Ակնարկ. Պոլիվիան Եւ Հայոց Հայրենազրկումը

100 amyakՊոլիվիան հարաւային ամերիկեան տարածաշրջանի չորրորդ երկիրն է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Առաջին հարցումը հետեւողին համար այն է, որ Պոլիվիան ի տարբերութիւն Ուրուկուէյի եւ մանաւանդ Արժանթինի չունի հայկական գործօնի տարողունակութիւնը, քանակը եւ քաղաքական լծակի հանգամանքը: Այս տարբերութիւնը կայ նոյնիսկ Վենեզուելայի հետ համեմատութեամբ: Կարելի չէ անշուշտ բացարձակ հաստատումներ կատարել այն շարժառիթներուն մասին, որոնք Պոլիվիոյ խորհրդարանի երկու պալատները մղեցին յանգելու նման բանաձեւի: Այսուհանդերձ, Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերու հետեւողական աշխատանքը, համատեղման կարգով Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ գուցէ նաեւ պոլիվիահայ փոքրաթիւ համայնքի հանգամանքները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած ըլլան այս բանաձեւին որդեգրման մէջ:

Հայկական կողմի համադրուած աշխատանքը այլեւս օրինաչափ եւ ակնկալելի գործընթաց է նման որոշումներ ապահովելու համար: Քանի մը դիտարկում, այս առիթով, օգտակար կ՛ըլլան Պոլիվիոյ խորհրդարանի կայացուցած որոշումին քաղաքական մեկնաբանութիւնները կատարելու համար:

Կը թուի, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով թիրախաւորած աշխատանք սկսած է նաեւ այն երկիրներուն մէջ, ուր անպայման դասական կազմակերպ, ուժական եւ քաղաքական գործօնի հանգամանք նուաճած համայնքներ գոյութիւն չունին: Հարաւային Ամերիկան իբրեւ տարածաշրջան այս իմաստով անբարենպաստ ենթահող չէ եւ այս իրականութիւնը կրնայ նախանշել, որ միեւնոյն տարածաշրջանին մէջ այլ երկիրներ հետեւին Ուրուկուէյի, Վենեզուելայի, Արժանթինի եւ այժմ Պոլիվիոյ օրինակին:

Պոլիվիան սակայն, այս ռազմավարութեան իբրեւ ցուցանիշ ենթադրաբար պիտի աշխուժացնէ հակառակորդը, որ այլապէս ալ թրքական եւ ազրպէյճանական դիմագիծերով կը փորձէ ազդել տեղւոյն իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան վրայ: Արժանթինի մէջ հայկական կողմի տարած յաղթանակը թրքականին վրայ անպայման ուժերու վերահաշուարկի մղած է ոչ միայն Անգարան, այլ նաեւ Պաքուն` այս տարածաշրջանին մէջ առաւելներ ձեռք ձգելու համար: Քաղաքական պայքարը կրնայ թէժանալ հարաւային ամերիկեան այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական համայնքները դասական ըմբռնումով գոյութիւն չունին: Նաեւ` թրքականներն ու ազրպէյճանականները, ինչ որ մտածել կու տայ պետական ճիգերու բազմապատկման անհրաժեշտութեան մասին:

Բանաձեւը իր ամբողջութեան մէջ դիտարժան կէտեր կը պարփակէ.

«1915 թուականի Ապրիլ 24-ի գիշերը Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւնները, Միութիւն եւ կուսակցութեան առաջնորդները, Երիտթուրքերը սկսան հայ մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու, գիտնականներու, գրողներու, արուեստի գործիչներու, հոգեւորականներու, բժիշկներու, հասարակական գործիչներու եւ մասնագէտներու ձերբակալութիւնները, ծրագրուած աքսորները, իսկ այնուհետեւ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի եւ Անատոլիոյ տարածքներուն մէջ հայազգի քաղաքացիական բնակչութեան զանգուածային ջարդերը»:

Խորհրդարանի երկու պալատները «կը հաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքներուն, ճշմարտութեան եւ արդարութեան արժէքներուն, կ՛արտայայտեն իրենց զօրակցութիւնը եւ կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած մարդկային ծանր յանցագործութեան ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը»:

Ցեղասպանութիւն գործադրողներու էութեան ընդգծման շեշտադրումը յստակ է առաջին իսկ տողէն: Օսմանեան կայսրութիւն, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն, Երիտասարդ թուրքեր: Կը խօսի հայ մտաւոր ուժի ծրագրուած սպանդին, տեղահանութեան, եւ ապա զանգուածային բնաջնջման մասին: Ցեղասպանութիւնը կը դիտարկուի իբրեւ մարդկային իրաւունքի, ճշմարտութեան եւ արժէքներու ուղղակի հակադրուող երեւոյթ, զոհը կը ստանայ Պոլիվիոյ պաշտօնական զօրակցութիւնը, ցեղասպանը` դատապարտանքը: Այժմէական բաժին եւս ունի բանաձեւը այն առումով, որ կը դատապարտէ Անգարայի այսօրուան ժխտողական քաղաքականութիւնը:

Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտանքի առումով բաւական ամբողջական է բանաձեւի բովանդակութիւնը: Աւելի՛ն: Խօսելով զանգուածային տեղահանութեան եւ մանաւանդ Արեւմտեան Հայաստանի մասին, պոլիվիական բանաձեւը հաւանաբար իր ներառած բովանդակութեամբ եւ օգտագործած բառապաշարով կ՛առանձնանայ ցարդ քուէարկուած բանաձեւերէն: Այստեղ հայրենազրկումի գաղափարը այնքան ցայտուն է, որ ճանաչումէն եւ դատապարտանքէն քայլ մը անդին կ՛անցընէ բանաձեւային պայքարի փիլիսոփայութիւնը:

Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն մէջ Արեւմտեան Հայաստան հասկացողութիւնը ներառելը հայրենազրկումի գաղափարն է. միաժամանակ նաեւ տարածքային մեր պահանջատիրութեան իրաւաքաղաքական ամրագրումներուն կարեւոր մեկնակէտը: 100-ամեակի առիթով նախանշուող այս բանաձեւային արշաւի պոլիվիական մեկնարկը ռազմավարական կարեւորագոյն ուղերձ կը փոխանցէ: Տարածքային պահանջատիրութեան մեր աշխատանքներուն մէջ օգտակար կ՛ըլլայ պոլիվիական բանաձեւին յղում կատարելը:

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել