք է բարեկամական ծով ըլլայ, 2008-էն սկսեալ ալեկոծ դարձած է իր ափերուն ապրող ժողովուրդներուն համար, երբ նոյն տարին` օգոստոսին, ռուս-վրացական ընդհանրումները տեղի ունեցան, եւ տարի մը առաջ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ հակամարտութիւնները աստիճանաբար գրեթէ հասան պատերազմի: Այսօրուան Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի լարուածութիւնը, քաղաքական անհասկացողութիւնը իր անդրադարձը ունի նաեւ Հայաստանի եւ Կովկասի վրայ: Հայաստանը, իբրեւ զարգացող երկիր, կը տուժէ նաեւ այդ հակամարտութիւններու լարուածութենէն: Հայաստանի համար մենք պէտք ունինք, որ Սեւ ծովը ըլլայ խաղաղ, իսկ Վրաստանը` կայուն եւ զարգացող ընթացքի մէջ: Հարեւան մը, որ իր երկրի մէջ գոյութիւն ունեցող փոքրամասնութիւնները իրաւատէր դարձնէ եւ բոլորը ընդունի համահաւասար կերպով: Այստեղ անխուսափելիօրէն պէտք է անդրադառնանք Թուրքիոյ վատ դերակատարութեան. ան իր ծաւալապաշտ եւ ապակայունացող քաղաքականութեամբ այսօր խախտած է միջազգային օրէնքի բոլոր կանոնները: Մեղսակից պետութիւնները լռելեայն կը զարմանան եւ կը դատապարտեն Թուրքիան, սակայն բան մը չի փոխուիր: Թուրքիան որոշած է իրագործել նորօսմանական իր ծրագիրը ոչ միայն արաբական աշխարհին մէջ, այլեւ կ՛ուզէ իր ծաւալապաշտութիւնը հասցնել մինչեւ Կովկաս: Թուրքիոյ նորօսմանականութեան այս նոր հանգրուանի արմատները պէտք է փնտռել սուլթանական Թուրքիոյ մէջ, յատկապէս` Թանզիմաթի երկրորդ շրջանին, որ ահաւոր հետեւանք ունեցաւ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն համար, վկայ` պուլկարները, յոյները, ասորիները եւ հայերը: Այս մէջբերումը պատահական չէ, որ կ՛ընեմ. Թուրքիան, որ իր վարչապետով, նախագահով, արտաքին գործոց նախարարով հաւանաբար կը ներկայացնէ այդ երկրին ամէնէն արմատական թեւը, որոշած է դադրիլ Արեւմուտքի միայն բանբերը ըլլալէ եւ ունի տարածաշրջանին համար իր սեփական օրակարգը, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ապակայունացման ծրագիրը`գործակցելով Ազրպէյճանին հետ: Ազրպէյճանը որոշած է արդէն իր մաշող ջղային քաղաքականութենէն անցնիլ աւելի յարձակողականի, որովհետեւ բանակցային գործընթացին մէջ յաջողութիւններ չկրցաւ արձանագրել: Օգոստոսի առաջին օրերու դէպքերը եւ օրեր առաջ ուղղաթիռի վար առնուիլը կ’ապացուցեն, որ Ազրպէյճեան որոշած է քայլ մը առաջ երթալ: Ուրախ ենք եւ հպարտ, որ Հայաստանի բանակն ու զինեալ ուժերը պատրաստ են հակադարձելու եւ կը զգան, որ ժամանակը հասած է արդէն աւելի վճռական ըլլալու:

Այս վտանգներու կողքին, պէտք է խոստովանինք, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական դաշտը անկայուն է, որովհետեւ անձնական նախասիրութիւնները պետական կառուցումը մէկ կողմ դրած են, եւ գերադասուած են հատուածական շահերը. եւ ահա ճիշդ հո՛ս է, որ պէտք է փորձել կարդալ ու տեսնել տողատակերու մէջ, թէ որքանո՛վ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կրցած է ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքով իր ներդրումը բերել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս նոր ծրագիրներու այս փուլին մէջ: Հպարտութեամբ կ’ըսենք, որ այսօր Հայաստան կը գտնուի սահմանադրութեան փոփոխութեան սեմին, բայց սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ինքնին ոչինչ կը ներկայացնէ, եթէ Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին մէջ արմատական փոփոխութիւններ չներառուին:

Սահմանադրական փոփոխութիւնը, ուր Հայաստան կը դադրի նախագահական ըլլալէ եւ կ՛անցնի խորհրդարանային պետութեան` հանրապետութեան, ի՞նչ անմիջական բարիք կը բերէ հայ քաղաքացիին, պարզ մարդուն, որ այսօր կը նկատուի միայն իբրեւ վաճառատան եւ առեւտուրի մէկ առակայ: Այս բոլորին մէջ եւ Հայաստանի յոռի բարքերուն մէջ կարեւորագոյնը Հայաստանի ձերբազատումն է փտածութենէ: Կարեւոր է նշել, որ Հայաստանի պետական համակարգի մէջ գոյութին ունեցող փտածութիւնը, որ ժառանգ մըն է ամբողջատիրական կարգերու օրերուն գոյութիւն ունեցող պետական համակարգէն եւ շատ արագ ձեւափոխուեցաւ ու շատ արագ կրցաւ յարմարիլ անկախ Հայաստանի պայմաններուն, պէտք է վերջ գտնէ:

Ասոր մէջ առաջին ու նախնական անփոխարինելի պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ պետութեան ուսերուն, սակայն միայն պետութեան ջանքերով կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել ասիկա, եթէ այս համահայկական եւ ազգային հասկացողութեան մաս չկազմէ. փտածութիւնը պետական համակարգի մէջ, ո՛ւր ալ ըլլայ, պէտք ունի ուժով, անխնայ պայքարի, սակայն` օրէնքի սահմաններուն մէջ: Բոլոր քաղաքական կազմակերպութիւնները պէտք է լարեն իրենց ուժերը` մղելու համար այս պայքարը: Կայ նաեւ աւելի՛ն. փտածութեան ծիրին մէջ կարգ մը մարդիկ տուողի, իսկ ուրիշներ ստացողի վիճակին մէջ գտնուելով` արագօրէն կը հարստանան, ապա այդ հարստութիւնը կը վերածեն քաղաքական լծակի եւ կը փորձեն, մեկնելով իրենց հատուածական կամ սեփական շահերէն, դառնալ քաղաքական գործօններ:

Ահա հոս է, որ մենք պէտք է պայքարինք: Խորհրդարանական պետութիւնը ինքնին բան պիտի չփոխէ, եթէ քաղաքական մշակոյթին մէջ փոփոխութիւն չմտցնենք: Քաղաքական ուժի կուտակումը, մեկնելով նիւթի հետապնդումէ եւ քաղաքական լծակներէն, պէտք է բախի քաղաքական հասկացողութեան նոր հանրապետութեան օրէնսդրութեան եւ օրէնքներուն: Ճիշդ է, որ եթէ մենք այսօր դիտենք Հայաստանի մաքրօտնտեսութեան չափանիշերն ու ցուցանիշերը, կը տեսնենք, որ Հայաստանը կը զարգանայ: Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնաբերութիւնը 2013 թուականին աճեցաւ 3,5 տոկոսով: Հայաստանի արտաքին պարտքը, համեմատած Հայաստանի ընդհանուր հարստութեան, հազիւ 37 տոկոսը կը հաշուէ: Եթէ բաղդատենք Հայաստանը իր դրացի երկիրներուն հետ, կը տեսնենք, որ կայ գործընթաց մը, որ ճիշդ ուղղութեամբ կ’ընթանայ, բայց ատիկա չի հասնիր պարզ քաղաքացիին, չի հասնիր պարզ մարդուն: Կը գրենք ու կը խօսինք, երբեմն ալ` նոյնիսկ անպատասխանատու ձեւով, որ կ’ապրինք ազգային ողբերգութիւններ, որոնցմէ հիմնականներէն է արտագաղթը:

Ճիշդ է, արտագաղթը գոյութիւն ունի, սակայն պէտք է վերջ տանք անոր: Այստեղ պետութիւնն ալ ունի պատասխանատուութիւն, բայց նաեւ արդար ու ճշմարիտ ըլլանք մենք մեզի հետ. եթէ հայ գործատէր մարդը իր ներդրումը չբերէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, եթէ գործ չստեղծէ, դժուար պիտի ըլլայ արտագաղթը կասեցնել: Հայ երիտասարդին, նորակազմ զոյգերուն կ’ըսենք, որ կեանքի միակ ելքը, որ իրենց առջեւ կայ, «Զուարթնոց» օդակայանն է, մինչդեռ իրենց կեանքի ելքը Հայաստա՛նը պէտք է ըլլայ, հայկական աշխա՛րհը, եւ ատիկա կարիքը ունի համահայկական ճիգերու:

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճեանի ծաւալած պայքարը, յատկապէս` միջազգային բեմերուն վրայ, մեզ պէտք է մղէ անդրադառնալու, թէ մենք իրաւունք չունինք մտածելու համար ժամանակ մսխելու, որ մենք իրաւունք չունինք հայ ժողովուրդի ուժականութիւնը եւ կարողականութիւնը բաժան-բաժան պահելու, որովհետեւ, պատասխանատուութեամբ կ՛ըսեմ, որ այսօր այդ հոսանքը, որ յատկապէս Ազրպէյճեանի` համաշխարհային բեմերուն վրայ եւ ատեաններուն մէջ ստեղծած ի նպաստ իրեն ժամանակի ընթացքին մեծ աւերներ գործեց հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգման գործին մէջ: Մենք կը հաւատանք, որ միացեալ ճիգը, հասկացողութիւնը` յանուն ազգային նպատակներու, ո՛չ հատուածական կամ սեփական շահի համար, անհրաժեշտութիւն է:

100-ամեակը մեզ կը դնէ անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր պէտք է բարձրացնենք այդ դրօշը, բայց մենք տակաւին բաւարար չափով հասունցած չենք, անձնական մրցակցութիւնները, մեր միջավայրը երբեմն չեն ներեր, որ մենք այդ նպատակները որպէս մէկ բռունցք կարողանանք գործադրել:

Քիչ առաջ կը խօսէինք Թուրքիոյ ծաւալապաշտ եւ ապակայունացնող քաղաքականութեան մասին, որուն հետեւանքները կ՛ապրին Միջին Արեւելքի մեր հայախօս համայնքները: ՀՅԴ-ն եղաւ եւ է՛ տակաւին սուրիահայութեան կողքին` առաջին իսկ օրէն անոր մատուցելով քաղաքական, բարեսիրական ամէն տեսակի զօրակցութիւն եւ օգնութիւն: Այս ճշմարտութիւնը լաւապէս գիտեն սուրիահայութեան պատասխանատուներն ու ղեկավար անձերը. սակայն ո՞վ պիտի վերցնէ Սուրիոյ հարցը, ո՞վ իր ուսերուն վրայ պիտի դնէ ու դատէ ապակայունացնող Թուրքիան, մեղսակից արեւմտեան պետութիւնները եւ գերպետութիւնները, որոնք լռելեայն հանդուրժեցին, որ հազարաւոր մարդիկ սպաննուին ու մեռնին, միլիոնաւոր ուրիշներ գաղթեն, մարդիկ, որ ա՛լ պիտի չունենան այն կեանքը, որ ունեցած էին դարերով կամ սերունդներով եւ մէկ օրէն միւսը դարձան գաղթականներ` կորսնցնելով իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը` փողոցները նետուելով:

Լիբանանահայութիւը ոչ միայն օրինակելի եղաւ եւ է՛ իր համայնքային կառոյցներով եւ քաղաքական կարեւոր ներդրումով, որ կը բերէ Միջին Արեւելքի, հայկական աշխարհի եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, այլեւ լիբանանահայութիւնը կը դառնայ այն հիմնական ազդակը, որուն շուրջ, երբ ժամանակը գայ, պէտք է կառուցուի նոր Միջին Արեւելքի: Մեր համայնքներուն դերը եւ տեղը գնահատելու համար լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը կարեւոր է: Քիչ առաջ կ՛ըսէինք, թէ արտագաղթի հարցի լուծման համար պէտք է միասնաբար եւ ազգային ճիգով պայքարինք. այստեղ յիշելով գորածատէրերու կարեւորութիւնը իրենց ներդրումներով` կու գամ գնահատելու լիբանանահայ գործատէրերու «ԱՌԻ» ծրագիրը, որ ոչ միայն օրինակելի է իր համաժողովրդային կառուցուածքով, այլեւ օրինակելի է, որովհետեւ խօսքէն անցաւ գործի եւ այսօր իր նպաստը կը բերէ Արցախի վերականգման, զարգացման եւ վերաբնակեցման գործին: Պարզ է բոլորիս համար, որ հայ ժողովուրդին առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները մեծ են: Քիչ առաջ ճիշդ կ՛ըսէր ԿԿ-ի մեր ներկայացուցիչը. «Երբեմն չենք կրնար մեր ոռոգման ջուրով ամէն տեղ հասնիլ, բայց պէտք է ճիգ թափենք», եւ կը թափե՛նք:

100-ամեակի տօնակատարութիւններէն առաջ պէտք է գնահատել, թէ մենք ի՛նչ ձեւով տասնամեակներու ընթացքին կրցանք կառուցել յիշողութիւն, ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ հատուցում նշանաբաններով մեր սփիւռքեան դիմագիծը, որուն միացաւ Հայաստան աշխարհը:

Յիշողութիւն, որովհետեւ մենք կարողացանք անհատական յիշողութիւնը դարձնել հաւաքական յիշողութեան, որ սփիւռքին տուաւ քաղաքական նոր դիմագիծ:

Ճշմարտութիւն, որովհետեւ մենք պայքարեցանք, կը պայքարիք եւ պիտի պաքարինք պատմութեան խեղաթիւրման բոլոր այն ճիգերուն դէմ, որ թուրք պետութիւնը իր դաշնակիցներով, քողարկուած եւ բացայայտ, կը փորձէ պատմութիւնը նորէն գրել:

Արդարութիւն, որովհետեւ մեր սերունդները արդարութիւն պահանջած են: Արդարութեան այս պայքարին մէջ մենք կարողացանք լռութեան պատը ճեղքել մէկ բռունցքով, որով մղեցինք քաղաքական մարտեր: Եւ հիմնականը նոր հանգրուանն է` հատուցումը: Հատուցում, որ կ՛ենթադրէ նաեւ իրաւական ծանօթութիւն եւ լուրջ քննարկում. այս ուղղութեամբ ՀՅԴ.-ն առաջին քայլը առած է արդէն. համազգային հասկացողութեամբ միջազգային համբաւ վայելող իրաւագէտներու ճամբով պատրաստած է թուղթ մը, որ անպայման չի ներկայացներ Դաշնակցութեան պաշտօնական դիրքորոշումը, սակայն կը յանձնուի հանրութեան, պետական այրերուն, որ մեկնակէտը դառնայ նոր հանգրուանին, ուր կարենանք յիշողութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան կողքին թեւակոխել դէպի հատուցման շրջանակ:

Խօսքս վերջացնելու համար պիտի ուզեմ երիտասարդներուն հասցնել պատգամ մը:

Լիբանանահա՛յ երիտասարդ, լիբանանահա՛յ դաշնակցական հայ երիտասարդ, ձեզմէ մեծ սպասումներ կան ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ հայրենի ժողովուրդին կողմէ, որովհետեւ դուք ժառանգորդն էք այն սերունդներուն, որոնք լռութիւնը ահազանգի վերածեցին, ինկած թեւերը` բռունցքի: Դուք պիտի ըլլաք համարձակ, նախաձեռնող, պարագաներու մէջ` ըմբոստ, սակայն` մի՛շտ կարգապահ: Մեր կուսակցութիւնը 124 տարիներու ընթացքին իր գաղափարախօսական կեդրոնացումով եւ գործունէութեան ապակեդրոնացումով կը յատկանշուի կարգապահութեամբ եւ դաշնակցական տիպարի գոյութեամբ: Եղէ՛ք այս բոլորին արժանապատիւ ժառանգորդները:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

Կեցցէ՛Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

* ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի արտասանած խօսքը արտասանուած ՀՅԴ-ի 124-ամեակի տօնակատարութեան, 21 նոյեմբեր 2014-ին:

Տպել Տպել