Հ.Յ.Դ. 124-րդ ամեակի հանդիսութիւն, Սփիւռքի մայր գաղութ` Հալէպի մէջ

Halep124
ՀԱԼԷՊ, «ԳԱՆՁԱՍԱՐ» – 124 Տարի Մտքի, Կամքի եւ Խղճի Երթ» բնաբանով Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2014ի երեկոյեան ժամը 5:00ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծննդեան 124րդ տարեդարձի ժողովրդային հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ Բ.-ի Ներկայացուցիչ Ընկ. Հրանդ Մարգարեանի, Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոսին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Հոգեւոր Պետերուն, Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Ազգային Վարչութեան, Ազգային, մարզական, մշակութեային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ՄՏՔԻ, ԿԱՄՔԻ ՈՒ ԽՂՃԻ երթին հաւատացող Հալէպահայ հոծ բազմութեան: Hrant1

Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն յաջորդեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող Հայերէն բացման Խօսքը, Ընկհ. Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեանի կատարողութեամբ, որ Դաշնակցութեան օրը որպէս հաշուեհարդարի Օր նկատեց եւ բացուած յայտարարեց օրուան հանդիսութիւնը, ապա արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկ. Ճորճ Պապեան, որմէ ետք յեղափոխաշունչ երեք երգերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Տիար Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` Օրդ. Ռուզան Պարսումեանի:

Ապա ներկաները հետեւեցան տեսաերիզի մը «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւնն ու անոր ներդրումը Սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հալէպահայութեան կեանքին մէջ» խորագրով: Գեղարուեստական յայտագրին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին` Ընկ. Նշան Փափազեան եւ Օրդ. Ռուզան Պարսումեան նուագով, Ընկ. Գէորգ Շահինեան եւ Ընկհ. Նանոր Մինասեան Ասմունքով եւ Պրն. Յովիկ Գլընճեան մեներգով:FotorCreated

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Օրուան Բանախօս Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Ներկայացուցիչ Ընկ. Հրանդ Մարգարեանը, որ Հայաստանի Քաղաքական ներկայ անցուդարձերուն շուրջ ընդհանուր ակնարկ մը ներկայացնելէ ետք կոչ ուղեց Սուրիահայերուն գոտեպնդուելու եւ տոկալու բոլոր դժուարութեանց:

Օրուան հանդիսավարներ` Ընկհ. Վարդենի Խուտեցեան եւ Ընկ. Յարութ Տէկիրմէնճեան հերթաբար ներկայացուցին ստացուած շնորհաւորագրերը: Աւարտին, Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, իր սրտի խօսքին մէջ հանգամանօրէն մարմնաւորեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ըսելով, որ Մտքի, Կամքի եւ Խղճի տէր Կուսակցութիւն ըլլալ կը նշանակէ ամբողջական մարդ ըլլալ, որ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու ժողովուրդի ամբողջական իղձերը դրսեւորողը եղաւ 124 տարիներ շարունակ, ապա մատնանշեց, որ 124րդ տարեդարձը լրջանալու, ինքնաքննութեան, հաշուեքննութեան եւ ինքնասրբագրման լաւագոյն պահն է, ուր մեր յուսադրող կամքը, նուիրական ծառայութիւնը հարկ է կենսունակօրէն գործի վերածել ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար:kandzasar

Հուսկ, Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց փոխակերպուելու` հոգեպէս, մտային մեր ներաշխարով եւ յատկապէս մեր կեցուածքներով, կերտելու նորանոր նուաճումներ:

Հ.Յ.Դ. 124րդ ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:

Տպել Տպել