ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի հանդիպումները Ամին Ժեմայէլի եւ զօր. Աունի հետ

Զօրավար Աունի հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աշխատանքները համակարգող Փիեռ Ռաֆֆուլ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, Ազգային երկխօսութեան նիստը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

* * *

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան մէկ պատուիրակութեան։

Մխիթարեան եւ Ժեմայէլ

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ գոհունակութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յ. Մխիթարեանի, երեսփոխան Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին համար` աւելցնելով, որ պատմութիւնը վկայ է Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ տասնամեակներու վրայ երկարող յարաբերութեան, որ ազգային յարաբերութիւն է եւ հիմնուած միացեալ նպատակներու եւ սկզբունքներու վրայ:

«Քաղաքականութեան մէջ կան ամրան ամպեր, որոնք երբեմն երկարատեւ կ՛ըլլան, սակայն անոնք երկու կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութեան էութեան եւ անոր ազգային խորքին վրայ չեն ազդեր, որովհետեւ քաղաքական այդ երկու կազմակերպութիւններուն համար կարեւոր է պահպանել երկրին գերիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը: Այս հանգրուանին մենք խիստ կարիքը ունինք այս զգացումներուն եւ մեր սկզբունքներուն ու կեցուածքներուն նկատմամբ յանձնառութեան», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ան աւելցուց, որ ինք առաջին անգամն է, որ «Շաղզոյեան» կեդրոն կ՛այցելէ` նշելով, որ ինք այցելած է ՀՅԴ-ի այլ կեդրոններ:

«Ես իսկապէս տպաւորուած եմ կուսակցութեան կազմակերպուածութեամբ, անոր տարած քաղաքական խորքային աշխատանքով ու կուսակցական աշխուժութեամբ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ ՀՅԴ-ին», նշեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ իր ունեցած հանդիպումը Ժեմայէլ նկատեց արդիւնաւէտ եւ օգտակար` նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է երկրին ընդհանուր իրավիճակը: «Մենք կարիքը ունինք այնպիսի կուսակցութիւններու, որոնք լիբանանցին կ՛արմատացնեն իր հողին վրայ, եւ մենք տեղեակ ենք, թէ գոյութեան այդ պայքարին իմաստով կարգ մը շրջաններու մէջ ՀՅԴ որքան ջանքեր ի գործ կը դնէ` դիմադրելով բոլոր ճնշումներուն, որոնք կը գործադրուին` հողերու վաճառքի եւ այլ ձեւերով: Մեզի համար կարեւոր կը նկատենք փոխադարձ գործակցութիւնը` ամրապնդելու համար լիբանանեան հողին վրայ մեր ներկայութիւնը եւ արգիլելու համար արտագաղթը: Այս հարցը միացեալ հարց մըն է, որուն շուրջ մենք կ՛աշխատինք եւ կը մաղթենք, որ այս իմաստով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ մեր յարաբերութիւնները ամրապնդուին», շեշտեց ան:

Ժեմայէլ ըսաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ քննարկած է նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստը, որուն հրաւիրած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը` նշելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնն ու ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցին նախագահ Սլէյմանի կեցուածքին եւ անոր նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է համախմբել բոլոր լիբանանցիները եւ անոնց միջեւ համախոհութիւն գոյացնել շարք մը սկզբունքներու շուրջ:

«Այդ սկզբունքներն են, որոնք պէտք է հովանաւորեն Ազգային երկխօսութեան նիստը` հասնելու համար այնպիսի արդիւնքներու, որոնք կ՛երաշխաւորեն երկրին ազգային գերագոյն շահերը եւ գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին օրէնքի եւ սահմանադրութեան գործադրութեան: Այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ փրկել Լիբանանը եւ վերջ տալ անոր վրայ պարտադրուած այնպիսի իրադարձութիւններուն, որոնք երբեք չեն ծառայեր երկրին շահերուն», յայտնեց Ժեմայէլ:

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ արդեօք այս հանդիպումը պիտի յանգի՞ ընտրական դաշինքի մը, Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ իսկական դաշինք մը կայ ազգային անխախտելի սկզբունքներուն շուրջ: «Երկու կուսակցութիւնները միացնող կէտերը շատ աւելի են, քան` զանոնք բաժնող կէտերը, հակառակ ամրան այդ հզօր ամպերուն, որոնք երբեմն իսկական տեսողութիւնը կը խանգարեն, բայց եւ այնպէս պէտք է բարձրանալ եւ երկրին շահերուն մասին մտածել: Իսկ ինչ կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ապա նախ եւ առաջ պէտք է տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ընտրական օրէնքը եւ երկրին քաղաքական ու ազգային իրավիճակը, եւ ըստ այնմ որոշենք մնացեալը», ըսաւ Ժեմայէլ:

Զահլէ կատարելիք իր այցելութեան եւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի հետ իր ունենալիք հանդիպումին հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժեմայէլ ըսաւ, որ այդ այցելութիւնը ինք ազգային շրջագիծի մէջ կը զետեղէ` աւելցնելով, որ իրենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեն եւ իրենց սրտերը բաց են բոլորին նկատմամբ: «Այս առիթով պէտք է ըսեմ, որ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը հոգեւոր եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու խումբ մը հրաւիրած է, եւ ես պատրաստ եմ հանդիպում ունենալու բոլոր անոնց հետ, որոնք պիտի ընդառաջեն առաջնորդին հրաւէրին: Զահլէի հետ մեր յարաբերութիւնները հին են, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Զահլէի եւ անոր աւանդներէն բխած մարմին մըն է, իսկ մենք այս կամ այն քաղաքական ուժին միջեւ խտրութիւն չենք դներ, որովհետեւ մեզի համար Զահլէն սիրելի է, եւ ես ինքզինքս կը նկատեմ Զահլէի ամբողջ բնակչութեան հիւրը», շեշտեց Ժեմայէլ:

Ան աւելցուց, որ Զահլէ իր այցելութիւնը արագ պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ ինք պիտի հիւրընկալուի քաղաքական ղեկավարութիւններու եւ հոգեւոր պետերու կողմէ` նշելով միաժամանակ, որ ինք ոչ մէկ հանդիպումի իմաստով վերապահութիւն պիտի յայտնէ:

Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժեմայէլ շեշտեց, որ Պքերքէի յանձնախումբը մնայուն կերպով կը հանդիպի եւ ըստ երեւոյթին այդ յանձնախումբը կրցած է գործնական առաջարկներու յանգիլ: «Պքերքէի յանձնախումբը կրցած է յանգիլ որոշ պատկերացումի մը, որ կրնայ լուրջ խորհրդակցութիւններու սկիզբը ըլլալ: Սակայն այդ մէկը պէտք է շատ արագ կերպով կատարուի, որովհետեւ մեզի երեսփոխանական ընտրութիւններէն միայն տասը ամիս կը բաժնէ, եւ մենք կը ձգտինք նոր ու արդիական օրէնքի մը», հաստատեց Ժեմայէլ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ճաշի հիւրը ըլլալուն համար:

Իր կարգին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յ. Մխիթարեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը միացնող կէտերը, յատկապէս` ազգային անխախտելի սկզբունքներուն եւ հիմքերուն առումով, շատ աւելի են, քան զանոնք իրարմէ բաժնող կէտերը: «ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իսկապէս պատմական յարաբերութիւններ ունին», ըսաւ Յ. Մխիթարեան` ընդգծելով, որ «ոչինչ կ՛արգիլէ, որ լիբանանցիները իրարու հետ հանդիպին, յատկապէս նկատի ունենալով ՀՅԴ-ի սկզբունքները, որոնք բոլոր լիբանանցիներուն հետ հանդիպելու վրայ հիմնուած են: Եւ մասնաւորաբար Լիբանանին եւ շրջանին դիմագրաւած ներկայ զգայուն պայմաններուն լոյսին տակ, այդ հանդիպումները պէտք է կայանան Ազգային երկխօսութեան նիստին շրջագիծին մէջ կամ լիբանանեան կուսակցութիւններուն միջեւ հանդիպումներու ձեւաչափով», ըսաւ ան:

Յ. Մխիթարեան շեշտեց, որ իշխանութեան վրայ թէ ընդդիմադիր շարքերուն մէջ եղող քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւնները մեծ պատասխանատուութիւն ունին, եւ անոնց միջեւ պէտք է անպայման համաձայնութիւն ու հասկացողութիւն գոյութիւն ունենայ: «Համոզուած եմ, որ լիբանանցիները գիտակից են տագնապը շրջանցելու եւ Լիբանանի համար դրական ապագայ մը ապահովելու, հակառակ շրջանին դիմագրաւած դժուար կացութեան», ընդգծեց Յ. Մխիթարեան:

ՀՅԴ-ի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Մխիթարեան հաստատեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ յատկապէս այս երկու կուսակցութիւններուն այսօրուան հանդիպումը կը հանգստացնէ լիբանանահայութիւնը եւ յատկապէս Մեթնի բնակչութիւնը: «Իսկ լիբանանցին, անկախ իր տարակարծութիւններէն, միշտ ալ հանդիպելու, հաղորդակցելու եւ երկխօսութիւն կատարելու տրամադրութիւն ունի», եզրափակեց Յ. Մխիթարեան:

Տպել Տպել